ԱԿՆԱՐԿ - 61 - ԿԱՐԴԱԼՈՒ ԱՐՈՒԵՍՏԸ

Վստահաբար շատեր պիտի համաձայնին, որ կարդալը զբաղում մը ըլլալէ անդին ու վեր, մասնագիտութիւն մըն է, աւելի ճիշդ՝ արուեստ մըն է: Այդ արուեստին տիրապետողներն են միայն, որ իրենց կարդացածէն բան կը հասկնան, իրենց կարդացածը կ՚արժեւորեն ու կը գնահատեն: Աւելին, այդ մասնագիտութեան տիրացողներն են, որոնք կրնան ճշգրիտ կերպով գրութեան մը դրական կողմերը լաւագոյն արժեւորել, իսկ թերութիւնները՝ մատնանշել: Թերութիւնները մատնանշելու պարագան գրողներուն համար լաւագոյն միջոցն ու առիթն է, սրբագրելու կամ ամբողջացնելու իրենց բաց թողածը…:

Գիրքը մարդուն ամէնօրեայ ընկերն է, որով եւ կարդալը ամէնօրեայ եւ ամենէն մտերիմ ընկերակիցը: Մարդէն կախում ունի ընտրել իր ընկերը, որու հետ պիտի ճանապարհորդէ օր մը, կամ մի քանի օրեր:

Վերը նշեցի, թէ կարդալը արուեստ է: Առ այդ, 8 ապրիլ 2014-ին այս մասին մեր մտորումները յանձնած ենք թուղթին՝ «Կարդալու արուեստը» խորագիրով: Այսօր, այդ մտորումները կը յանձնենք մեր ըներցողներու ուշադրութեան:

Կրնայ ըլլալ որ տեղին չէ այս կարճ գրութիւնս, բայց անհրաժեշտութեան համար ուզեցի արձանագրել այս մի քանի տողերը, որոշ պարզաբանումներ կատարելու համար կարդալու եւ հասկնալու միջեւ եղող տարբերութիւնը ցոյց տալու համար տեղեկատուական դաշտէն ներս:

Մեզմէ շատերը վստահ եմ, որ ամէնօրեայ դրութեամբ տարբեր-տարբեր օրաթերթերու եւ դիմատետրային տարբեր-տարբեր էջերու կը հետեւին, նորութիւններ իմանալու համար։ Բնական երեւոյթ մըն է այս մէկը այսօրուան ընկերութեան համար, ուր արուեստագիտութիւնը իր թեւերը լայնօրէն տարածած է ամէն ուղղութիւններով:

Կարդացողներու չորս տարբեր խումբեր կան սակայն.

ա) Անոնք որոնք կը կարդան եւ ճշգրտութեամբ կը հասկնան գրուածները։ Այս խումբին կը պատկանին բոլոր անոնք, որոնք իրենց կարդացածներուն մէջ իրականութիւնն է որ կը փնտռեն, իրապաշտօրէն կը մօտենան առանց այլեւայլ բաներ փնտռելու իրենց կարդացածին մէջ:

բ) Անոնք որոնք կը կարդան եւ կը դժուարանան հասկնալու, որովհետեւ իրենք իրենց ներսիդին քարացած համոզումներ կազմած են, որոնց դռներուն դիմաց երբ որեւէ մէկ բան գայ, որ հակառակ է այդ համոզումներուն, եւ առաջին հերթին կը փորձեն իրենց կարդացածը պատշաճեցնել իրենց համոզումներուն եւ ամէն ինչ դիտել այդ համոզումներու լոյսին տակ, ու չյաջողելու պարագային հեռու կը վանեն: 

գ) Երրորդ խումբին մէջ կ՚իյնան բոլոր անոնք, որոնք ոչ միայն չեն հասկնար իրենց կարդացածը, այլ՝ ամէն ջանք կը թափեն կեղծելու գրուածները եւ կամ քմահաճ մեկնութիւններ կատարել այդ ուղղութեամբ, մարդոց ուշադրութիւնը շեղելու համար. այս մէկը կը կատարուի յատուկ քաղաքականութեամբ եւ այդպիսիները ծրագրուած է որ կը կատարեն այդ մէկը:

դ) Չորրորդ խումբին մէջ եղողները անոնք են, որոնք գործ ու բան չունին եւ զբաղում կը փնտռեն, ու իրենց հասկցածն ու չհասկցածը իրար խառնելով պարզապէս քաոսային վիճակներ կը ստեղծեն, պղտորելով հասարակութեան միտքը:

Չորս խումբերու անդամներն ալ կը կարդան, հետեւեալ տարբերութեամբ սակայն.

Առաջին խումբի անդամներուն ուղղութիւնը կառուցողական է, որովհետեւ իրապաշտ են:

Երկրորդ խումբի անդամներուն ուղղութիւնը քայքայող է, որովհետեւ նախապաշարումի վրայ հիմնուած է:

Երրորդ խումբի անդամներուն ուղղութիւնը պառակտեցուցիչ է, որովհետեւ կը միտի զանազանութիւններ ստեղծելու՝ ժխտական իմաստով:

Չորրորդ խումբի անդամներուն ուղղութիւնը ապականիչ է, որովհետեւ կը միտի միտքերը պղտորեցնել:

Մեզմէ իւրաքանչիւրը, ո՞ր խումբին կը պատկանի արդեօք։

Պատասխանը կը մնայ մեզմէ իւրաքանչիւրին:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Ապրիլ 4, 2024