ԼԻԱՐԺԷՔ ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Երեւանի ղեկավարութիւնը երէկ հիւրընկալեց Հարաւային Կովկասի գծով Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարը։ Այս վերջինը հայկական կողմին հետ հերթական անգամ աչքէ անցուց տարածաշրջանի իրավիճակը։ Քլաարի Երեւանի շփումները զուգադիպեցան՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատման ուղղութեամբ ձեռք բերուած համաձայնութեան անմիջապէս յաջորդող օրերուն։ Ան ԵՄ-ի անունով լիարժէք աջակցութիւն արտայայտեց՝ ի նպաստ այդ պայմանաւորուածութիւններուն։
Թոյվօ Քլաար օրուան տեւողութեան հանդիպումներ ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի, անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի, ինչպէս նաեւ խորհրդարանի փոխ-նախագահ Ռուբէն Ռուբինեանի հետ, որ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման բանակցութիւններուն մէջ Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչն է։
Ըստ պաշտօնական աղբիւրներուն, Փաշինեանի հետ զրուցելու ընթացքին Քլաար անգամ մը եւս ընդգծեց, որ ԵՄ լիովին կ՚աջակցի Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցային գործընթացին՝ համապարփակ ու տեւական կարգաւորման նպատակով, ինչպէս նաեւ 1991 թուականի Ալմա-Աթայի հռչակագրին հիման վրայ սահմանազատման գործընթացի մեկնարկի պայմանաւորուածութեան։