ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԲԱԼԱՍԱՆ
Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու յայտարարեց, որ ընտրութիւնը թոյն մը չէ, այլ ընդհակառակն՝ բուժում մը։ ԱՔ կուսակցութեան հիմնադրութեան 14-րդ տարեդարձին առթիւ կազմակերպուած հաւաքոյթին ընթացքին Տավուտօղլու ունեցաւ ելոյթ մը։ Ան այս առթիւ մեկնաբանեց Յունիսի 7-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն յաջորդած մթնոլորտը։ Ըստ իրեն, անցնող երկու ամիսներուն ընթացքին կարգ մը շրջանակներ ակնկալեցին, թէ Թուրքիոյ մէջ ճգնաժամ մը պիտի ստեղծուի, քաոս մը պիտի յառաջանայ, սակայն անոնք բառին բուն իմաստով ձախողեցան։ «Այդ օրէն ի վեր դէմ յանդիման մնացինք բազում դժուարութիւններու, սակայն չշեղեցանք օրինականութեան գիծէն ու որեւէ ձեւով չթոյլատրեցինք, որ երկրին մէջ նոյնիսկ պահ մը ղեկավարման պարապութիւն ապրուի», ըսաւ ան։
Ծանօթ է, որ ՃՀՓ-ի հետ ԱՔ կուսակցութեան միջեւ՝ համախոհական իշխանութիւն մը ձեւաւորելու որոնումներէն վերջ Տավուտօղլու ժամադրութիւն խնդրած է ՄՀՓ-էն։ Այս վերջնոյն կուսակցապետին՝ Տեւլէթ Պահչելիի հետ Ահմէտ Տավուտօղլու պիտի տեսակցի յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին, սակայն այդ տեսակցութեան ընդառաջ ան կարգ մը քննադատութիւններ հասցէագրեց ՄՀՓ-ին։ Վարչապետին խօսքերով, ՄՀՓ բոլորին պարտակնութիւն մը, դեր մը կը վերապահէ, ինչ որ անյարիր է քաղաքական պատասխանատուութեան։ «Մարդուն կը հարցնեն, թէ դուն ի՞նչ պիտի ընես, ի՞նչ ընել կը մտածես», ըսաւ ան։
Բոլոր կուսակցութիւններու ղեկավարներուն կոչ ուղղելով՝ Ահմէտ Տավուտօղլու ըսաւ, թէ որեւէ պարագայի մէջ ընտրութիւնը թոյն մը չէ, ազգին կամքը բալասան է։
Տավուտօղլուի եւ Պահչելիի միջեւ տեսակ-ցութիւնը տեղի պիտի ունենայ Երկուշաբթի, Ազգային մեծ ժողովի երդիքին տակ։ Երկու կուսակցութիւններու շրջանակներէն փո-խանցուած պատգամներուն հիման վրայ կարելի է ենթադրել, թէ հիմնական փոփո-խութիւն մը պիտի չապրուի, եթէ չպատահի մեծ անակնկալ մը։
Քաղաքական մեկնաբաններու կարծիքով, Անգարայի մէջ արդէն բոլորը հետզհետէ կը կեդրոնանան կանխահաս ընտրութեան վրայ։ Ըստ երեւոյթին հիմնական երեք վարկածներ գոյութիւնունին այս առումով։ Առաջինը՝ խորհրդարանի կողմէ ընտրութեան որոշման մը ընդունուիլն է։ Երկրորդ ճանապարհն է՝ փոքրամասնական կառավարութեան մը ձե-ւորուիլը, երկիրը ընտրութեան տանելու հեռանկարով։ Վերջին՝ երրորդ վարկածն է՝ նախընտրական կառավարութեան մը ձեւաւորուիլը։ Այսինքն, եթէ սահմանադրու-թեամբ նախատեսուած 45 օրուան ժամկէտին ընթացքին կառավարութիւնը չստեղծուի, ապա հանրապետութեան նախագահը կրնայ խորհրդարանի նախագահին հետ տե-սակցելով ձեռնարկել ժամանակաւոր կառավարութեան մը ձեւաւորման՝ միշտ կանխահաս ընտրութեան հեռանկարով։ Եթէ այս վարկածը իրականանայ, ապա իւրաքանչիւր կուսակցութիւն Նախարարաց խորհուրդէն ներս պիտի ներկայացուի՝ խորհրդարանի երդիքին տակ ունեցած աթոռներուն համե-մատութեամբ։