ՊԻՏԻ ԴԱՒԱՃԱՆԵ՛Մ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՍ (ԶԱՌԱՆՑԱՆՔ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՎԱԽԻ ՄԱՍԻՆ)
ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ԲԱՆԱՎԷՃ
Առաջինը. Ինչո՞ւ գիշերուան այս ուշ ժամուն այս տակառին մէջ կը պահուըտիս: Իրականութիւնը ըսէ՛, այլապէս կը տեղեկացնեմ պահակին կամ «ՕՓԵՔ»1 կազմակերպութեան:
Երկրորդը. Ո՞ւր պահուըտիմ, ուրեմն:
Առաջինը. Ի՞նչ բանէ կը փախիս:
Երկրորդը. Լրագրողներէն, զբօսաշրջիկներէն եւ օտարներէն:
Առաջինը. Ինչո՞ւ:
Երկրորդը. Իրականութեան մէջ, երբ Իսրայէլը գրաւեց Սինան, Կոլանն ու Արեւմտեան ափը եւ յայտարարեց, թէ Երուսաղէմը իր յաւիտենական մայրաքաղաքն է, Եգիպտոսը առանձնացուց, Իրաքի աթոմական կայանները հարուածեց, Պէյրութ հասաւ, ցիրուցան ըրաւ ընդդիմութիւնը թէ՛ ծովային, թէ՛ ցամաքային եւ թէ օդային առումներով, անոր օրինակին ենթարկեցուց նաեւ Ազգային շարժումը, եւ անոր նպատակները չիրականացան, ինչպէս հպարտութեամբ կը յայտնէ մեզի արաբական մամուլը: Որպէս արաբ իմ միակ նպատակս եղաւ հեռու մնալ աչքերէ, որպէսզի ոչ ոք զիս աչքով չտայ, կամ Հարաւային Ամերիկայի ու Իրլանտայի յեղափոխականներէն մէկը յանկարծ մազերէս փունջ մը չառնէ, կամ հագուստէս կտոր մը, որպէսզի ատով օրհնուին իրենց երկիրներուն մէջ մղած պատերազմներուն ընթացքին: Կամ լրագրողներն ու օտար զբօսաշրջիկները պաշարեն զիս հարցումներով եւ զիս մագնիսականօրէն քնացնեն, որպէսզի գիտնան այն գաղտնիքը, որով արաբը յաղթանակի ետեւէ յաղթանակ կ՚իրականացնէ բոլոր պայմաններով ու առիթներով, երբ ինք սրճարաններուն մէջ նստած կը յօրանջէ: Խնդիրը մեծ զգուշութիւն կը պահանջէ:
Առաջինը. Այլ ապտակ մը կը պահանջէ այս երեսին: Արդեօք Եւրոպայի, Ամերիկայի եւ Ռուսաստանի ժողովուրդները յաղթանակ չունէի՞ն, ո՜վ յիմար:
Երկրորդը. Անշուշտ. խեղճերը բոլորը միասին որբ յաղթանակ մը ունեցան քառասուն տարիներ առաջ Գերմանիոյ վրայ, եւ վերջ: Մինչ մենք՝ արաբներս, ամէն օր տասնեակ յաղթանակներ կ՚ունենանք առանց գաղթակայաններու, առանց ազդանշաններու եւ առանց պատերազմը խեղաթիւրողներու, ինչպէս իրենք ունէին: Այդ պատճառով, անոնք կը նախանձին մեզմէ եւ ամէն ինչ կ՚ընեն, որպէսզի գիտնան գաղտնիքը այս դիւրին եւ շարունակական յաղթանակներուն: Այս իրողութիւնը կը պահանջէ մեզմէ, որպէսզի զուսպ եւ գաղտնապահ ըլլանք անոնց հետ մեր զրոյցներու ընթացքին եւ ո՛չ մէկ բառ իսկ ըսենք այս յաղթանակներու գաղտնիքներու մասին, որովհետեւ մեր ապագայի սերունդներու սեփականութիւնն է այդ:
Առաջինը. Հանգիստ եղիր, որովհետեւ անոնց բոլոր փորձերը պիտի կործանին արաբական դիմադրողականութեան եւ հաստատակամութեան ժայռին վրայ…
Երկրորդը. Բայց եւ այնպէս, զգոյշ այստեղ կամ այնտեղ որեւէ բառ չըսէք:
Առաջինը. Ուշադիր մարդուն խորհուրդ մի՛ տաք. ես աշխարհի բոլոր գաղտնիքներուն համար տեղ ունիմ, սակայն քնանալու համար տեղ չունիմ:
Երկրորդը. Իջիր մօտս այս տակառին մէջ, ի՞նչ կը սպասես:
Առաջինը. Երկու հոգիի տեղ կ՚ընէ:
Երկրորդը. Այն տեղ կ՚ընէ գագաթաժողովի մը, հիմա երկու հոգիի տեղ պիտի չընէ՞ իր ժողովուրդէն:
Առաջինը. Ուրեմն, տեղ տուր ինծի:
Երկրորդը. Հրամմէ՛, հազար բարով եկար: Լեղի սուրճդ պատրաստ է:
Առաջինը. Շնորհակալ եմ. բայց ես օղիէն (Vodka) բացի ուրիշ բան չեմ խմեր:
Երկրորդը. Դուն ձախակողմեա՞ն ես ուրեմն:
Առաջինը. Եւ ծայրայեղական:
Երկրորդը. Հետեւաբար, ի՞նչ գործ ունիս ինծի հետ այս տակառին մէջ:
Առաջինը. Այս ցուրտ եղանակին ո՞ւր քնանամ հապա:
Երկրորդը. Ամբոխի սիրտերուն մէջ:
Առաջինը. Իսկ գիշերը եթէ բացուեցայ:
Երկրորդը. Պետութիւնը լրատուամիջոցներու միջոցով կը ծածկէ քեզ:
Առաջինը. Ես պաշտօնեայ չեմ եւ ո՛չ մէկ պաշտօնական մարմինի հետ կապ ունիմ: Ես մասնաւոր հատուածին պատկանող պայքարող մըն եմ եւ գոհ եմ:
Երկրորդը. Իսկ ես ընդհանուր հատուածին պատկանող յուսահատ ու յոռետես մըն եմ:
Առաջինը. Այս սաստիկ ցուրտը եթէ չըլլար, մէկ վայրկեան իսկ չէի մնար քեզի հետ:
Երկրորդը. Կենսուժի խնդիր կայ:
Առաջինը. Ուրեմն մենք կենսուժի խնդիրին մէջ նստած ենք:
Երկրորդը. Իսկ ո՞ւր է կենսուժի խնդիրը:
Առաջինը. Տակառին մէջ:
Երկրորդը. Իսկ ո՞ւր է տակառը:
Առաջինը. Հայրենիքին մէջ:
Երկրորդը. Իսկ ո՞ւր է հայրենիքը:
Առաջինը. Մեր եւ ամբոխի սիրտերուն մէջ:
Երկրորդը. Իսկ ո՞ւր է ամբոխը:
Առաջինը. Տակառին մէջ. օ՛ն, ուրեմն, գլտորեցէք մեզ դէպի Պաղեստին, դէպի Հայֆա եւ Եաֆա:
Երկրորդը. Ձայնդ իջեցուր, պարեկներու խումբը եկաւ:
Առաջինը. Դէպի Նազարէթ, դէպի Բեթղեհէմ:
Երկրորդը. Եթէ չլռես, բացի մօրաքրոջդ տունէն2 ուրիշ տեղ պիտի չգլտորեն քեզ:
Առաջինը. Աշխարհի ամենէն խիստ ու ծանր ցուրտը, Ռուսաստանի ցուրտն է, ուր մշտապէս սառած կը մնաս ժողովուրդներուն ունեցած ձեռքբերումներուն մեծութեան դիմաց:
Երկրորդը. Մենք, եւ փա՜ռք Աստուծոյ, առանց ձիւնի, սառոյցի կամ ցեխի, սառած ենք նախաիսլամական ժամանակներէն մինչեւ հիմա:
Առաջինը. Պատմութեան մէջ ամենասաստիկ ցեխը Ռուսաստանի ցեխն է, ուր ընկերութեան ոտքերը կը սահին աւատականութենէն դէպի ընկերվարութիւն, դէպի համայնավարութիւն, առանց որ ոեւէ մէկը զգայ այդ մասին: Համբերատար եւ խորամանկ ցեխ է:
Երկրորդը. Իսկ արաբական ցեխը, ապա ան ջղային ու դիւրագրգիռ է, որ ամբողջ արաբական աշխարհը ամիսներու ընթացքին միայն սահեցուց Պաղեստինը ազատագրելէն եւ Արեւմուտքի ու Արեւելքի շահերը ազատագրելէն, դէպի Նապաթիէյի եւ արեւմտեան շուկայի ազատագրումը, եւ գիշեր բարի:
Առաջինը. Այս բոլորը որ պատահեցաւ ու կը պատահի հիմա, որովհետեւ արաբական պայքարի քարտէսը չէ՛ ամբողջացած տակաւին:
Երկրորդը. Եթէ արաբական պայքարի հասկացողութիւնը մնայ այսպիսին՝ ինչպիսին է հիմա, ապա անոր վերջնական քարտէսը, եւ նաեւ արաբական աշխարհի քարտէսը ապագային, խլէզի տեսքէն աւելին պիտի չըլլայ՝ երբ բանտի սափրիչը ըսէ անոր՝ «անոյշ ըլլայ», եւ գիշեր բարի:
Առաջինը. Կը քնանա՞ս:
Երկրորդը. Այո՛. ճշմարտութեան առագաստը խորտակուած է:
Առաջինը. Մինչեւ ե՞րբ:
Երկրորդը. Մինչեւ որ Խալտէի3 բանակցութիւնները աւարտին:
Առաջինը. Սակայն այդ բանակցութիւններուն աւարտը Ամերիկայի ուզածին պէս պիտի չըլլար:
Երկրորդը. Ո՛չ ալ Ռուսաստանի:
Առաջինը. Ժողովուրդներու ընկերոջ եւ անոնց թշնամիին անունները մի՛ համեմատեր:
Երկրորդը. Հանգստացի՛ր քիչ մը, տակառը պիտի իյնացնես:
Առաջինը. Ամբողջ աշխարհը թող իրար անցնի: Բանակցութիւնները պիտի չաւարտին այնպէս՝ ինչպէս այս ազգին թշնամիները կ՚ուզեն: Հակառակութիւնները անոնց մէջ գրեթէ ամէն ինչի մէջ առկայ են: Ո՞ւր է ռատիոն. կ՚ուզեմ լուրերը լսել:
Երկրորդը. Առանց ռատիոյի, թերթերու եւ հեռատեսիլի: Ես կ՚ըսեմ քեզի վերջին եւ առաջին լուրերը աղէտէն (ալ Նաքպէ) սկսեալ մինչեւ մեր օրերը:
Տարածաշրջանէն ներս իւրաքանչիւր քաղաքական իրավիճակ, Ամերիկան է որ կը պատրաստէ, Ռուսաստանը տակի կրակը կը վառէ, Եւրոպան կը պաղեցնէ զայն, Իսրայէլը կ՚ուտէ, իսկ արաբները ամանները կը լուան:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 17
Վաղարշապատ
1 (OPEC) - Նաֆթ արտահանող երկիրներու կազմակերպութիւն:
2 «Մօրաքրոջդ տուն» արտայայտութիւնը արաբական երկիրներուն, յատկապէս Սուրիոյ մէջ, կը գործածուի կառավարական մարմիններու համար: Այսինքն, երբ քաղաքացի մը կամ քաղաքացիներ կասկածելի հանգամանքներու մէջ ըլլան, կողքինները կը զգուշացնեն զանոնք ըսելով, թէ խելքդ հաւաքէ, այլապէս քեզ «մօրաքրոջդ տուն կը տանին»…:
3 Խալտէ - Պաղեստինեան փոքրիկ գիւղ մը, որ գրաւուած է իսրայէլեան ուժերուն կողմէ, 6 ապրիլ 1948-ին: