ՍՊԱՆԻՈՅ ՄԷՋ ԺԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան Սպանիոյ Փալմա քաղաքին մէջ մասնակցեցաւ Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու խորհրդարանի նախագահներու հաւաքին։ Հայաստան առաջին անգամ ընդգրկուեցաւ այս հարթակին, որու նպատակն է Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու խորհրդարաններուն միջեւ կարծիքի փոխանակումներու հարթակ մը ձեւաւորել։
Ալէն Սիմոնեան Փալմայի հաւաքին ընթացքին հանդէս եկաւ ելոյթով մը։ Ան այս առթիւ շեշտեց, որ Հայաստան կը բախի ամենօրեայ անվտանգութեան սպառնալիքներու՝ ներառեալ հիպրիտ յարձակումները։ Իր խօսքով՝ Ատրպէյճան այդ յարձակումները կը կատարէ՝ մինչ մտահոգիչ կը համարուի նաեւ Ռուսաստանի կողմէ որդեգրուած դիրքորոշումը Հայաստանի դէմ։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Սիմոնեան Փալմայի մէջ ունեցաւ նաեւ շարք մը երկկողմանի հանդիպումներ։ Հաւաքի շրջանակներէն ներս Ալէն Սիմոնեան կարճ հանդիպում մըն ալ ունեցաւ Սպանիոյ Ֆելիփէ Զ. թագաւորին հետ, որ հիւրընկալեց այս հաւաքին մասնակից խորհրդարանի նախագահները։