ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ԴՐՍԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՏԱՐԵԿԱՆ ԱՆՈՒԱՆ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ նախագահեց Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութեան։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը մատոյց օրուան Ս. Պատարագը՝ առընթերակայութեամբ Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեանի եւ Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ Ուզունեանի։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Վառվառեան եւ Զուարթնոց դպրաց դաս-երգչախումբերու համատեղ կազմին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Ատրուշան Սրկ. Հալաճեանի։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, որ տուաւ օրուան պատգամը, արարողութեան ընթացքին սարկաւագ ձեռնադրեց Պատրիարքական Աթոռի ժառանգաւոր սաներէն Արի Էքինճին։

Ս. Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ մատաղի օրհնութիւն եւ հոգեհանգստեան պաշտօն։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան՝ նոյնպէս Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր գլխաւորութեամբ։ Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց սիրոյ սեղանի բոլոր մասնակիցները, որոնք Ս. Զատկուան աւետիսով զիրար շնորհաւորեցին եւ թաղային խորհուրդին յղեցին յաջողութեան մաղթանքներ։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 8, 2024