ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ԾԱՌԱՅԵԼ
Մարդ ինչ որ ընէ՝ կարեւոր կամ անկարեւոր, բարի եւ օգտակար եւ կամ բարձր նպատակի համար կամ սովորական, պէտք է միշտ ճշմարտութեան ծառայէ։ Այն գործունէութեան մէջ, որ ճշմարտութեան ծառայելու նպատակ չկայ՝ ի զուր աշխատանք մըն է։
Զոր օրինակ, մարդ գիրով եւ խօսքով կ՚արտայայտէ ինքզինք։ Ինչո՞ւ կը գրէ կամ կը խօսի. գրածը կամ խօսածը հաւնուելու, գնահատանքի արժանանալո՞ւ համար։ Եթէ այդպէս կը խորհի, չարաչար կը սխալի, որովհետեւ ատիկա ինքնահաւանութեան ձգտումէն ուրիշ բան չէ՛։ Ուրեմն, պարզ գրել կամ պարզ խօսիլ, բոլորին կողմէ հասկնալի, ամէն մէկուն համար օգտագործուելի եւ մա՛նաւանդ բան մը տալու եւ ո՛չ թէ յարգ ու պատիւ ստանալու մտադրութեամբ գրել կամ խօսիլ…
Ուստի, երկար գրել կամ երկար խօսիլ իր մէջ ծուղակներ, թակարդներ կրնայ պարունակել՝ երկար խօսքերու եւ երկար գրութիւններու մէջ կրնան սպրդիլ սխալներ, վրիպումներ եւ երբեմն ալ «անմեղ խաբէութիւններ»։
Երբեմն կան այնպիսի երկար խօսքեր՝ որուն մէջ կրնայ կորսուիլ իմաստը եւ նպատակը։ Գրութիւնն ալ նոյնն է՝ երկար նախադասութիւններու կամ պաճուճանքի զոհուած բառերու մէջ կը խեղդուի ընթերցողը։
Անշուշտ, այս ըսուածները կրնանք ընդունիլ տեսակ մը ինքնաքննադատութիւն եւ խոստովանութիւն, քանի որ յաճախ այս գրիչն ալ կը գործէ այդ սխալը։ Մարդ, երբեմն կը տեսնէ ուրիշին սխալը եւ կը կարծէ, որ ինք անսխալ է, բայց իրականին՝ ամենամեծ սխալը ի՛նք կը գործէ…
Ուրեմն, որեւէ խօսք կամ գրութիւն պէտք չէ շեղի իր նպատակէն՝ պէտք չէ ինքնագովութեան միջոց մը ըլլայ, այլ պէտք է ծառայէ ճշմարտութեան, ըլլայ առարկայական եւ ո՛չ ենթակայական։
Կան՝ մարդիկ, որ շատ կը խօսին, բայց ո՛չինչ կ՚ըսեն, կան ալ մարդիկ, որոնք քիչ կը խօսին եւ շատ բան կ՚ըսեն։ Սակայն ամենաիմաստալիցն է լռութեամբ ըսել շատ բան, ի՛նչ որ հմտութիւն եւ իմաստութիւն կը պահանջէ։ Եւ լռութիւնը շատ բան կ՚ըսէ, եթէ մարդ զայն գործածելը գիտնայ եւ հասկնալու կարողութիւնը ունենայ…
Զոր օրինակ, «լակոնական ոճ» մը կայ՝ որով կրնայ մարդ շա՜տ բան ըսել հազիւ բառով մը իսկ։
Լակոնական ոճ՝ լակոնիզմ «lakonismos» յունարէն. հակիրճութիւն. կարճ եւ կտրուկ խօսք, որ է մտքի սեղմ եւ յստակ արտայայտութիւն։
Ըստ աւանդութեան՝ այդ ոճը բնորոշ է Լակոնիայի մէջ ապրող սպարտացիներուն՝ որոնք սովորութիւնը ունէին կարճ եւ պատշաճ խօսիլ։ Պատմութեան մէջ «եթէ…» խօսքը, կամ Յուլիուս Կեսարի. «Եկա՛յ, տեսա՛յ, յաղթեցի՛» խօսքը լակոնական ոճի յայտնի օրինակներն են։
Ուրեմն, խօսքի մը կամ գիրի մը ո՛չ թէ երկարութիւնը, այլ անոր պարունակութիւնն է կարեւորը եւ անոր արժէքը։ Ուստի, գրութիւն կամ խօսք պէտք է արթնցնէ գաղափար մը ընթերցողին կամ ունկնդրողին մտքին մէջ՝ խորհելու առիթ մը ըլլան անոնք։ Որովհետեւ, միակողմանի ո՛չ խօսքը եւ ո՛չ գրութիւնը որեւէ օգուտ չի ստեղծեր։ Եւ, անշուշտ, գրողը կամ խօսողը նախ եւ առաջ ի՛նք պէտք է հաւատայ իր խօսածին կամ գրածին։
Ուստի ճշմարտութեան արտայայտումը պէտք է ըլլայ խօսքը եւ գրութիւնը՝ որ վստահութիւն ներշնչէ եւ արժանահաւատ ըլլայ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ