ՀՐԹԻՌՆԵՐՈՒ ԿԱՐԳԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
Թուրքիա-Սուրիա սահմանի երկայնքով տեղակայուած «Փաթրիոթ» հրթիռային համակարգերը շաբաթավերջին առաջնահերթօրէն զբաղեցուցին երկրին օրակարգը։ Արդարեւ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները որոշեց Թուրքիայէն դուրս բերել այդ համակարգերը։ Ամերիկեան կողմը այս որոշումով երկրորդեց Գերմանիային։ Այսինքն, թէ՛ Գերմանիա եւ թէ ԱՄՆ գրեթէ նոյնաժամանակ յայտարարեցին, թէ իրենց «Փաթրիոթ»ները դուրս կը բերեն Թուրքիայէն։ Այդ համակարգերը տեղադրուած էին «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» (ԻՇԻՊ) ահաբեկչական խմբաւորման դէմ Թուրքիան պաշտպանելու առաջադրութեամբ, ՆԱԹՕ-ի առաքելութեան շրջագծով։
Գերմանիոյ որոշումը կը մեկնաբանուի զանազան հանգամանքներու լոյսին տակ, սակայն ամերիկեան կողմին որոշումը արդէն կը բացատրուի առաջին հերթին թեքնիկ դրդապատճառներով։ Անգարա եւ Ուաշինկթըն համատեղ յայտարարութիւնով մը տեղեկացուցին, թէ հրթիռները վերանորոգութեան նպատակով ետ կը տարուին։ Անհրաժեշտութեան մը պարագային անոնք փութով պիտի վերատեղակայուին Թուրքիոյ մէջ։ Նոյն յայտարարութեան մէջ նշուած է, թէ արեւելեան Միջերկրականի մէջ գտնուող ամերիկեան նաւատորմի ռազմանաւերը մնալ կը շարունակեն տարածքաշրջանէ ներս, ինչ որ անհրաժեշտութեան պարագային կրնայ փոխարինել «Փաթրիոթ» համակարգերը՝ մինչեւ որ անոնք շաբթուան մը մէջ վերահաստատուին։