ՖՐԵԶՆՈՅԻ «ԱՐԱՐԱՏ» ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԳԵՐԵԶՄԱՆԱՏՈՒՆԸ ՀՐԿԻԶՈՒԱԾ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Գալիֆորնիոյ նահանգի Ֆրեզնօ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ մտահոգիչ դէպք մը, որով հրկիզուեցաւ տեղւոյն «Արարատ» հայկական գերեզմանատունը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, գերեզմանատան խորհուրդը մտահոգութիւն յայտնած է, որ այս բոլոր միջադէպերը ատելութեան նպատակաուղղուած յանցագործութիւններ են։

«Ինչպէս կրնաք պատկերացնել, սա ահաւոր վրդովեցուցիչ է իմ տնօրէններու խորհուրդի, հայ համայնքի, իմ անձնակազմի եւ ինձ համար։ Մեր առաքելութիւնն է կարեկցանքով ծառայել հայ ընտանիքներուն իրենց կարիքի պահուն՝ վառ պահելով նաեւ այստեղ թաղուածներուն յիշատակը։ Խորհուրդը, իմ աշխատակազմը եւ ես շատ լուրջ կը վերաբերուինք այս առաքելութեան նկատմամբ», ըսաւ գերեզմանատան տնօրէն Շերի Մենինկ-Քարթրայթը։ Այս վերջինը չբացառեց, որ հրկիզումը կապուած է մօտալուտ Ապրիլի 24-ին հետ։ Հարկ է նշել, որ այդ գերեզմանատան մէջ կը հանգչին բազմաթիւ ականաւոր հայեր. օրինակ՝ Ուիլիըմ Սարոյեանը։ Միեւնոյն ժամանակ, այնտեղ թաղուած է նաեւ Սողոմոն Թեհլերեանը։

Կը հաղորդուի, որ ուրբաթ գիշեր ութ ծառ այրուած է հայկական գերեզմանատան գլխաւոր մուտքին մօտ։ Ֆրեզնոյի ոստիկաններն ու հրշէջները անմիջապէս ժամանած են, սակայն ձերբակալութիւններ չեն կատարուած։ Ֆրեզնոյի հայկական գերեզմանատունը հիմնուած է 1885 թուականին, իսկ այս վերջին դէպքը պատահած է անոր ամենահին հատուածէն ներս։

Դէպքէն անմիջապէս վերջ հրապարակուած տուեալներով՝ սկզբնական հաշուարկով ծառերու փոխարինումը 25 հազար տոլար պիտի արժէ։ Գերեզմանատան տնօրէնութիւնը վստահ չէ, թէ ապահովագրական ընկերութիւնը պիտի դիմագրաւէ այդ ծախսերը։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 15, 2024