ԿՈՂԱԿԻՑ ԸՆՏՐԵԼՈՒ ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆԸ
Ամուսնական կեանքի մասին ընդհանուր ներածական մը կատարելէ ետք Հայրիկ կու գայ աւելի մանրամասնօրէն խօսելու ամուսնական կեանքի մասին, սկսելով սկիզբէն՝ ընտրութենէն. Հայրիկի գրութիւնները յօդուածներ ըլլալէ անդին դասագիրք մըն է մեր մարդկային կեանքին մասին, ուր իւրաքանչիւր մարդ ունի սորվելիք մը:
Իր 7-րդ գլուխը Հայրիկ կը ներկայացնէ «Ընտրութիւն եւ իրաւունք կենակից ամուսնոյ» խորագրին տակ. խորագիրէն կը հասկնանք, թէ Հայրիկ պիտի խօսի կողակիցի ընտրութեան, ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւրին ունեցած իրաւունքներուն մասին: Սկսինք կարդալ.
Առաջին տողերուն մէջ իսկ Հայրիկ կը յայտնէ, թէ կողակիցը ընտրելու ազատութիւնը Դրախտի մէջ Աստուած տուաւ մարդուն, երբ ըսաւ Ադամին, որպէսզի իրենց յարմար կողակից մը գտնէ. Աստուածաշունչը կ՚ըսէ. «բայց Ադամայ ո՛չ գտաւ օգնական նման նմա» (Ծննդոցք 2:20). Հակառակ այն իրողութեան, որ Հայրիկի ժամանակաշրջանին այնքան ալ տարածում չէր գտած «ազատ ընտրութիւն»ը, Հայրիկ կը խօսէր այդ ազատութեան մասին, ինչ որ ցոյց կու տայ Հայրիկի յառաջադէմ միտքն ու գաղափարները. երբ Աստուած տեսաւ, թէ Ադամ չգտաւ իրենց յարմար կողակից մը «խնամակալն Աստուած կինն ի կողէն ընտրելով՝ հասնացոյց Ադամ փեսային հետ», կ՚ըսէ Հայրիկ:
Հայրիկ կը շարունակէ իր լուսաւոր միտքերը բարձրաձայնել. «կենակից ամուսին եւ հարսն ընտրելու իրաւունքը՝ ամուսնացող փեսային անժխտելի իրաւունքն է», սակայն այդ իրաւունքը միայն տղամարդուն չէ որ կը վերագրէ Հայրիկ. շարունակելով կ՚ըսէ, թէ «ինչպէս եւ հարսին անբռնադատ եւ յօժարամիտ հաւանութիւնն. վասն զի հարսն ստրուկ չէ, այլ իբրեւ ազատ ընկեր իւր փեսային, նոյն հաւասար իրաւունքն ունի, որ իւր ազատակամ հաւանութիւնը նա եւս նուիրէ փեսային»:
Այս նոյն գաղափարները որ մենք այսօր կը բարձրաձայնենք, հայրիկ աւելի քան 150 տարիներ առաջ կը բարձրաձայնէր. կը խօսէր հարսին ազատութեան եւ իրաւունքներուն մասին այն ժամանակաշրջանին՝ ուր հարսը տարբերութիւն մը չունէր ստրուկէն. չունէր խօսք, չունէր իրաւունք:
Այս բոլորի օրինակը Հայրիկ կը քաղէ Աստուածաշունչին մէջէն, բերելով Ռեբեկայի օրինակը. հայրն ու մայրը Ռեբեկային հարցուցին, թէ կը յօժարի՞ երթալ Եղիազարին հետ թէ ոչ. ծնողքը կը հարցնէ եւ հարսնացուն կը պատասխանէ «այո, կ՚երթամ» եւ այդ հաստատումին վրայ է որ Ռեբեկա հարս կ՚երթայ: Այս երեւոյթին վրայ Հայրիկ կը յայտնէ, թէ կնոջ իրաւունքները նոր չէ՛ որ պէտք է հաստատուին. կնոջ իրաւունքները ունին դարաւոր անցեալ, հետեւաբար Եւրոպան չէ՛ որ հաստատեց կնոջ ազատութիւնը, այլ պարզապէս վերանորոգեց:
Հակառակ ազատութեան մասին խօսելու, Հայրիկ կը խօսի նաեւ ծնողներու իրաւունքներուն մասին, զանոնք կոչելով «փորձառու եւ խելահաս». Հայրիկ կը գիտակցի, որ սէրը պատճառ կ՚ըլլայ, որպէսզի յաճախ մարդ անտես ընէ սխալներն ու թերութիւնները ու զիրար խելքի աչքով տեսնելու փոխարէն կը տեսնեն սիրոյ զգացումով, մինչ ծնողները ծանր հետազօտութիւններ կը կատարեն: Հայրիկ կարեւոր կը գտնէ ծնողքին դերը, սակայն կը մեղադրէ այն ծնողները, որոնք զանազան շահերու համար իրենց զաւակները պսակել կը փորձեն. այդ երեւոյթի մասին Հայրիկ կը գրէ հետեւեալ ձեւով. «իրենց ձեռքով զոհ կու տան անյարմար ամուսնութեամբ չխնայելով եւ չնախատեսելով ապագայ ընտանեկան աղէտն»:
Ընտրութեան եւ իրաւունքի մասին խօսելով, Հայրիկ կը խօսի իր ժամանակաշրջանը յուզող կարեւոր հարցի մը մասին. ամուսնութեան ամենէն կարեւոր պայմաններէն մէկը կը դնէ, որպէսզի պսակեալները իրար արիւնակից չըլլան. «արենակցական ամուսնութիւնը ոչ միայն Եկեղեցւոյ օրինաց բարոյապէս հակառակ է, նաեւ բնապէս վնասակար է ազնուասերունդ ընտանիք կազմելու»: Հայրիկի գրութենէն կը հասկնանք, որ այդ ժամանակաշրջանին տակաւին տարածուած է ազգականական ամուսնութիւնները. այդ ամուսնութիւնը շատեր պարզապէս սեփական շահերը հետապնդելով կ՚որակեն որպէս խոհեմութիւն, քաղաքականութիւն, ժամանակի պահանջման վարմունք:
Ընտրութեան երկրորդ որպէս պայման Հայրիկ կ՚ընդգծէ համեմատութիւնը. անոր խօսքերով «համեմատել պէտք է նաեւ երկու ամուսիններու բարքն ու վարքը եւ երկու անմերձաւոր ընտանեաց կեանքն ու յարմարութիւնը», կ՚ըսէ Հայրիկ. այս մէկը անհրաժեշտ կը տեսնէ Հայրիկ, որովհետեւ որպէս պատրիարք ականատես կ՚ըլլայ ընտանեկան կռիւներու, բաժանումներու. ներկայ աշխարհը կը հաւատայ, թէ հիմնականը փեսային եւ հարսին հաւանութիւնն ու յարմարութիւնն է, սակայն Հայրիկ կ՚ըսէ, թէ «անյարմար ու անպատշաճ խնամութենէն յառաջ կու գան ու կը խանգարեն ընտանեկան հանդարտ ու խաղաղ վիճակը». այդ իսկ պատճառով ընդհանուր ընտանիքներու համեմատութիւնը անհրաժեշտ կը տեսնէ Հայրիկ, որովհետեւ վարքի ու բարի նմանութիւնն է, որ անոնց մէջ կը ստեղծէ համերաշխ ընթացք մը:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Քանի՞ տարի կ՚ապրին արծիւները:
Պատասխան. Արծիւները երկարակեաց թռչուններ են եւ անոնց կեանքի երկարութիւնը կրնայ տարբերիլ՝ կախուած իրենց տեսակէն եւ միջավայրէն: Միջին հաշուով վայրի բնութեան մէջ ապրող արծիւները կրնան ապրիլ քսան-երեսուն տարի, չնայած կան արծիւի տեսակներ, որոնք կ՚ապրին մինչեւ յիսուն տարեկան: Միջավայրը, սնունդի առկայութիւնը եւ այլ գործօններ բնականաբար իրենց ազդեցութիւնը կ՚ունենան: Արծիւներու մեծ տեսակները աւելի երկար կեանք կ՚ունենան, քան փոքր տեսակները: Որոշ արծիւներ բարենպաստ պայմաններ ունենալու պարագային կրնան գերազանցել այդ ժամանակի ցուցանիշը:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան