ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ ՎԵՐԱՓՈԽՈՒՄԸ

«Վե­րա­փո­խումն Սուրբ Աս­տուա­ծած­նի» տօ­նը՝ Սուրբ Կոյս Մա­րիա­մի նուի­րուած տօ­նե­րուն կա­րե­ւո­րա­գոյնն է եւ Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ տա­ղա­ւար տօ­նե­րու չոր­րոր­դը։

Ար­դա­րեւ Աս­տուա­ծա­մօր «ննջման» պատ­մու­թիւ­նը՝ որ գրած է Յով­հան­նէս Ա­ւե­տա­րա­նիչ, հրաշք դէպք մըն է. քա­նի որ ան «ննջում» է եւ ո՛չ սո­վո­րա­կան մահ։ Եւ յե­տոյ՝ «ննջած» Սուրբ Կոյս Մա­րիամ փո­խադ­րուած է եր­կինք։ Այս իսկ պատ­ճա­ռով է, որ Աս­տուա­ծա­մօր գե­րեզ­մա­նը ա­նուանուած է՝ «թա­փուր գե­րեզ­ման»։­

Ուս­տի երբ հա­սաւ Ա­մե­նասր­բու­հիի «մարմ­նա­ւոր կեան­քէն դէ­պի հան­դեր­ձեա­լը փո­խուե­լու ժա­մա­նակ»ը, Գաբ­րիէլ հրեշ­տա­կա­պետ ա­ւե­տեց Մա­րիա­մի՝ Սուրբ Կոյ­սին երկ­րէ եր­կինք փո­խադ­րուե­լու լու­րը։ Նոյն Գաբ­րիէլ հրեշ­տա­կա­պետն է, որ նա­խա­պէս, օ­րեր ա­ռաջ ի­ջած, եւ երբ տա­կա­ւին չէր ա­մուս­նա­ցած, Մա­րիա­մի յղու­թեան ա­ւե­տի­սը տուած էր ի­րեն։

Ու­րա­խա­ցաւ Աս­տուա­ծած­նի հո­գին եւ սկսաւ շրջիլ եւ ա­ղօ­թել Քրիս­տո­սի՝ իր որդ­ւոյն տնօ­րի­նա­կան վայ­րե­րուն մէջ։ Եւ դար­ձեալ, 13 օր յե­տոյ ե­կաւ Գաբ­րիէլ հրեշ­տա­կա­պետ եւ խո­նար­հե­լով ող­ջու­նեց Տի­րա­ծին Կոյս Մա­րիա­մին՝ ը­սե­լով. «Ու­րա­խա­ցիր կի­նե­րու մէջ բերկ­րեալդ, քա­նի որ քեզ կը կան­չէ մեր Ա­րա­րի­չը՝ քու Միա­ծին Որ­դին»։ Եւ Սուրբ Կոյ­սի գլու­խը պսա­կեց Ա­դա­մի դրախ­տէն բե­րած բրա­բիո­նէ՝ յաղ­թու­թեան պսա­կով։ Աս­տուա­ծա­մօր՝ Ա­մե­նա­սուրբ Կոյ­սի հա­մար, ծա­ղիկ­նե­րէ եւ ար­մա­ւե­նիի ոս­տե­րէ հիւ­սուած բրա­բիո­նի յաղ­թու­թեան պսա­կը՝ իր երկ­րէ եր­կինք փո­խադր­ման ա­ւե­տի­սը ե­ղաւ։ Մա­նա­ւանդ որ ա­ւե­լի վերջ ա­նի­կա բժշկու­թեան եւ հրաշք­նե­րու ճշմա­րիտ աղ­բիւր ե­ղաւ։

Ա­պա ան ե­լաւ Ձի­թե­նեայց լե­ռը ա­ղօ­թե­լու եւ ամ­բողջ բոյ­սե­րը եւ ծա­ռե­րը, տուն­կե­րը խո­նար­հե­լով կ՚երկր­պա­գէին ա­նոր։ Աս­տուա­ծա­ծի­նը այս­պէս կ՚ա­ղօ­թէր. «Դու, Տէր իմ Յի­սուս Քրիս­տոս, Քո Հայր Աս­տու­ծոյ Որ­դի եւ իմ՝ մօր Քո ա­ղախ­նիդ. Տէր իմ Միա­ծին, Դու Ինքդ խոս­տա­ցար գալ ինձ մօտ, որ Քե­զա­նով ա­ւան­դեմ իմ հո­գին»։­

Այն ժա­մա­նակ եր­կին­քէն ձայն ե­կաւ ա­նոր ու ը­սաւ.

«Չեմ թո­ղուր Քեզ, Մայր իմ Տի­րու­հի եւ կը կա­տա­րեմ քու խնդրանք­նե­րը»։ Եւ ա­ղօթ­քէն ել­լե­լով՝ ա­մէ­նօրհ­նեալ Մա­րիամ ե­րեք օր շրջեց, ա­ղօ­թեց եւ երկր­պա­գեց Աստուա­ծոր­դիին՝ իր Միած­նի տնօ­րի­նա­կան վայ­րե­րուն մէջ, իր հետ ու­նե­նա­լով՝ Սո­ղո­մէն, Յով­հան­նէ­սի մայ­րը եւ Նի­կո­դե­մո­սի աղ­ջի­կը՝ Մար­թան։

Ա­պա տուն վե­րա­դառ­նա­լով՝ իր մօտ կան­չեց ազ­գա­կան­նե­րը եւ միւս սուրբ կի­նե­րը, ը­սաւ ա­նոնց թէ՝ վա­ռեն բո­լոր ջա­հերն ու լամ­բար­նե­րը եւ մնան ի­րեն մօտ ե­րեք օր։ Եւ ա­պա սկսաւ պատ­մել Աս­տու­ծոյ փառ­քը։

Իսկ մա­հուան մա­սին սա­պէս ը­սաւ.

«Եր­կու հրեշ­տակ­ներ կու գան մար­դու հո­գիին ե­տե­ւէն՝ մէ­կը չար, միւ­սը՝ բա­րի։ Եւ ե­թէ մե­ղա­ւոր է հո­գին, չար հրեշ­տա­կը կը ժա­ռան­գէ զայն, եւ կ՚ու­րա­խա­նան դե­ւե­րը այդ հո­գիին կո­րուս­տին հա­մար։ Եւ ցոյց կու տայ չար հրեշ­տա­կը մե­ղա­ւոր հո­գիի ար­դար դա­տաս­տա­նը եւ տան­ջանք­նե­րու վայ­րը։ Իսկ ե­թէ բա­րի եւ ար­դար է հո­գին՝ կը ժա­ռան­գէ բա­րի հրեշ­տա­կը, եւ ցոյց կը տրուի ա­նոր կեան­քի յա­րու­թիւնն ու փառ­քի հանգս­տա­վայ­րը»։­

Եւ մինչ Մա­րիամ կը պատ­մէր, ե­կաւ Յով­հան­նէս Ա­ւե­տա­րա­նի­չը՝ որ Քրիս­տո­սը կը քա­րո­զէր մեր­ձա­կայ գիւ­ղե­րուն մէջ եւ մի­նակ էր։ Տուն մտնե­լով՝ ող­ջու­նեց ու երկր­պա­գեց Կոյս Մա­րիամ Աս­տուա­ծա­մօր, իսկ ան ըն­դու­նեց ող­ջոյ­նը եւ ը­սաւ. «Բա­րի ե­կար որ­դեակ իմ եւ իմ Որ­դիի սի­րե­լի»։ Եւ պատ­մեց ա­նոր իր փոխ­ման մա­սին եւ ցոյց տուաւ իր թաղ­ման տե­ղը՝ հայ­րե­նի Գեթ­սե­մա­նիի ձո­րին մէջ։ Ան պա­տուի­րեց նաեւ իր եր­կու հան­դերձ­նե­րը տալ այն այ­րի կի­նե­րուն՝ որ շրջե­ցան իր հետ փրկչա­կան վայ­րե­րուն մէջ եւ պա­տուի­րեց Յով­հան­նէ­սին մա­տու­ցա­նել աս­տուա­ծա­յին Պա­տա­րա­գը՝ որ­պէս­զի հա­ղոր­դուի իր Միածին Որ­դիին Մարմ­նին եւ Ա­րեան, որ­պէս­զի կա­տա­րուի Մար­գա­րէին խօս­քը, թէ՝ «Իմ ա­տամ­նե­րու մէջ իմ մար­մի­նը ու­նիմ»։­

Այն ժա­մա­նակ Յով­հան­նէս, կի­նե­րուն եւ Յի­սու­սի մօր Մա­րիա­մի հետ ե­լաւ Վեր­նա­տուն եւ այն­տեղ պա­տա­րա­գեց Յի­սուս Քրիս­տո­սը։ Եւ մինչ գո­հա­բա­նա­կան ա­ղօթք­ներ կը մա­տու­ցա­նէր, իս­կոյն ա­նոր ձայ­նա­կից ե­ղան սուրբ ա­ռա­քեալ­նե­րու դա­սե­րը՝ ո­րոնք Սուրբ Հո­գին ի մի հա­ւա­քեց ամ­բողջ աշ­խարհ­նե­րէն, ուր գա­ցած էին Քրիս­տոս Աս­տուա­ծը քա­րո­զե­լու։

Եւ այս­պէս տա­սը եւ եօ­թա­նա­սու­նը՝ իւ­րա­քան­չիւ­րը իր վի­ճա­կէն Սուրբ Հո­գիի կան­չով ե­կաւ, հա­սաւ Սուրբ Աս­տուա­ծած­նի ննջմա­նը։ Եւ Պա­տա­րա­գի ա­ւարտ­ման՝ Սուրբ Հա­ղոր­դու­թեան վեր­ջա­ւո­րու­թեան, բո­լո­րը երկր­պա­գե­ցին Աս­տուա­ծա­մօ­րը՝ մա­տու­ցե­լով յի­սու­սա­ւանդ ող­ջոյ­նը եւ ա­պա զի­րար ող­ջու­նե­ցին «Ի համ­բոյր սրբու­թեան» եւ օրհ­նե­ցին Աս­տուած, ի­րենց այս զար­մա­նա­լի ու հրա­շա­լի՜ հա­ւաք­ման հա­մար։ Յե­տոյ մտան Վեր­նա­տան մօտ գտնը-ւող Աս­տուա­ծա­մօր տու­նը։ Եւ Սուրբ Աստուա­ծա­ծի­նը ա­նոնց ցոյց տուաւ բրա­բիո­նը, խօ­սե­ցաւ իր ննջման մա­սին եւ ցոյց տուաւ իր հան­գիս­տի վայ­րը՝ Գեթ­սե­մա­նիի գե­րեզ­մա­նը։ Այն ժա­մա­նակ ար­ցունք թա­փել սկսան սուրբ ա­ռա­քեալ­նե­րը, սաս­տիկ լա­ցին եւ հիա­ցած բրա­բիո­նի՝ յաղ­թու­թեան պսա­կին վա­յե­լուչ պայ­ծա­ռու­թեամբ՝ Աս­տու­ծոյ գո­հու­թիւն յայտ­նե­ցին։ Եւ ա­պա հրա­մա­յեց որ նստին, վա­ռեն ջա­հերն ու լամ­բար­նե­րը, կան­թեղ­նե­րը, իսկ ինք մտաւ մա­հիճ՝ ան­կո­ղին, Պետ­րո­սը նստաւ սնա­րին, իսկ Յով­հան­նէս՝ պա­տուան­դա­նին մօտ։ Եւ Պետ­րոս սկսաւ գո­վեր­գել կի­նե­րու մէջ ա­մէ­նօրհ­նեա­լին՝ Աս­տու­ծոյ Մօր։ Աստուա­ծա­մայ­րը իր հեր­թին փա­ռա­ւո­րեց եւ ե­րա­նի՜ տուաւ Պետ­րո­սին՝ որ­պէս «Ե­կե­ղե­ցիի հիմք եւ հա­ւա­տի վէ՛մ»։­

Եւ դար­ձեալ Պետ­րոս սկսաւ ու­սու­ցա­նել հա­ւա­քուած եղ­բայր­նե­րուն եւ սուրբ կոյ­սե­րուն եւ պատ­մեց ա­նոնց այս ա­ռա­կը. «Հա­րուստ մարդ մը իր եր­կու ծա­ռա­նե­րը աք­սո­րեց հե­ռա­ւոր եր­կիր մը։ Ծա­ռա­նե­րէն մին մոռ­ցաւ իր տէ­րը եւ աք­սո­րա­կան­նե­րէն ի­րեն հա­մար գանձ եւ ստա­ցուածք հա­ւա­քեց։ Իսկ միւս ծա­ռան չդադ­րե­ցաւ յու­սա­լէ՝ գու­ցէ տէ­րը զինք աք­սո­րէն ետ դարձ­նէ մտա­ծեց։ Ան ոս­կիէ, մար­գա­րիտ­նե­րէ եւ պա­տուա­կան քա­րե­րէ պսակ մը կազ­մեց։ Եւ երբ տէ­րը զինք կան­չեց աք­սո­րէն, բա­րի ծա­ռան պսա­կը իր տի­րոջ տուաւ։ Տէ­րը հաւ­նե­ցաւ պսա­կը եւ զայն դրաւ իր հա­ւա­տա­րիմ ծա­ռա­յին գլու­խը, իսկ միւս ծա­ռան դա­տա­պար­տեց»։­

Այս ա­ռա­կը պատ­մեց Պետ­րոս, երկ­րի վրայ ապ­րող ար­դար­նե­րու եւ մե­ղա­ւոր­նե­րու հա­մար։ Քա­նի որ երբ ար­դար­նե­րը Տի­րոջ կամ­քը կա­տա­րեն եւ պատ­րաստ ըլ­լան ի­րենց կան­չուե­լու օ­րուան, ու­րա­խու­թեամբ կ՚եր­թան Տի­րոջ մօտ, եւ այն պսա­կը, զոր կազ­մե­ցին ա­նոնք ի­րենց հա­ւատ­քի ոս­կի­նե­րով եւ զա­նա­զան ա­ռա­քի­նի գոր­ծե­րով, Տէ­րը կը դնէ ա­նոնց գլխուն։ Իսկ մե­ղա­ւոր­նե­րը, ո­րոնք աշ­խար­հի­նը եւ ի­րենց մարմ­նա­ւոր կա­րիք­նե­րը հո­գա­ցին, պի­տի լան եւ կո­ծեն եւ դո­ղան՝ բա­րի գոր­ծեր չու­նե­նա­լու պատ­ճա­ռով։ Եւ կ՚ա­ղա­չեն հրեշ­տակ­նե­րուն՝ դոյզն ինչ նե­րում ստա­նալ կամ ժա­մա­նակ՝ պատ­րաս­տուե­լու ի­րենց։

Ա­ռա­ւօ­տուն Սրբու­հի Մա­րիամ ա­րե­ւա­ծա­գի հետ վեր բարձ­րա­ցուց ձեռ­քե­րը, ա­ղօ­թեց Աս­տու­ծոյ եւ ըն­կող­մա­նեց մա­հի­ճին մէջ։ Իսկ սուրբ ա­ռա­քեալ­նե­րը գի­շե­րա­յին հսկու­մէն եւ ա­ռա­ւօ­տեան պաշ­տա­մուն­քէն յե­տոյ շրջա­պա­տե­ցին Սրբու­հիին մա­հի­ճը։ Իսկ Յով­հան­նէս կի­պա­րի­սի (նո­ճիի) տախ­տա­կի վրայ փո­րագ­րած էր Տի­րա­մօր պատ­կե­րը եւ տուած էր Պետ­րո­սին, եւ Պետ­րոս ու բո­լոր ա­ռա­քեալ­նե­րը ա­ղա­չե­ցին Աստուա­ծա­մօր ը­սե­լով. «Ո՜վ Տի­րա­ծին Կոյս, քա­նի որ հան­դեր­ձեալն ես եր­թա­լու Քու շատ սի­րե­լի Միած­նիդ մօտ. առ եւ օրհ­նէ այս պատ­կե­րը, թող այն նշան ըլ­լայ հի­ւանդ­նե­րու ա­ռող­ջոց­ման եւ մա­նա­ւանդ բո­րոտ­նե­րու հա­մար։ Որ ա­նոնք, ո­րոնք ա­պա­ւի­նին Քու բա­րե­խօ­սու­թեա­նը՝ ա­ռող­ջու­թիւն գտնեն ե՛ւ ի­րենց բժշկու­թիւն ըլ­լալ ցա­ւե­րու, քա­նի որ տրտմու­թիւն է Քու՝ մեր մէ­ջէն փո­խադ­րուի­լը, ո­րով­հե­տեւ քեզ­մով կը մխի­թա­րուէինք Քու Որ­դիին եւ մեր Աս­տու­ծոյ համ­բար­ձուե­լէն յե­տոյ։ Ու­րեմն, տուր մեզ Քու պատ­կե­րը, որ­պէս­զի Քու փո­խադ­րուե­լէդ յե­տոյ ա­նով մխի­թա­րուինք»։­

Եւ Աս­տուա­ծա­մայ­րը իր ձեռ­քը ա­ռաւ պատ­կե­րը, խա­չակն­քեց եւ իր ե­րե­սին դնե­լով՝ թրջեց ար­ցուն­քով եւ խնդրեց Աս­տու­ծոյ՝ ա­նով բժշկել ա­մէն տե­սա­կի ցա­ւե­րը, ա­ռա­ւել եւս՝ բո­լոտ­նե­րու բի­ծե­րը։

Նոյն այդ պա­հուն լու­սե­ղէն կա­մար ե­կաւ Սրբու­հիին վրայ, ձայն մը լսուե­ցաւ, որ ը­սաւ.

«Թո՛ղ կա­տա­րուի Քու կամ­քը, մայր իմ»։­

Ա­հա­գին ո­րո­տում մը ե­ղաւ, աս­տուա­ծա­յին ա­նու­շա­հո­տու­թիւն մը բու­րեց, եւ ա­ռա­քեալ­նե­րէն բա­ցի բո­լորն ալ թմրե­ցան։ Եւ օ­րուան եր­րորդ ժամն էր, երբ երկ­նա­յին բազ­մա­թիւ զօր­քե­րով եր­կին­քէն ի­ջաւ Սուրբ Կոյ­սի Որ­դին։ Գաբ­րիէլ եւ Մի­քա­յէլ հրեշ­տա­կա­պետ­նե­րը կու գա­յին Ա­նոր առ­ջե­ւէն։ Եւ այդ պա­հուն փայ­տեայ պատ­կե­րը, որ Սրբու­հին ու­նէր իր ձեռ­քե­րուն մէջ, դրաւ իր դէ­մը՝ հրե­ղէն կառ­քի մը մէջ կանգ­նած Աս­տուա­ծոր­դիին առ­ջեւ, եւ Ան իր աս­տուա­ծա­յին Ա­ջով տեառ­նագ­րեց՝ խա­չակն­քեց Իր Մօր պատ­կե­րը։

Ա­նոնք առ­նե­լով երկր­պա­գե­ցին եւ տե­սան, որ տախ­տա­կի վրայ նկա­րուած է Աստուա­ծա­ծին Կոյ­սի պատ­կե­րը՝ ա­չերն ու յօն­քե­րը, բե­րանն ու քի­թը, գոյ­նը եւ կեր­պը՝ ամ­բող­ջո­վին կա­տա­րեալ։

Ա­պա տես­նե­լով մայ­րը Միա­ծին Տէ­րը՝ իր Յի­սուս որ­դին, գո­հա­ցաւ Աս­տու­ծոյ եւ փա­ռա­բա­նեց զԱյն, Ա­նոր ա­նու­նը, որ կա­տա­րեց ի­րեն տուած խոս­տու­մը։

Եւ Տէ­րը՝ Քրիս­տոս, առ­նե­լով Իր Մօր հո­գին՝ յանձ­նեց Գաբ­րիէլ հրեշ­տա­կա­պե­տին։ Աս­տուա­ծա­մօր հո­գին լոյ­սէն ա­ւե­լի սպի­տակ եւ պայ­ծառ էր՝ կա­տա­րեալ էր իբ­րեւ մա՛րդ, ո՛չ էգ եւ ոչ ա­րու։

Ե­րեք օր յե­տոյ՝ ա­ռա­ւօ­տեան Յի­սուս եւ հրեշ­տակ­նե­րը՝ ա­ռանց խախ­տե­լու Սուրբ Կոյ­սի կնքուած գե­րեզ­մա­նը, առ­նե­լով Կոյս Մա­րիա­մի աս­տուա­ծըն­կալ մար­մի­նը, բարձ­րա­ցու­ցին ամ­պե­րու մէջ…։

Այս­պէս, ա­հա­ւա­սիկ կը նկա­րագ­րը-ւի «Յայս­մա­ւուրք»ի մէջ Աս­տուա­ծա­մօր «ննջում»ը եւ «վե­րա­փո­խում»ը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Օ­գոս­տոս 7, 2015, Իս­թան­պուլ

Շաբաթ, Օգոստոս 15, 2015