ՇԹԱՅՆՄԱՅԷՐ ԹՈՒՐՔԻԱ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ

Հանրապետութեան նա-խագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի հրաւէրին ընդառաջ, Գերմանիոյ նախագահ Ֆրանք-Վալթեր Շթայնմայէր այս երկուշաբթի պաշտօնական այցելութեամբ պիտի ժամանէ Թուրքիա։ Հիւր նախագահին ծրագիրը պիտի ընդգրկէ նաեւ Իսթանպուլը։ Արդարեւ, Թարապիոյ մէջ Գերմանիոյ հիւրատան համալիրէն ներս նախատեսուած է ընդունելութիւն մը։

Շթայնմայէրի այցելութիւնը կը զուգադիպի Թուրքիա-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններուն տեսակէտէ բարդ ժամանակաշրջանի մը։ Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցն ալ Պրիւքսէլի մէջ կազմակերպուած Եւրոմիութեան վերջին գագաթաժողովին ժամանակ յայտարարած էր հետեւեալը. «Թուրքիա միշտ թէեւ ոչ դիւրին, սակայն բացարձակապէս կարեւոր ռազմավարական գործընկեր մըն է»։ Իր խօսքով՝ այս հանգամանքը ի զօրու է այն բազմաթիւ խնդիրներու պարագային, որոնք պէտք է ձեռք առնուին համատեղ։ Ուստի, Շոլց համոզուած է, թէ կողմերը կարիքն ունին ապագայի ուղղեալ հեռանկարին։

ԵՄ-ի վերջին գագաթաժողովին ընթացքին առաջնահերթօրէն քննարկուած են Թուրքիոյ վերաբերեալ հարցերը։ Անգարա, ըստ էութեան, գոհ չէ Պրիւքսէլէն հասած լուրերէն։ Յամենայնդէպս, տեղական մամուլը կը գրէ, որ գագաթաժողովի ընթացքին Գերմանիա հանդէս եկած է Թուրքիոյ նկատմամբ յստակ դիրքորոշում որդեգրելու ի նպաստ։

Շաբաթ, Ապրիլ 20, 2024