ՇԻՆԻՉ ԱԶԴԱՆՇԱՆՆԵՐ

Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Սէր­կէյ Լաւ­րով ե­րէկ Մոս­կուա­յի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Ի­րա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մու­համ­մէտ Ճե­ւատ Զա­րի­ֆը։ Եր­կու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րը բա­նակ­ցու­թիւն­ներ վա­րե­ցին երկ­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան զար­գաց­ման հե­ռան­կար­նե­րու, ինչ­պէս նաեւ կար­ծի­քի փո­խա­նա­կում­ներ ու­նե­ցան մի­ջազ­գա­յին ու տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին խնդիր­նե­րու շուրջ։ Լաւ­րով եւ Զա­րիֆ Մոս­կուա­յի մէջ մամ­լոյ ա­սու­լիս մըն ալ սար­քե­ցին՝ ամ­փո­փե­լով ի­րենց քննար­կում­նե­րը զանգուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հա­մար։ Ըստ Սէր­կէյ Լաւ­րո­վի, Ռու­սաս­տան կ՚ակն­կա­լէ, որ Ի­րա­նի մի­ջու­կա­յին ծրագ­րին վե­րա­բե­րեալ մշա­կուած գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու հա­մա­տեղ, հա­մընդգր­կուն նա­խա­գի­ծը յա­ռա­ջի­կայ շա­բաթ­նե­րուն պի­տի դառ­նայ ի զօ­րու։ «Կ՚ակն­կա­լենք, որ այդ ծրա­գի­րը ու­ժի մը մէջ պի­տի մտնէ յա­ռա­ջի­կայ շա­բաթ­նե­րուն, ինչ­պէս որ նա­խա­տե­սուած է ՄԱԿ-ի Անվ­տան­գու­թեան խոր­հուր­դի հա­մա­պա­տաս­խան բա­նա­ձե­ւով», ը­սաւ Սէր­կէյ Լաւ­րով։ Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ Ռու­սաս­տան եւ Ի­րան վե­րա­հաս­տա­տած են փո­խա­դարձ պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւ­նը՝ ա­ռեւ­տու­րի բնա­գա­ւա­ռէն ներս հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը շա­րու­նա­կե­լու հա­մար։ Կող­մե­րուն մի­ջեւ հա­մա­ձայ­նու­թիւն գո­յա­ցած է, որ­պէս­զի յա­ռա­ջի­կայ աշ­նան, հա­ւա­նա­բար Հոկ­տեմ­բե­րին ի­րա­կա­նա­ցուի ա­ռեւտ­րատն­տե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան հա­մա­տեղ յանձ­նա­ժո­ղո­վին հեր­թա­կան նիս­տը։ Լաւ­րով տե­ղե­կա­ցուց նաեւ, որ պի­տի ըն­դա­ռա­ջէ իր ի­րան­ցի պաշ­տօ­նակ­ցի հրա­ւէ­րին՝ Թեհ­րան այ­ցե­լե­լու հա­մար։ «Ու­րախ պի­տի ըլ­լամ ձեզ տես­նե­լով», նշեց իր կար­գին Զա­րիֆ։

Մոս­կուա­յի ե­րէ­կուան բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին Ռու­սաս­տա­նի եւ Ի­րա­նի մի­ջեւ քննար­կուե­ցան այ­ցագ­րա­յին դրու­թեան դիւ­րաց­ման եւ ռազ­մա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր։ Տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին խնդիր­նե­րը քննար­կե­լու ժա­մա­նակ՝ ա­նոնք ա­ռաջ­նա­հեր­թօ­րէն օ­րա­կար­գի վրայ ու­նե­ցան Սու­րիոյ կա­ցու­թիւ­նը։ Սէր­կէյ Լաւ­րով ընդգ­ծեց, որ Սու­րիոյ պա­րա­գա­յին չէ փո­խուած Մոս­կուա­յի դիր­քո­րո­շու­մը։ Այս­պէս, այդ երկ­րին ճա­կա­տա­գի­րը պէտք է վճռեն ի­րենք իսկ սու­րիա­ցի­նե­րը, ա­ռանց ար­տա­քին մի­ջամը-տու­թեան։ Լաւ­րով տե­ղե­կա­ցուց, որ Ռու­սաս­տան եւ Ի­րան հան­դէս կու գան Ի­րա­քի եւ Եէ­մէ­նի ի­րադ­րու­թիւ­նը ա­ռանց ար­տա­քին մի­ջամ­տու­թեան կար­գա­ւո­րե­լու ի նպաստ։ Նա­խա­րար­նե­րը դի­տել տուին, թէ Ի­րա­քի եւ Եէ­մէ­նի ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն շուրջ կը հա­մընկ­նին Մոս­կուա­յի եւ Թեհ­րա­նի դիր­քո­րո­շում­նե­րը։ «Մենք հան­դէս կու գանք խըն-դիր­նե­րը ազ­գա­յին երկ­խօ­սու­թեան մի­ջո­ցաւ, ա­ռանց դուր­սի դե­ղագ­րե­րու պար­տադր­ման լու­ծե­լու օգ­տին», յայ­տա­րա­րեց Սէր­կէյ Լաւ­րով։

Նոյն մամ­լոյ ա­սու­լի­սին ըն­թաց­քին Ճե­ւատ Զա­րիֆն ալ տե­ղե­կա­ցուց, թէ եր­կու եր­կիր­նե­րուն մի­ջեւ պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թիւն ձեռք բե­րուած է հա­մա­գոր­ծակ­ցե­լու հա­մար «Ֆոր­տօ» ա­թո­մա­կա­յա­նի շուրջ։ «Պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թիւն­ներ կան մի­ջու­կա­յին ո­լոր­տէ ներս եւ մենք զա­նոնք պի­տի ի­րա­կա­նաց­նենք Վիեն­նա­յի հա­մա­ձայ­նագ­րին հա­մա­պա­տաս­խան։ Սա կը վե­րա­բե­րի նաեւ ի­զո­թոփ­նե­րու ար­տադ­րու­թեան։ «Ֆոր­տօ»ի վե­րա­բե­րեալ հա­մա­ձայ­նու­թեան հի­ման վրայ մեր եր­կիր­նե­րը պի­տի հա­մա­գոր­ծակ­ցին։

Լաւ­րո­վի հա­մոզ­մամբ, Ռու­սաս­տան եւ Ի­րան ու­նին բո­լոր հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը ի­րենց յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն նոր, ա­ւե­լի խոր բնոյթ մը տա­լու հա­մար։ «Մենք բարձր կը գնա­հա­տենք մեր բա­րիդ­րա­ցիա­կան ու բա­րե­կա­մա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը։ Մեր եր­կիր­նե­րը շի­նիչ ձե­ւով կը հա­մա­գոր­ծակ­ցին բո­լոր ուղ­ղու­թիւն­նե­րով։ Մենք ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կով երկ­խօ­սու­թիւն կ՚ի­րա­կա­նաց­նենք», ը­սաւ Լաւ­րով եւ ա­ւել­ցուց, թէ Մոս­կուա հե­տաքրք­րուած է Թեհ­րա­նի հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ընդ­լայն­մամբ՝ Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի եւ Հիւ­սի­սա­յին Ափ­րի­կէի մէջ ճգնա­ժա­մա­յին ի­րա­վի­ճակ­նե­րուն կար­գա­ւոր­ման նպաս­տե­լու հա­մար։ «Հա­մո­զուած ենք, որ այդ ջան­քե­րուն մէջ մեր ներգ­րա­ւուա­ծու­թիւ­նը կու տայ տա­րած­քաշր­ջա­նի ժո­ղո­վուրդ­նե­րու շա­հե­րուն հա­մա­պա­տաս­խան ար­դիւնք», ը­սաւ Լաւ­րով։

Մոս­կուա­յի ե­րէ­կուան բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ա­ւար­տին տե­ղե­կա­ցուե­ցաւ նաեւ, թէ Լաւ­րո­վի եւ Զա­րի­ֆի մի­ջեւ հա­մա­ձայ­նու­թիւն գո­յա­ցած է՝ որ­պէս­զի եր­կու եր­կիր­նե­րը հե­տե­ւո­ղա­կան ըլ­լան ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ պայ­քա­րի հար­ցին մէջ։ Ռու­սաս­տան եւ Ի­րան ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ հա­մա­տեղ պայ­քա­րի ի­րենց հե­տե­ւո­ղա­կա­նու­թեան շրջագ­ծով՝ գլխա­ւոր սպառ­նա­լիք­նե­րու շար­քին թուար­կե­ցին «Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը եւ այլ ծայ­րա­յե­ղա­կան խմբա­ւո­րում­նե­րը։

Մոս­կուա­յի մէջ ե­րէկ ընդգ­ծուե­ցաւ, թէ Վիեն­նա­յի մէջ Ի­րա­նի մի­ջու­կա­յին ծրագ­րին շուրջ ստո­րագ­րուած հա­մա­պար­փակ հա­մա­ձայ­նա­գի­րը յա­ւե­լեալ հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րու կա­րե­լիու­թիւն կ՚ըն­ձե­ռէ ռուս-ի­րա­նա­կան բազ­մա­կող­մա­նի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան տե­սա­կէ­տէ։ Լաւ­րով Զա­րի­ֆի հետ հա­մա­տեղ սար­քած մամ­լոյ ա­սու­լի­սին ըն­թաց­քին ալ նշեց, թէ Մոս­կուա ա­նըն­դու­նե­լի կը հա­մա­րէ Սու­րիոյ Նա­խա­գահ Պե­շար Է­սա­տի հրա­ժա­րա­կա­նի պա­հան­ջը՝ որ­պէս նա­խա­պայ­ման այդ երկ­րէն ներս յա­ռա­ջա­ցած ճգնա­ժա­մը քա­ղա­քա­կան ճա­նա­պար­հով լու­ծե­լու հա­մար։

Միւս կող­մէ, Մոս­կուա­յի ե­րէ­կուան բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն կա­պակ­ցու­թեամբ մի­ջազ­գա­յին աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին նաեւ, թէ Ի­րան մտա­դիր է C-300 հրթի­ռա­յին հա­մա­կար­գեր ա­պա­հո­վել Ռու­սաս­տա­նէն։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 18, 2015