ՍԱՀԱԿԵԱՆ-ՆՈՒՆԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԷՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանի ուսուցչուհիներէն Ժպտուն Զուռնաճըն եւ Լիանա Պենլին, որոնց միացած էին լիսէի բաժնի աշակերտներէն Թայիս Տողանճըօղլուն, Օլիվիա Աչըքկէօզն ու Միքայէլ Յովհաննիսեանը։
Հաճելի զրոյցի ընթացքին հիւրերը մեզի տեղեկացուցին, որ յառաջիկայ մայիսի 3-ին, ուրբաթ երեկոյեան, «Հրաչեայ Աճառեան» սրահի երդիքին տակ Սահակեան-Նունեան լիսէի «Եւայլն» թատերախումբը պիտի ներկայացնէ անմոռանալի գրող, արձակագիր, թատերագիր եւ բանաստեղծ Ատրինէ Տատրեանի «Ամէն մարդ իր շահը ունի» թատերախաղը։ Աշակերտական թատերախումբի ներկայացման բեմադրիչն է Եղիա Աքկիւն։
Հարկ է նշել, որ տղաքը մեծ եռանդով պատրաստուած են այս հետաքրքրական ներկայացման, ուստի տնօրէնութիւնը փափաքած է, թէ այդ աշխատանքին պտուղները ծանօթացուին նաեւ հանրութեան։
Յաջողութիւն կը մաղթենք։
Թրքահայ կեանք
- 11/25/2024
- 11/25/2024