ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍ-ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց քարոզիչ եւ Լուսաւորիչ դպրաց դասու նախագահ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանը, տնօրէն խորհուրդի անդամները եւ երգչախումբի խմբավար Յակոբ Մամիկոնեանը։
Այսպէս, անոնք Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր տեղեկութիւններ փոխանցեցին երգչախումբի 95-ամեակի հանդիսութեանց մասին։ Այս ծիրէն ներս կը նախատեսուի երգչախումբի 95-ամեակը՝ յառաջիկայ մայիսի 5-ին, կիրակի, Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ, հոգեւոր եւ աշխարհիկ հանդիսութիւններով, որոնց համար խնդրուեցաւ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր հովանաւորութիւնը։
95-ամեակի հանդիսութեանց ծիրէն ներս, Լուսաւորիչ մանկանց երգչախումբը մայիսի 20-ին, Շիշլիի «Ճեմիլ Ճանտաշ» սրահին մէջ «Քեզ համար» խորագիրով համերգով մը հանդէս պիտի գայ։ Երգչախումբի պատանիները՝ Հրանդ Չիզմէճեանի մականին ներքեւ ու նուագախումբի ընկերակցութեամբ պիտի ներկայանան հանրութեան։ Իսկ յառաջիկայ յունիսի 1-ին, Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ, Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբը, «Լուսաւորչի կանթեղը Ս. Էջմիածինով» խորագրով համերգ մը պիտի սարքէ՝ Յակոբ Մամիկոնեանի մականին ներքեւ ու Ռոպէր Տողանայի երգեհոնի ընկերակցութեամբ։ Երգչախումբի ներկայացուցիչները այս հանդիսութեանց եւս հրաւիրեցին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։
Այս բոլորին առընթեր անոնք առանձնապէս անդրադարձան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր օրհնութեամբ դէպի Փարիզ տրուած այցելութեան։ Երգչախումբի պատմութեան մէջ եզակի առիթի մը վերածուած այս այցելութեան համար Նորին Ամենապատուութեան շնորհակալութիւն յայտնեցին եւ բաժնեցին իրենց յուշերը։
Իր կարգին, Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը ուրախութիւն յայտնեց սոյն այցելութեան համար։ Նորին Ամենապատուութիւնը խոստացաւ նախագահել մայիսի 5-ի տօնակատարութեան։ Ան նաեւ յաջողութիւն մաղթեց հիւրերուն իրենց եկեղեցանուէր ծառայութեան մէջ։
Թրքահայ կեանք
- 11/25/2024
- 11/25/2024