Է՜Հ, ԱՐՓԻՆԷ, ԱՐՓԻՆԷ

Եւ ինչու չէ, թող ամէն օր պատահին գեղեցիկ անակնկալներ…

Մագիստրոսի թեզս յանձնած էի արդէն եւ այդ յոգնութենէն, անքուն գիշերներէն եւ մասնաւորաբար խիստ պատասխանատուութենէն ետք կը վայելէի անհոգութեան թեթեւութիւնը։

Երեւանը նոր աչքով կը տեսնէի, միշտ վազէվազ եղած էր կեանքս ուսանողական հինգ տարիներուս, համալսարան, դաս, թատրոն, օփերա, Գրողներու միութիւն, եւ այլն, Երեւանի ճոխ կեանքը…

Այդ օրն ալ մոռցած ամէն բան, ինչպէս կը սիրէինք ըսել «Ման էի գալիս Երեւանի փողոցներում», բայց անհոգութիւնս ընդհատուեցաւ, երբ յիշեցի ժամադրութիւն մը, որ արդէն քանիերրորդ անգամն էր, որ կը յետաձգէի։

Խուճապի մատնուեցայ, ալ ոչ մէկ պատճառաբանութիւն կրնայի ընել։ Անցնող առաջին ինքնաշարժին նշան ըրի, որպէսզի կենայ։

Սպիտակ 24 մըն էր (Volga-24), այսինքն այդ տարիներու լաւագոյն ինքնաշարժը, որ չնայած արագ ընթանալուն ճիշդ դիմացս կեցաւ։ Զարմացայ, որովհետեւ հարուստները պէտք չունէին «փափախ» ընելու…

Սակայն ի վերուստ որոշուած էր այդ հանդիպումը…

-Զէյթունի հանրակացարանները եթէ կարելի է։

-Ո՞րտեղից ես աղջիկ ճան։

Օհօ՜, հարցումներու տարափը սկսաւ…

-Երուսաղէմ…

-Երուսաղէ՞մ… Էհ, Երուսաղէ՜մ, Երուսաղէ՜մ…

-Կրնա՞յ ըլլալ Երուսաղէմէն ներգաղթած էք։ Այնպիսի կարօտով արտասանեցիք։

-Ոչ, Եաֆայից…

-Եաֆա՞… մայ………

-Արփինէ, Արփինէ, հրեշտակի էր նման, դեղին գանգուրները մինչեւ ուսերը իջած, կանաչ աչքերը… Հրեշտակ էր… Հրեշտակ…

-Մական…

-Է՜հ, Վարուժան, Վարուժան, մտերիմ ընկերս էր…

-Վարո՞ւժ…

-Առիթ չէի փախցնի տուներնին գնալու, ֆուտպոլից առաջ, ֆուտպոլից յետոյ, դպրոցից առաջ, դպրոցից յետոյ… Միայն մի վայրկեան Արփինէին ժպիտը տեսնէի, ամչկոտ ժպիտը, մեղմանուշ բարեւը լսէի կամ էլ երթաս բարովը…

-Ներեցէք…

-Իսկ հայրերնի՞ն, Արշակ աղբարը, մեր ընկերն էր, հիւրասէր, ազգասէր, հայրենասէր… Ա՜խ, ա՜խ… Առաջին սէրս էր Արփինէն, գոնէ արտայայտուէի հոս գալուց առաջ… Բայց Վարուժանը ընկերս էր, ինչպէս ասէի, որ քրոջը սիրահարուած եմ… Ի՞նչ էինք, 16-17 տարեկան տղաներ… Դեռ համարձակութիւն չունէինք։ Մենք 48-ին եկանք, յաջորդ տարին իրենք պիտի գային… Չեկան… Որքա՜ն սպասեցի…

-Ներողութիւն պարոն, կրնա՞յ ըլլալ, որ Սարգիսեաններուն մասին կը խօսիք։

-Արփինէ, Արփինէ… Դպրոցը Ծնունդի հանդէս ներին, հայր Կորիւնը հրեշտակի դերը իրեն էր տալիս, երբ մեծացաւ՝ Մարիամի դերը սկսեց խաղալ։ Մի անգամ մի աղջիկ նախանձից ասաց. «Չէի գիտեր, որ Մարիամը դեղին մազեր ունէր»։ Այնպէս ծուռ նայեցի, չորացաւ։ Հապա երբ արտասանէր, ձայնը դեռ ականջներիս մէջ է… «Եկեղեցին Հայկական»ը կ՚արտասանէր, ինքզինքդ պատարագի մէջ կը կարծէիր…

-Ներեցէք, դուք Եաֆայի Սարգիսեաններուն մասին կը խօսիք չէ՞։

-Այո՛…

Վերջապէս արթնցաւ։

-Արշակ աղբարը իմ մեծ հայրս է, Վարուժանը՝ մօրեղբայրս, իսկ ես Արփինէին աղջիկն եմ…

-Ի՞նչ, ի՞մ Արփինէիս…

Հիմա ալ մայրս իրը եղաւ։

Եւ Զէյթունի զառիվերին վրայ ինքնաշարժը կանգնեցուց առանց կարեւորութիւն տալու հետեւող ինքնաշարժներուն շչակներուն, դուռս բացաւ, գրկեց զիս եւ…

-Արփինէին աղջի՞կն ես, Արփինէին աղջի՞կն ես, Աստուած իմ այս ի՜նչ հրաշք էր…

Ան ուրախութենէն շուարած էր, ես՝ անակնկալէն։

-Ետ ինքնաշարժ նստինք, հիմա ետեւի ինքնաշարժներուն վարորդները կռիւի պիտի գան։

Եւ ալ ո՛չ Զէյթուն, ո՛չ ուրիշ տեղ, ուղղիղ իրենց տուն։

Ժամադրութի՞ւնս… Նորէն մէջը փախաւ։ Պիտի հաւատայի՞ն եթէ պատմէի։

Փառաւոր սեղան մը դրուեցաւ: Կանչեց զաւակները, որոնք տարիքով ինձմէ մեծ էին, ամուսնացած։

Յուշեր եւ կենացներ։

-Երկու ամիսէն ծնողքս վկայականիս պիտի գան, ըսի։

-Ի՜նչ սեղան պիտի դնեմ, ի՜նչ սեղան… Մայրդ ո՞ւմ հետ ամուսնացաւ։

-Հօրս, ըսի խնդալով, որ մարդուն անցեալէն ներկայ բերեմ։ Հրանդ Նագգաշեանին, ուսուցիչ էր։ Ծանօ՞թ էք։

-Ուսուցի՞չը… Է՜հ, Հրանդը… Այո՛, ուսուցիչ էր, բայց նաեւ արուեստագէտ լուսանկարիչ, Թէքէեանին, Օշականին, Եղիվարդին, եւ դեռ շատ նշանաւոր մարդկանց նկարել էր։

Մեծ եւ անկեղծ հիւրասիրութիւն ըրաւ ծնողքիս։ Ըստ հայկական գեղեցիկ սովորութեան երգով եւ արտասանութեամբ կենացներ ծաղկեցան։ Խնդրեց, որ մայրս «Եկեղեցին Հայկական»ը արտասանէ։

-Այս անաստուած ռեժիմին տակ մենք եկեղեցական պսակ անգամ չենք եղած։

-Իսկ զաւակներդ մկրտուա՞ծ են, հարցուց մայրս։

-Ոչ…

Յաջորդ հուրասիրութիւնը զաւակներուն ու թոռնիկին մկրտութեան առիթով եղաւ, իսկ ծնողքս եղան կնքահայր ու կնքամայր։

ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ

Երուսաղէմ

Շաբաթ, Ապրիլ 20, 2024