ԱՐԺԷՔՆԵՐ ԵՒ ՍԿԶԲՈՒՆՔՆԵՐ

Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ պատանդ առնուած Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան, որ ներկայիս Պաքուի մէջ բանտարկուած է, շաբաթավերջին իր ընտանիքին միջոցաւ փոխանցեց վճռական պատգամներ։ Ռուբէն Վարդանեան, որ միեւնոյն ժամանակ յայտնի գործարար ու բարերար մըն է, նաեւ ազդու հասարակական գործիչ մը, ներկայիս հացադուլի սկսած է։ Ան շուրջ երկու շաբթուան ընդհատումէ մը վերջ հնարաւորութիւն ունեցած է իր ընտանիքին հետ կապ հաստատելու։

Այդ շփումի լոյսին տակ Վարդանեան ընտանիքը շաբաթավերջին հանդէս եկաւ հրապարակումներով։ «Հիմա առաւել քան երբեւէ համոզուած եմ՝ արժէքներն ու սկզբունքները աւելի կարեւոր են՝ քան նոյնիսկ կեանքը», տեղեկացուցած է Ռուբէն Վարդանեան ընտանիքին միջոցաւ։

Հայաստանի մէջ լրատուամիջոցները իշխանութիւնները կը քննադատեն՝ Ռուբէն Վարդանեանի եւ Արցախի պատանդառեալ միւս ղեկավարները ազատելու ուղղութեամբ անտարբերութիւն ցուցաբերելու համար։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 22, 2024