ԾԱՆՐԱԿՇԻՌ ԽԱՂԱՑՈՂ

Անգարայի ղեկավարութիւնը այս շաբաթավերջին կը հիւրընկալէ՝ Մերձաւոր Արեւելքի առկայ արիւնալի իրավիճակին տեսակէտէ առանցքային երկու կարեւոր դերակատար։ Այսպէս, Կազզէի պատերազմով պայմանաւորուած հրատապ իրավիճակին մէջ Թուրքիա կ՚այցելեն «Համաս»ի քաղաքական գրասենեակի ղեկավար Իսմայիլ Հանիյէ եւ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Սեմիհ Շիւքրի։ Կը հաղորդուի, որ բոլոր բանակցութիւններու ընթացքին առաջնահերթօրէն օրակարգի վրայ պիտի գան տարածաշրջանի առկայ լարուածութիւնը, դէպի Կազզէ մարդասիրական օժանդակութիւն փութացնելու դժուարութիւններն ու հրադադարի որոնումները։

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան Իսմայիլ Հանիյէն պիտի հիւրընկալէ Մերձաւոր Արեւելքի տեսակէտէ բաւական նուրբ իրավիճակի մը մէջ։ Արդարեւ, Կազզէի վրայ յարձակումները վերստին կը խտանան, Պաղեստինի մատնուած անելը կը խորանայ՝ մինչ Իսրայէլ-Իրան լարուածութիւնն ալ յաւելեալ մտահոգութիւններու դուռ կը բանայ։ Ուստի, Էրտողան-Հանիյէ տեսակցութիւնը առարկայ կը դառնայ միջազգային հանրային կարծիքի անմիջական ուշադրութեան։

Կարգ մը վերլուծաբաններու կարծիքով՝ Իսմայիլ Հանիյէի այցելութեան զուգահեռ՝ հաւանական հրադադարի մը պայմանները կրնան ձեւաւորուիլ։ Արդարեւ, դիւանագիտական լուծում մը ձեռք բերելու ժամանակ՝ տուեալ խնդրին կողմերը միշտ կ՚ունենան իրենց վստահելիներուն հետ սեղանի գլուխ նստելու ձգտումը։ Ուստի, Իսմայիլ Հանիյէի Թուրքիա այցելութիւնը մէկ կողմէ առիթ կ՚ընձեռէ Պաղեստինի ժողովուրդին ի նպաստ ամուր զօրակցութեան դրսեւորման, իսկ միւս կողմէ տարածաշրջանէ ներս մշտական կարգավիճակի մը հաստատման ուղղութեամբ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ։

Երբ Կազզէի վրայ յարձակումները եօթ ամիսէ ի վեր կը շարունակուին, հրադադարի որոնումները մատնուեցան անյաջողութեան։ Այդ որոնումներուն մէջ միջնորդի դերակատարութիւն ստանձնած Քաթարն ալ վերջերս տեղեկացուց, որ կը ձգտի իր առաքելութիւնը վերափոխել։ Իսրայէլ այս գործընթացը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն հետ յառաջ տանիլ կը ջանայ, իսկ Պաղեստինի մէջ իշխանութեան ղեկին գտնուող «Համաս»ի կողքին այդպիսի դերակատար մը գոյութիւն չունի։

Տարածաշրջանի առկայ բարդ հաւասարակշռութիւններու պայմաններուն ներքեւ իրադարձութիւններու շարունակութեան վերաբերեալ հաւանական բոլոր վարկածները սեղանի վրայ պիտի դրուին։ Հանիյէ Իսթանպուլ ժամանելու ընդառաջ՝ վերջին օրերուն արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանին հետ ալ տեսակցած էր Քաթարի մէջ։

Մերձաւոր Արեւելքի իրադարձութիւններուն վերաբերեալ համաշխարհային կամ տարածաշրջանային բոլոր յառաջատար դերակատարները այս շրջանին անմիջական շփման մէջ են։ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին վերջին օրերուն հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի հետ։ Մոսկուա այս փուլին կը ձգտի Թել Աւիւի եւ Թեհրանի միջեւ միջնորդ դառնալ։ Զանազան աղբիւրներ կը հաղորդեն, որ Իրան այս փուլին դէմ չէ եղած Փութինի առաջարկին ու պահանջած է, որ Ռուսաստան Իսրայէլը համոզէ, որպէսզի իր վրայ նոր յարձակում մը չկատարէ։ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահու յայտնած էր, որ իր երկիրը ինքզինքին կը վերապահէ Իրանի դէմ փոխադարձելու իրաւունքը։

Հանիյէի եւ Շիւքրիի Թուրքիա այցելութեան ընդառաջ երէկ հեռախօսազրոյց մըն ալ տեղի ունեցաւ Հաքան Ֆիտանի եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիանի միջեւ։ 

Շաբաթ, Ապրիլ 20, 2024