ՆՆՋԵՑԵԱԼՆԵՐ ՄԱՍՆԱԿԻՑ ՏՕՆԱԿԱՆ ՈՒՐԱԽՈՒԹԵԱՆ
Մեռեալները յիշատակել, արդարեւ կը նշանակէ՝ մասնակի՛ց ընել զանոնք մեր ապրումներուն, մեր ուրախութիւններուն, մանաւա՛նդ տօնական օրերու խանդավառութեան։
Ուստի տաղաւար տօներու յաջորդող՝ առաջին օրը նուիրուած է Քրիստոսի հաւատքով ննջածներու յիշատակին՝ որոնք այս բոլոր հանդիսաւոր օրերուն մեզի տօնակից կ՚ըլլան, կը բարեխօսեն մեզի համար, եւ անոնց աղօթքները կ՚ելլէ Աստուծոյ առջեւ։
«Եւ խունկին ծուխը, որ Աստուծոյ ընտրեալներուն աղօթքն է, հրեշտակին ձեռքէն բարձրացաւ Աստուծոյ առջեւ» (ՅԱՅՏ. Ը 4)։ Թէպէտ արդարներու, այսինքն անմեղներու հոգիները անմահութեան հաստատ յոյսը ունին եւ կը գտնուին Աստուծոյ ձեռքերուն մէջ եւ խաղաղութեան մէջ են, ինչպէս կ՚ըսէ Սողոմոն (ԻՄԱՍՏՈՒԹԻՒՆ ՍՈՂՈՄՈՆԻ, Գ 1). «Բայց արդարներու հոգիները Աստուծոյ ձեռքն են եւ մահը չի՛ մօտենար անոնց», սակայն անոնք տակաւին կրնան արժանացած չըլլալ, երկնային սուրբ պսակի. «Երբ Գառնուկը, հինգերորդ կնիքը բացաւ, զոհասեղանին տակ տեսայ հոգիները այն բոլոր մարդոց, որոնք սպաննուած էին Աստուծոյ խօսքին իրենց հաւատարմութեան եւ տուած վկայութեան համար։ Անոնք բարձրաձայն կ՚ըսէին.- Մինչեւ ե՞րբ պիտի սպասես, սուրբ եւ ճշմարիտ Տէր, ե՞րբ պիտի դասես երկրի բնակիչները եւ մեր արեան վրէժը լուծես անոնցմէ։ Եւ անոնցմէ իւրաքանչիւրին ճերմակ պարեգօտ մը տրուեցաւ եւ անոնց ըսուեցաւ՝ որ կարճ ժամանակ մը եւս հանգիստ ընեն, մինչեւ որ ամբողջանայ թիւը իրենց ծառայակիցներուն եւ եղբայրներուն՝ որոնք իրենց նման պիտի սպաննուին» (ՅԱՅՏ. Զ 9-11)։ Նոյնն է պարագան մեղաւորներու համար, անոնց տանջանքներուն նկատմամբ, ինչպէս կ՚ըսէ Պետրոս Առաքեալ. «Անիկա թանկագին ու մեծամեծ խոստումներ տուաւ մեզի, որպէսզի անոնցմով հաղորդակից ըլլանք աստուածային բնութեան, ձերբազատուելով աշխարհի մէջ տիրող կորստաբեր ցանկութիւններէն… իսկ ով որ այս առաքինութիւնները չունի՝ միտքով կո՛յր է ու կարճատես, քանի որ մոռցած է իր անցեալի մեղքերէն սրբուած ըլլալը» (Բ. ՊԵՏՐ. Ա 4, 9), եւ նաեւ՝ «Քանի որ Աստուած մեղանչած հրեշտակներուն իսկ չխնայեց, այլ՝ զանոնք տարտարոս նետել տուաւ, ուր խաւարին կապանքներով կապուած՝ կը պահուին մինչեւ դատաստանի օրը… Եւ այսպէս, Տէրը գիտէ աստուածապաշտները փրկել իրենց փորձութիւններէն։ Իսկ անիրաւները կը պահէ՝ դատաստանի օրուան տանջանքներուն մատնելու համար» (Բ. ՊԵՏՐ. Բ 4 եւ 9)։
Այս կը նշանակէ՝ որ այս պիտի պատահի մինչեւ որ բոլոր մարդկութիւնը հասնի իր վախճանին, ըստ Պօղոս Առաքեալի խօսքին, թէ. «Անոնք բոլորը իրենց հաւատքով վկայուած ըլլալով հանդերձ՝ չստացան Աստուծոյ խոստումը. քանի որ Աստուած մեզի համար աւելի լաւ բան մը նախատեսած ըլլալով՝ չուզեց որ անոնք խոստումին իրականացման հասնին առանց մեզի» (ԵԲՐ. ԺԱ 39-40)։ Ուրեմն, քանի որ որդեսէր Հայրը կը սպասէ, մինչեւ որ բոլոր զաւակները կը հաւաքուին եւ այն ժամանակ իւրաքանչիւրին կու տայ իր հասանելիքը։ Եւ այս կը նշանակէ՝ թէ առայժմ ննջեցեալները կարիք ունին մեր աղօթքներուն՝ իրենց «ներելի» եւ «անգիտութեամբ» գործած մեղքերուն թողութեան համար, եւ յոյսով կը սպասեն իրենց հոգիններուն հանգստութեան համար, խաղաղութեանը համար մեր «յիշատակութիւն»ներուն։ Ինչպէս Յուդա Մակաբայեցին դրամ հաւաքեց եւ ուղարկեց Երուսաղէմ՝ ննջեցեալներու մեղքերուն համար պատարագ մատուցանելու (Բ. ՄԱԿԱԲԱՅԵՑԻՆԵՐ, ԺԲ 43-46), եւ Բոոսն ալ մեռելներու եւ կենդանիներու համար ողորմութիւն ըրաւ (ՀՌՈՒԹ Բ 20), այդպէս ալ ննջեցեալներու հարազատները ողորմութիւն կու տան կարօտեալներուն եւ կը պատուիրեն քահանաներուն՝ իրենց հարազատներուն անունները յիշատակել Սուրբ Պատարագի մէջ։
Արդարեւ Սուրբ Պատարագով ո՛չ միայն ողջերու համար փրկութիւն կ՚ըլլայ՝ որոնք հաւատքով ու հաղորդումով կը մասնակցին, այլեւ՝ անոնց, որոնք յոյսով ու հաւատքով ննջեցին ի Քրիստոս։ Քանի որ Քրիստոսի մահը ո՛չ միայն ողջերու համար փրկութիւն եղաւ, այլեւ՝ ննջեցեալներու, ինչպէս կ՚ըսէ Պետրոս Առաքեալ. «Եւ հոգիով ալ՝ գնաց քարոզեց բանտարկուած հոգիներուն, որոնք դժոխքի մէջ էին» (Ա. ՊԵՏՐ. Գ 19)։ Ուրեմն Սուրբ Պատարագը ննջեցեալներու համար է նաեւ։ Սակայն Սուրբ Պատարագը չի՛ փրկեր հեթանոսները, անհաւատները եւ բոլոր անոնք՝ որոնք անզիղջ ու անտրտում կը թաւալին մեղքերու ու չարիքներու մէջ եւ չեն յիշեր դատաստանի օրը եւ տանջանքներու սարսափը։
Այսպիսիներուն համար օգուտ չէ՛ պատարագ մատուցանելը կամ ալ ողորութիւն ընելը…։
Այս իսկ պատճառով, տաղաւար տօներու յաջորդ օրը, եկեղեցիներու մէջ Սուրբ Պատարագ կը մատուցուի Հոգեհանգստեան պաշտօն՝ բոլոր անոնց համար, որոնք ճշմարիտ եւ սուրբ հաւատքով ննջեցին ի Քրիստոս, եւ պատարագի մէջ՝ Աստուծոյ առջեւ կը յիշատակուին անոնց անունները, ինչպէս Սողոմոն յիշատակեց իր հօր՝ Դաւիթի անունը. «Ո՛վ Տէր Աստուած, քու օծեալիդ երեմի՛ անարգեր, հապա քու ծառայիդ Դաւիթին ըրած ողորմութիւններդ յիշէ՛» (Բ. ՄՆԱՑ. Զ 42)։ Ամէն նման դէպքերուն ննջեցեալներու վրայ կենաց ցօղ կ՛իջնէ՝ որ մեծ ուրախութիւն կը պատճառէ երկնային զօրքերուն, նաեւ անոնց՝ որոնք ուղիղ սրտով, ճշմարիտ հաւատքով, ողջամիտ յոյսով եւ սուրբ սիրով կը յիշատակուին սուրբերու կողմէ, քանի որ հանգուցեալներու յիշատակութիւնը մեծ շահ է եւ կատարեալ օգո՛ւտ։
Այդ օրը մարդիկ կ՚այցելեն նաեւ իրենց ննջած հարազատներուն գերեզմանները եւ կը պատուիրեն քահանայ հայրերուն օրհնել զայն՝ որով կ՚աւետենք ննջեցեալներուն Տիրոջ երկրորդ գալստեան եւ մեռելներու յարութեան յոյսը…։
- Մեծ մասամբ օգտուեցանք Տէր Համբարձում Քահանայ Դանիէլեանի ուսումնասիրութենէն։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օգոստոս 8, 2015, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/23/2024