ՖՐԱՆՍԱՀԱՅ ԲԺԻՇԿՆԵՐՈՒ ՋԱՆՔԵՐԸ

Հա­յաս­տա­նի Ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան նա­խա­րար Ար­մէն Մու­րա­տեան նա­խըն­թաց օր Ե­րե­ւա­նի մէջ ըն­դու­նեց Ֆրան­սա­հայ բժիշկ­նե­րու միու­թեան նա­խա­գահ Մի­շէլ Շա­հի­նեա­նը։ Զրոյ­ցի ըն­թաց­քին Մի­շէլ Շա­հի­նեան նշեց, որ իր գլխա­ւո­րած միու­թեան ան­դամ­նե­րը ա­մէն տա­րի այ­ցե­լու­թիւն­ներ կը կա­տա­րեն Հա­յաս­տա­նի մար­զե­րը։ Ըստ ի­րեն, ան­ցեա­լի մէջ միու­թեան աշ­խա­տանք­նե­րը ըստ էու­թեան կեդ­րո­նա­ցած էին Ե­րե­ւա­նի մէջ, սա­կայն ներ­կա­յիս ընդ­լայ­նուած է ի­րենց գոր­ծու­նէու­թեան շրջա­նա­կը։ Ար­դա­րեւ, Ֆրան­սա­հայ բժիշկ­նե­րու միու­թեան ան­դամ­նե­րը կ՚այ­ցե­լեն նաեւ Հա­յաս­տա­նի զա­նա­զան մար­զե­րը։

Զրու­ցա­կից­նե­րը անդ­րա­դար­ձան Հա­յաս­տա­նի եւ Ֆրան­սա­յի մաս­նա­գէտ­նե­րուն մի­ջեւ աշ­խոյժ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան անհ­րա­ժեշ­տու­թեան։ Ար­մէն Մու­րա­տեան կա­րե­ւո­րեց մար­զե­րու բժիշկ­նե­րու Ֆրան­սա­յի մէջ վե­րա­պատ­րաս­տուե­լէ վերջ՝ այդ փոր­ձա­ռու­թեամբ ի­րենց գոր­ծու­նէու­թեան Հա­յաս­տա­նի մէջ շա­րու­նա­կուի­լը։ Հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին քննար­կուե­ցան նաեւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան սեր­տաց­ման, հա­մա­տեղ ծրագ­րե­րու ի­րա­կա­նաց­ման վե­րա­բե­րեալ բազ­մա­թիւ հար­ցեր։

Ֆրան­սա­հայ բժիշկ­նե­րու միու­թիւ­նը 1975 թուա­կա­նին հիմ­նուած է Փա­րի­զի մէջ եւ շուրջ եր­կու հա­րիւր մաս­նա­գէտ կ՚ան­դա­մակ­ցի ա­նոր։ Հա­յաս­տա­նի մար­զե­րու ժո­ղո­վուր­դի ա­ռող­ջա­կան խնդիր­նե­րու լուծ­ման նպա­տա­կով Ֆրան­սա­յի մէջ գոր­ծող այս բա­րեն­պա­տակ կա­ռոյ­ցին կող­մէ տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին աշ­խա­տանք­ներ ի­րա­կա­նա­ցուած են ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան բնա­գա­ւա­ռէն ներս՝ զա­նա­զան ուղ­ղու­թիւն­նե­րով։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 17, 2015