ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԻՆ ՀԱՒԱՏՔԸ

Պատմութիւնը, փորձառութիւնը, հետախուզութիւնը, քննութիւնը, բոլորը միահաղոյն կ՚ապացուցանեն «աստուածային հաւատք»ի մը տիեզերականութիւնը։

Կիկերոն, հռովմայեցի մեծ փիլիսոփան եւ հրապարակախօսը, կը յայտարարէ. «Բոլոր ազգերու համաձայնութիւնը բնութեան օրէնքը կը համարուի եւ ասոր հակառակիլ Աստուծոյ ձայնին հակառակիլ է»։ Եւ այս մասին, մեծամասնութեան գաղափարին համաձայն՝ բոլոր վէճերուն մեծագոյնը պէտք է համարուի։ Ուստի, կարելի չէ երեւակայել մարդկային «վայրենի» աշխարհ մը՝ որ տիրացած ըլլայ սուտի մը հաւատալու բնազդին։

Տքթ. Dale իր «Քրիստոնէական վարդապետութիւն» հատորին մէջ ցոյց կու տայ այս պարագան, հիանալի եւ յստակ ուժգնութեամբ։ «Մեր հաւատքը Աստուծոյ գոյութեան մասին պատճառաբանութեան վրայ չի՛ յենուր, ի՛նչ որ կրնայ տեղի ունենալ քարոզի մը, բանախօսութեան մը, ատենախօսութեան մը կամ գրութեան մը մէջ։ Պատճառաբանութեան երկար շղթային մէջ վերջնական եզրակացութիւն չկայ. ամէն փաստ նախապէս ապացուցուած ըլլալու է, որ մենք կարենանք անոր եզրակացութեան վստահ ըլլալ. մենք մեր վստահութեան գետինը քննել, սկսելէ առաջ, վստահ ենք անոր. եթէ մինչեւ իսկ չկրնանք խօսիլ, թէ ինչպէ՛ս եւ ինչո՛ւ կը հաւատանք անոր։ Մենք կրնանք Աստուծոյ գոյութեան ապացոյցներուն համեմատ ապացոյցներ, փաստեր քննել, որոնել եւ տրամաբանական սխալ մը բանալ անոնց ամէն մէկովը եւ դեռ մեր հաւատքը անխախտ, անսասան կը մնայ. մեր հաւատքը կրնայ հաստատուիլ քննութիւններով, բայց եւ այնպէս անոր վրայ չի յենուր»։

Ամէն դար իրեն յատուկ քրիստոնէութեան ախոյեաններու բանակ մը կը ծնի իր մէջ։ Ճշմարտութեան ջատագովներ երբեք չունեցան զօրեղ թշնամիներ։ Մէկը միւսին յաջորդած եւ պարտուած են, բայց դարձեալ երեւելու համար միայն տարբեր ձեւով մը կամ աւելի յանդգնօրէն երեւան գալու ուրիշ դարու մը մէջ։ Այսպէս պիտի ըլլայ մինչեւ վերջն ալ։

Ճշմարտութիւնը եւ կեղծիքը, մեղքը եւ անմեղութիւնը, Աստուած եւ սատանան հինէն ի վեր թշնամի՛ են իրարու։ 18-րդ դարը ունէր իր աստուածեանները. «Deist», 19-րդը՝ իր չգիտակները. «Agnostic», եւ 20-րդ դարուն անաստուածութեան. «Atheism» մը, ա՛յնքան բացարձակ, այնքան խիզախ եւ նախայարձակ, որ երբեք ճանչցուած ըլլայ։ Քրիստոնէական կրօնի բովանդակ պարունակութիւնները այնքան համարձակօրէն եւ յանդգնօրէն յարձակում կը կրեն, որ հազիւ կրնայ հաւասարած ըլլալ որեւէ կերպով անցեալին հետ։

Այսու ամենայնիւ, ներելի ըլլայ ըսել, թէ քրիստոնեան վախնալու պէտք չունի՛։ Ան իր հաստատ հաւատքով ապահով գետնի վրայ կը մնայ։ Ան վախնալու պատճառ մը չունի քննադատութիւններէն, գիտական հետախուզութենէն, բանավարութենէն եւ նորանոր տեսութիւններու ստեղծած հոսանքներու աստուածաբանութենէն։

Իր դիրքը ոչ միայն ողջամիտ տրամաբանութեամբ հաստատուած է, այլ նաեւ՝ իր հոգիին ուղիղ փորձառութեամբ։ Ան կը մնայ եւ պիտի մնայ՝ Ճշմարտութիւնը կ՚ապրի, Ճշմարտութիւնը կը տարածուի, Ճշմարտութիւնը կը յաղթէ։ Եւ չարին հարուածները չեն կրնար երբեք յաղթահարել զայն։

Մարդ միշտ հարցում մը ունի իր մտքին մէջ՝ երբեմն ծածուկ, երբեմն բացայայտ։ Արդարեւ, հարցումներու հարցումն է ան. բոլոր հարցումներուն նախապատճառը եւ բոլոր հարցումներուն ծնունդ տուող «մայր հարցում»ը.

«Կա՞յ Աստուած մը»։

Կենդանի, բարի, անձնական, իմաստուն, ինքնայայտ, անեղ եւ անվախճան Աստուծոյ գոյութիւնը՝ մարդուս հաւատացած բաներուն եւ գործած արարքներուն մեծ հիմնաքարը՝ նախապատճառը եւ նախասկի՛զբն է. «Հաւատամք ի մի Աստուած» խոստովանանք մը եւ խոստում մըն է, որ ոչ միայն Հաւատոյ Հանգանակին մէջ առաջին տեղը կը գրաւէ, այլ նաեւ հաստատուն եւ անյեղլի, անսուտ մեծ սատարն է թէ՛ ներկային եւ թէ յաւիտենականութեան միանգամայն. «Ամէն ինչ Անոր համար», «Ամէն ինչ Անոր մէջ» եւ «դէպի Ան»՝ որուն փառք յաւիտեան։

Դիտելի կէտ մըն է, թէ՝ զոր Սուրբ Գիրքը կը հաստատէ, այդ է որ կա՛յ Աստուած, ի սկզբանէ։ Ան անսկիզբ է եւ անվախճա՛ն՝ Ան «Է»։

Ո՛չ ոք որեւէ պատճառի մը կամ հրահանգի մը չի կարօտիր արդար ըլլալու համար, որովհետեւ արդարութիւնը ստացական չէ, այլ՝ ընդոծին։ Ան բնատուր գիտակցութիւն մըն է մարդուս։ Եւ հաւատքին ալ՝ Աստուծոյ գիտակցութիւնն ալ նո՛յնն է՝ հաւատքը, մարդուս ստացական չէ, այլ՝ ընդոծին։

Ուրեմն հաւատալու հարցին, հարցը՝ այդ գիտակցութեան անդրադառնալ կամ անտարբեր մնալն է։

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Շաբաթ, Ապրիլ 20, 2024