ՎԱՂԱՀԱՍ ՀԵՌԱՑՈՒՄ

Արցախի մէջ 44-օրեայ պատերազմէն վերջ տեղակայուած Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբը արդէն սկսաւ հեռանալ։ Մոսկուայի եւ Պաքուի ղեկավարութիւններուն միջեւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ գոյացած փոխըմբռնման զուգահեռ՝ Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբը արդէն կը լքէ՝ ամբողջութեամբ հայաթափուած Լեռնային Ղարաբաղը։

Ատրպէյճանի լրատուամիջոցները երէկ, օրուան սկիզբին յայտնեցին, որ ռուսական խաղաղապահ զօրախումբը դուրս կու գայ Լեռնային Ղարաբաղէն։ Այս գործողութեան առաջին փուլը հանդիսացած էր խաղաղապահ առաքելութեան անձնակազմի եւ զէնք ու զինամթերքի դուրս բերումը պատմական Դադիվանքէն։ Այդ փուլով սկզբնաւորուած վաղահաս հեռացումը աւելի ուշ հաստատուեցաւ նաեւ Մոսկուայի կողմէ։ Քրեմլինի բանբեր Տիմիթրի Փեսքով հաստատեց, որ սկսած է Ռուսաստանի խաղաղապահներու դուրս բերման գործընթացը Լեռնային Ղարաբաղէն։ «Այո, սա իսկապէս այդպէս է», ըսաւ Տիմիթրի Փեսքով։

Ռուսաստանի դաշնակցային խորհուրդի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Կրիկորի Քարասինն ալ այս կապակցութեամբ ըսաւ. «Լեռնային Ղարաբաղէն Ռուսաստանի խաղաղապահներու դուրս բերումը Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ այդ տարածքը Ատրպէյճանի մաս ճանչնալու տրամաբանական հետեւանքն է»։ Կրիկորի Քարասին, որ միեւնոյն ժամանակ Ռուսաստանի նախկին արտաքին գործոց փոխ-նախարարն էր, այս առթիւ աւելցուց նաեւ հետեւեալը. «Ուժով սիրելի չես դառնար։ Այն բանէն վերջ, երբ Նիկոլ Փաշինեանի շրթներով ղարաբաղեան խնդիրը հանգուցալուծուեցաւ, մեր խաղաղապահներու՝ Ատրպէյճանի մէջ մնալ-չմնալու հարցը կը քննարկուէր Ատրպէյճանի ղեկավարութեան հետ ուղղակի շփումներու շրջանակներէն ներս։ Եւ խաղաղապահներու փուլ առ փուլ դուրսբերման մասին որոշում ընդունուեցաւ»։

Իր կարգին, Ատրպէյճանի նախագահական աշխատակազմի արտաքին յարաբերութիւններու պատասխանատու Հիքմէթ Հաճիեւն ալ ըսաւ, որ Ռուսաստանի խաղաղապահներու վաղաժամ դուրս բերման մասին որոշումը առնուած է երկու երկիրներու ղեկավարութիւններուն կողմէ։

Ռուս խաղաղապահները Արցախի մէջ տեղակայուած էին 2020 թուականի նոյեմբերի 9-ին ստորագրուած հրադադարի եռակողմանի յայտարարութեան հիման վրայ՝ հինգ տարուան ժամկէտով։ Ըստ այդ փաստաթուղթին՝ անոնց լիազօրութիւնը եւս հինգ տարիով կրնար երկարաձգուիլ, եթէ կողմերէն որեւէ մէկը ժամկէտի աւարտին չպահանջէր, որ այդ առաքելութիւնը դուրս բերուէր Լեռնային Ղարաբաղէն։ Պաքուն բազմիցս յայտարարած էր, թէ Լեռնային Ղարաբաղը Ատրպէյճանի տարածք է, իսկ ռուս խաղաղապահները այնտեղ տեղակայուած են ժամանակաւոր ձեւով։

Այս պայմաններուն ներքեւ Ռուսաստանի խաղաղապահները արդէն կը հեռանան Հարաւային Կովկասէն։ Ատրպէյճանի եւ Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնները անհրաժեշտ միջոցներ կը ձեռնարկեն՝ խաղաղապահներու դուրսբերման որոշումը ի կատար ածելու համար։

Ռուսական կողմը ներկայիս միջազգային բեմահարթակի վրայ լուրջ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ Հարաւային Կովկասի խաղաղապահ առաքելութեան դուրս բերումը ռուսական կողմին տեսակէտէ կրնայ այդքան ալ նպաստաւոր կացութիւն մը չստեղծել՝ Հարաւային Կովկասի ազդեցութեան լծակներուն տեսակէտէ։

Հարկ է յիշեցնել, որ Ռուսաստան այդ խաղաղապահ առաքելութիւնը դաշտի վրայ կ՚իրականացնէր ցամաքի կտրուածքով թէեւ առանձին, սակայն Աղտամի համատեղ կեդրոնին բերումով օդային վերահսկողութիւնն ալ կ՚իրականացնէր Թուրքիոյ հետ։ Այսինքն, յետպատերազմեան իրավիճակի մէջ Աղտամի վերահսկման կեդրոնը երկկողմանի բնոյթ ունէր՝ Մոսկուայի եւ Անգարայի մասնակցութեամբ։ Այժմ, երբ ռուս խաղաղապահները վաղաժամ կը հեռանան Արցախէն, առայժմ որեւէ տեղեկութիւն չէ հաղորդուած Աղտամի ռուս-թրքական համատեղ կեդրոնի ճակատագրին մասին։

Մինչ այդ, այս իրադարձութեան արձագանգ հանդիսացած են նաեւ թրքական լրատուամիջոցները, որոնց հաղորդումներուն մէջ եւս Աղտամի համատեղ կեդրոնի ապագային վերաբերեալ որեւէ անդրադարձ չկայ։ Հաղորդումներուն մէջ կը շեշտուի, որ ռուս խաղաղապահները պիտի հեռանան Ատրպէյճանի վրայով երկաթուղիով ու պիտի մեկնին Ռուսաստանի ենթակայ Տաղիստանի Հանրապետութեան իրենց զօրանոցները։

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԷՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳ

Միւս կողմէ, Ուաշինկթընի ղեկավարութիւնն ալ արձագանգեց ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի Լեռնային Ղարաբաղէն վաղահաս դուրսբերման։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութեան բանբերի տեղակալը՝ Վետանթ Փաթել այս կապակցութեամբ առաջին առթիւ յիշեցուց, թէ ամերիկեան կողմը բանակցուած եռակողմանի պայմանաւորուածութեան մասնակից չէ եղած։ Բաց աստի, ան աւելցուց.

«Անկեղծ ըսած, մենք չենք տեսած որեւէ բան, որ ցոյց տայ, թէ Ռուսաստանի զինեալ ուժերը կը նպաստեն աւելի խաղաղ եւ կայուն Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանի մը։ Անցեալ տարուան աշնան Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները բաւական յատկանշական են այդ իմաստով եւ սա եւս մէկ կարեւոր կէտ կամ օրինակ է, թէ Ռուսաստան որքան անվստահելի դաշնակից կամ գործընկեր մըն է»։

Փաթել ընդգծեց, որ Ուաշինկթըն վճռականօրէն կ՚աջակցի Երեւան-Պաքու ջանքերուն՝ հասնելու տեւական եւ արժանապատիւ խաղաղութեան ու պատրաստ է շարունակել աջակցելու այդ գործընթացին։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 18, 2024