109-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑ…

Համայն հայութիւնը այսօր վերստին համախմբուած է 24 Ապրիլի առթիւ։ Աշխարհասփիւռ հայերը հերթական անգամ կ՚ոգեկոչեն իրենց սուրբ նահատակները։ 1915-ի ցեղասպանութենէն 109 տարի անց աշխարհացրիւ հայ ժողովուրդը բիւր յարգանքով կը խոնարհի սուրբ նահատակներու նուիրական յիշատակին առջեւ՝ խնդրելով անոնց բարեխօսութիւնը։

24 Ապրիլին վերջին տարիներուն սովորականէ դուրս իմաստ մը կը վերագրուի։ Տարելիցին պատգամը երանգաւորուած է համազգային հրատապ նոր իրադրութեամբ։ Հայաստանի Հանրապետութեան բաժին հասած գոյութենական մարտահրաւէրները արդէն տարբեր զգայնութիւններ եւ առաջնահերթութիւններ կը պայմանաւորեն՝ 24 Ապրիլի խորհուրդին մէջ։ Հայութիւնը այսօր կ՚անդրադառնայ, որ ազատ, անկախ ու ինքնիշխան պետականութեան յարատեւման երաշխաւորումն է՝ սրբադասեալ նահատակներու յիշատակին հաւատարիմ մնալու միակ ճանապարհը։ Վերջին տարիներու մղձաւանջին մէջ համայն հայութեան մօտ կ՚ամրապնդուի այն գիտակցութիւնը, թէ միայն հայոց պետականութեան յարատեւութիւնը կրնայ երաշխաւորել սուրբ նահատակներու յիշատակը արժանապատիւ ձեւով վառ պահելու ուղին եւ տակաւին հայոց պետականութիւնն է՝ հայ ժողովուրդի այսօրուան սերունդները նոյնանման աղէտներէ եւ արհաւիրքներէ խնայելու միակ ճանապարհը։

Այս համայնապատկերին վրայ կը բիւրեղանայ 24 Ապրիլի խորհուրդը, որ ժամանակներու մէջ վերանորոգ ու մշտանորոգ պատգամ մը կը բերէ համայն հայութեան՝ ըլլալու համար միասնական ու համախումբ եւ ժամանակներու փորձութիւններուն դիմաց պահպանելու համար կամքն ու վճռակամութիւնը։

Այսօր, ինչպէս ամէն տարի, աշխարհասփիւռ հայութեան սիրտը կը տրոփէ Ծիծեռնակաբերդի բարձունքին։ Յուշահամալիրը կը հիւրընկալէ հազարաւորներ, որոնք ծաղիկներ կը խոնարհեն անմար կրակին շուրջ։ Այս առաւօտ Հայաստանի Հանրապետութեան պետական աւագանին ալ յարգանքի այցելութիւն մը տուաւ Ծիծեռնակաբերդ։

Միւս կողմէ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին գլխաւորութեամբ անմար կրակին շուրջ սուրբ նահատակներու բարեխօսութեան կարգ տեղի ունեցաւ։ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը օրուան պատգամին մէջ ըսաւ. «Սուրբ նահատակներու լոյս յիշատակին առջեւ մեր նուիրական պարտքն է՝ ըլլալ նախանձախնդիր հայոց անկախ պետականութեան զօրացման»։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 24, 2024