ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ՈՒՂԻ
Թուրքիոյ եւ Իրաքի միջեւ երէկ ստորագրուեցաւ «Զարգացման ուղի» համաձայնութիւնը, որ երկկողմանի յարաբերութիւններուն մէջ նոր հանգրուան մը կը բնորոշէ։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի երէկուան Իրաք ուղեւորութիւնը եւ բանակցութիւններուն զուգահեռ կատարուած հրապարակումները կու գան վկայել, թէ յառաջիկային նախատեսուած իրադարձութիւնները կրնան աստիճանաբար փոխել տարածաշրջանի ճակատագիրը։ Նախագահ Էրտողան երէկ թէ՛ Պաղտատի եւ թէ Էրպիլի մէջ շփումներ ունեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Օրուան տեւողութեան ան Պաղտատի մէջ տեսակցեցաւ Իրաքի նախագահ Ապտիւլլաթիֆ Ռեշիտի եւ վարչապետ Մուհամմէտ Շիա Էս-Սուտանիի հետ։ Երկու երկիրները համաձայնութեան հասած են յամառ պայքար մղելու համար ՓՔՔ ահաբեկչականկազմակերպութեան դէմ։ Էրտողան Պաղտատի մէջ ողջունելի համարեց Իրաքի իշխանութիւններուն կողմէ վերջերս առնուած որոշումը, որով ՓՔՔ-ն ճանչցուեցաւ՝ որպէս ահաբեկչական կազմակերպութիւն։ Կը հաղորդուի, որ ներկայիս երկու երկիրներու համագործակցութիւնը կ՚ընթանայ՝ ՓՔՔ-ի գոյութեան վերջ տալու առաջնահերթութեամբ։ Անգարայի եւ Պաղտատի միջեւ ստորագրուած «Զարգացման ուղի» ճանապարհը նոր հորիզոններ կ՚ընձեռէ՝ այն առումով, որ Պասրայի ծոցը դէպի Եւրոպա կապելու ներուժը ունի։
Պաղտատի շփումներէն վերջ, երեկոյեան ժամերուն ալ Էրտողան անցաւ Էրպիլ, ուր նոյնպէս ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավարութեան ղեկավարութեան կողմէ։
Քաղաքական մեկնաբանները կ՚ընդգծեն, որ «Զարգացման ուղի»ն Պասրայի ծոցէն կը ծրագրէ մայրուղիներով եւ երկաթուղիներով հասանելիութիւն ապահովել Թուրքիոյ վրայով դէպի Եւրոպա։ Էրտողանի ուղեւորութեան ընթացքին երկու երկիրներու միջեւ երէկ ընդհանուր առմամբ 26 համաձայնագիր ստորագրուեցաւ։ Քաղաքական մեկնաբանները կը մատնա-նըշեն, որ «Զարգացման ուղի» նախագիծը կը նկատուի Թուրքիոյ տեսակէտէ աշխարհաքաղաքական կարեւոր ոստում մը։