ԱԿՆԱՐԿ - 62 - ՅԱՆՈՒՆ ՀԶՕՐ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՈՒ ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հայաստանի այսօրուան իշխանութիւնները առիթ չեն փախցներ խօսելու պետութեան եւ պետականութեան մասին: Բնականաբար, շատ յաճախ այդ առիթները անտեղի կերպով կ՚օգտագործեն, այդպիսիով թէ՛ իրենք զիրենք նուաստացնելով եւ թէ իրենց խօսքը արժէզրկելով:

Իշխանութեան ներկայացուցիչներու այս խումբին մէջ ամենէն կարկառուն ներկայացուցիչը երկրի թիւ մէկ դէմքն է:

Վարչապետ Փաշինեանը յաճախ աջն ու ձախը վիրաւորելով, քամահրելով պետութեան եւ պետականութեան ինչութեան մասին ելոյթներ կ՚ունենայ, փորձելով բացատրել ատոնց կարեւորութիւնը, վսեմութիւնը: Սակայն, նոյն վարչապետը շատ յաճախ կը մոռնայ իր ելոյթները, եւ ընձեռուած առաջին առիթին իսկ իր խօսածին հակառակը կը գործէ (ինչը մեր վարչապետին մօտ սովորական դարձած է):

Պետութեան ու պետականութեան առաջին հզօր կռուանը, որու վրայ կարելի է հզօր պետութիւն եւ պետականութիւն կառուցել եւ ունենալ, այդ՝ տուեալ պետութեան ազգային-մայրենի լեզուն է, որու թիւ մէկ պաշտպանն ու ներկայացուցիչը տուեալ երկրի առաջին դէմք ի՛նք է. ըլլայ ան վարչապետ, նախագահ կամ թագաւոր:

Մեր վարչապետը, սակայն, չենք գիտեր ինչու, յաճախ մեր մայրենին մէկ կողմ ձգելով, կը սկսի անգլերէն, ֆրանսերէն, ռուսերէն խօսիլ (վստահ եմ եթէ տակաւին երկար մնայ վարչապետութեան աթոռին վրայ, իրմէ պիտի լսենք նաեւ արաբերէն, պարսկերէն, չինարէն….):

Շատերու համար այս երեւոյթը բնական, քաջալերելի եւ ուրախացուցիչ է, որովհետեւ մեր երկրի առաջին դէմքը մի քանի լեզուներ գիտէ: Այդպիսիները կ՚անգիտանան, կամ կը մոռնան սակայն, որ խօսքը Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին դէմքի մասին է, իսկ տուեալ անձնաւորութիւնը ո՛վ ալ ըլլայ, ուր ալ երթայ, ինչ ժողովի, հանդիպումի կամ քննարկումի ալ մասնակցի, պարտաւոր է մեր երկրի Ազգային լեզուով՝ Հայերէնով խօսի: Խօսքը անշուշտ պաշտօնական ելոյթներու մասին է: Երբեւէ տեսա՞ծ կամ լսա՞ծ էք Ռուսաստանի նախագահը, կամ Ֆրանսայի նախագահը երբ Հայաստան այցելած են հայերէնով խօսին, հայերէնով արտայայտուին…:

Ոմանք պիտի առարկեն ըսելով անոնք գերհզօր պետութիւններ են եւ կարիք չունին մեր նման փոքր պետութիւններու լեզուն սորվելու: Նման արտայայտութիւնները տգիտութեան արդիւնք են: Պետութիւններու այսօրուան փոխյարաբերութիւններուն մէջ նման բաժանումներ չկան: Ճիշդ է կան զօրաւոր եւ նուազ զօրաւոր պետութիւններ, բայց այդ մէկը բնաւ առիթ պէտք չէ ըլլայ զօրաւոր պետութիւններու լեզուները խօսիլ՝ պաշտօնական ելոյթներու ժամանակ:

Նման վարուելակերպը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ քծնանք, կամ ինքնադրսեւորուելու, կամ կայանալու փորձ: Այսինքն, երբ մեր երկրի վարչապետը, կամ որեւէ մէկ այլ պետութեան առաջին դէմքը պաշտօնական հանդիպումներու եւ ելոյթներու ընթացքին իր ղեկավարած երկրի Ազգային լեզուն մէկ կողմ կը դնէ ու օտար լեզուով կը խօսի, ատով իսկ ինքզինք եւ իր ղեկավարած երկիրը ստրուկ կը դարձնէ օտարներուն: Այս պարագային քաղաքավարութեան, կամ ասոր անոր հաճելի ըլլալու՝ տուն-տունիկ խաղալու հոգեբանութեան պէտք չկայ: Պետութեան ու պետականութեան մասին է խօսքը:

Այստեղ արժէ յիշատակել Չինաստանի նոր ժամանակներու ամենէն նշանաւոր առաջնորդներէն մէկուն՝ Մաու Զետոնկին (1893-1976 - Չինաստանի նախագահ՝ 1954-1959) օրինակը: Զետոնկը, մի քանի լեզուներու տիրապետած է, սակայն, միշտ չինարէնով խօսած ու արտայայտուած է, որովհետեւ անոր համար Չինաստանի Ազգայի լեզուն սրբութիւն եղած է եւ Զետոնկը չինարէնը համարած է Չինաստանի հզօրացման ամենէն կարեւոր գործօնը:

Այսօր, մենք եւս կարիքն ունինք նման ղեկավարի-ղեկավարներու, որոնց համար ո՛չ միայն Ազգային-Մայրենի լեզուն, այլեւ ազգային այլ արժէքներ սրբութիւն ըլլան եւ գիտակից ըլլան այդ արժէնքերուն, յարգեն ու պահպանեն այդ արժէքները:

Ներկայիս, մեր մօտ դժբախտաբար հակառակ իրողութիւնն է, որ տեղի կ՚ունենայ, այսինքն՝ մեր մայրենին բոլոր մակարդակներով կ՚ոտնահարուի ու կ՚անարգուի: Սկսած մեր երկրի վարչապետի անյաջող փորձերէն այստեղ ու այնտեղ անգլերէն, ռուսերէն կամ ֆրանսերէն խօսելու, աւարտած Երեւանի փողոցները խեղդող օտարալեզու յայտարարութիւններով եւ խանութներու ցուցափեղկերով:

Եթէ մենք ազգովին, երկրի առաջին դէմքէն մինչեւ ամենէն համեստ քաղաքացին չյարգենք, չսիրենք ու չգուրգուրանք մեր մայրենի լեզուին, մոռնանք որ երբեւէ մենք կրնանք հզօր պետութիւն ու պետականութիւն ունենալ:

Պետական ո՛չ մէկ պաշտօնեայ երկրի առաջին դէմքէն սկսած մինչեւ ամենէն համեստ պաշտօնեան, իրաւունք չունի՛ օտարին հետ օտարին լեզուով խօսելու, այլ՝ միայն ու միայն հայերէնով: Այս վերաբերմունքը առաջին հերթին իրենց անձին նկատմամբ յարգանք է եւ յարգանք կը պարտադրէ իր դիմացինին եւս, երկրորդ՝ իր երկրին, իր պետութեան ու ժողովուրդին նկատմամբ կատարած նուազագոյն յարգանքի տուրքն է՝ խօսիլ իր Ազգային լեզուով աշխարհի ի՜նչ հարթակի վրայ ալ գտնուի ան:

Աւարտենք, Կոստան Զարեանի օտարամոլութեան մասին ըսածով. «Օտար միջավայրի համար օտար լեզուով արտադրողը, նոյնիսկ եթէ կարկառուն դէմք է, նմանում է հայ եկեղեցում հայերէն քարոզող ամերիկացի պատուելիին: Քրիստոնէութիւնը նրա բերնում իր երկրի պահածոյ պտուղների համ է առնում»:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Ապրիլ 18, 2024