ՌՈՊԷՐԹ ՔՈՉԱՐԵԱՆ ԿՈՐՍՆՑՈՒՑ ԻՐ ՄԱՅՐԸ
Հայաստանի նախկին նախագահ Ռոպէրթ Քոչարեան շաբաթավերջին կորսնցուց իր մայրը՝ Էմմա Օհանեանը։ 88 տարեկան հասակին մահկանացուն կնքեց Էմմա Օհանեան Երեւանի մէջ։
Երէկ, նորոգ հանգուցեալ Էմմա Օհանեանի հոգեհանգիստը տեղի ունեցաւ Երեւանի Կոնտ թաղամասի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ։ Ռոպէրթ Քոչարեան եւ իր ընտանիքը ընդունեցին ցաւակցութիւնները։ Հայաստանի պետական աւագանին ալ վշտակից եղաւ Ռոպէրթ Քոչարեանին եւ իր ընտանեկան պարագաներուն։ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Առաջին տիկին Ռիթա Սարգսեանն ալ Ս. Յովհաննէս եկեղեցի փութացին վշտակցութիւն յայտնելու համար Քոչարեաններուն։ Խորհրդարանի նախագահ Գալուստ Սահակեան, Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան եւս մասնակցեցան հոգեհանգիստին։ Էմմա Օհանեանի յուղարկաւորութիւնը այսօր տեղի կ՚ունենայ Ստեփանակերտի մէջ։
Միւս կողմէ, Լեռնային Ղարաբաղի Նախագահ Բակօ Սահակեանն ալ ցա-ւակցական մը ուղարկեց նախկին նախագահ Ռոպէրթ Քոչարեանին՝ յայտնելով վշտակցութիւնները իր մօր՝ Էմմա Օհանեանի մահուան կապակցութեամբ։