ՍԱՂԻՄԱՀԱՅ ԿԱՌՈՅՑՆԵՐԸ ԱՀԱԶԱՆԳ ԿԸ ՀՆՉԵՑՆԵՆ ՖԻԶԻՔԱԿԱՆ ԳՈՅՈՒԹԵԱՆ ՈՒՂՂԵԱԼ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔՆԵՐՈՒՆ ԴԷՄ

Հայ Երուսաղէմի դիմագրաւած մարտահրաւէրները կը շարունակեն անմիջական ուշադրութեան առարկայ դառնալ հայ իրականութեան օրակարգին վրայ։ Շաբաթավերջին սաղիմահայութիւնը հերթական ահազանգը հնչեցուց՝ ազգապատկան «Կովերու պարտէզ» կալուածի գործարքով պայմանաւորուած տագնապին զուգահեռ։ Այսպէս, «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Երուսաղէմի հայ համայնքի ընկերային, բարենպատակ, երիտասարդական ու քաղաքական կազմակերպութիւններն ու միութիւնները, ինչպէս նաեւ «SavetheArQ» շարժման ներկայացուցիչները միջազգային հանրութեան կոչ ուղղեցին, որպէսզի վճռորոշ պահուն աջակցութիւն ցուցաբերուի Երուսաղէմի պատմական հայկական թաղամասը պաշտպանելու ուղղութեամբ։ Յայտարարութիւնը տարածուած է «SavetheArQ» շարժման կողմէ։ Յայտարարութեան միացած են նաեւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, Ռամկավար ազատական կուսակցութիւնը, Հայոց թաղի պահպանութեան ու պաշտպանութեան շարժումը, Երուսաղէմի հայկական բարեսիրական միութիւնը, Հայ երիտասարդաց միութիւնը, Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութիւնը եւ Հայ օգնութեան միութիւնը։

Սաղիմահայութեան քաղաքական ու բարենպատակ այս կառոյցներուն կողմէ ստորագրուած յայտարարութեան պատճառ դարձած է՝ վերջին օրերուն Իսրայէլի ոստիկանութեան կողմէ կատարուած բռնի գործողութիւնները։ Հակառակ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան եւ սաղիմահայ համայնքին կողմէ յարուցուած շարունակական դատական գործընթացներուն՝ ուղղուած «Կովերու պարտէզ»ի ապօրինի գործարքի չեղեալ յայտարարման, Իսրայէլի ոստիկանութիւնը այժմ միացած է իսրայէլացի այն վերաբնակներուն, որոնք աշխուժօրէն կը սրեն լարուածութիւնը ու կը փորձեն տեղւոյն վրայ բռնի ուժով փոխել իրադրութիւնը։

«Խիստ վտանգուած է Երուսաղէմի մէջ մեր 1600-ամեայ ներկայութիւնը։ Հայոց Պատրիարքարանի եւ Երուսաղէմի հայ համայնքի պատմական գոյութիւնը այժմ վտանգի տակ է։ Կը խնդրենք միջազգային հանրութենէն՝ ճանչնալ Երուսաղէմի մէջ մեր մշակութային եւ պատմական ժառանգութեան նշանակութիւնը եւ կանգնիլ մեր կողքին՝ ի պաշտպանութիւն Երուսաղէմի մէջ հայութեան գոյութեան իրաւունքի։ Հայկական թաղամասը զուտ աշխարհագրական տեղանուն մը չէ, սա մեր մնայուն ներկայութեան եւ ինքնութեան խորհրդանշանն է։ Անոր նկատմամբ որեւէ ոտնձգութիւն ոչ միայն կը խաթարէ մեր համայնքն ու Պատրիարքարանի իրաւունքները, այլեւ կը սպառնայ ոչնչացնել Հին քաղաքի խճանկարը», ընդգծուած է յայտարարութեան մէջ։ Ի լրումն այս բոլորին, յայտարարութեան բովանդակութեան մէջ ընդգծուած է, որ «Կովերու պարտէզ»ին վրայ Իսրայէլի ոստիկանութեան կողմէ կատարուած վերջին միջամտութեան ընթացքին մնացեալ բոլոր տարրերը եղած էին զինեալ՝ բացի հայերէն։ Ուստի, շեշտուած է, որ պէտք է գերիշխէ օրէնքի գերակայութիւնը։ Իսրայէլացի վերաբնակներու ապօրինի եւ բռնի ոտնձգութիւնները տեղի ունեցած են Իսրայէլի ոստիկանութեան աջակցութեամբ։ «Մեր ֆիզիքական անվտանգութիւնը, իրաւական գործընթացները եւ սիթաթիւքոն պէտք է պաշտպանուած ըլլան։ Այս պահուն Իսրայէլի ոստիկանութեան եւ վերաբնակներու ձեռնարկած գործողութիւններու հետեւանքով բոլորը վտանգուած են։ Մեր ժառանգութեան պաշտպանութիւնն ու պահպանումը ոչ միայն պարտականութիւն է, այլեւ յարգանքի հանդուրժողութեան եւ մշակութային բազմազանութեան ընդհանուր արժէքներու վկայութիւն, ինչ որ պէտք է պահպանուի Երուսաղէմի մէջ։ Այս արժէքները այժմ վտանգուած են ո՛չ միայն իսրայէլացի վերաբնակներու կողմէ, այլեւ՝ Իսրայէլի ոստիկանութեան ուժերուն իսկ կողմէ, որոնք կը պաշտպանեն զանոնք», եզրափակուած է յայտարարութիւնը։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 8, 2024