ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ ՍԵՊՏԵՄԲԵՐԻՆ ՊԻՏԻ ՄԵԿՆԻ ՉԻՆԱՍՏԱՆ
Հայաստանի Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան յառաջիկայ ամիս պիտի այցելէ Փեքին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Աբրահամեան իր չին պաշտօնակցին հետ պիտի քննարկէ Հայաստան-Իրան երկաթուղիի կառուցման ծրագիրը։ Ինչպէս ծանօթ է, Իրանի հետ երկաթուղիի կառուցման նախագիծը կենսական նշանակութիւն ունի Հայաստանի տեսակէտէ՝ անոր ենթարկուած շրջափակման պայմաններուն ներքեւ։ Վերջին շրջանին չինական կողմն ալ հետաքրքրութիւն ցոյց կու տայ այս նախագծին նկատմամբ, ինչ որ Հայաստանի ղեկավարութեան հետ շփումներու խտացման առիթ հանդիսացած է։ Վերջին օրերուն յայտարարուած էր, թէ Չինաստանէն ներկայացուած առաջարկները քննարկելու նպատակով Փեքին պիտի այցելէ Հայաստանի Փոխադրութեան ու կապի նախարար Գագիկ Բեգլարեան։ Յայտնի է, որ այս կարեւոր նիւթին շուրջ բարձր մակարդակի քննարկումները պիտի շարունակուին։ Ըստ Աբրահամեանի, Հայաստան-Իրան երկաթուղին մեծ նշանակութիւն պիտի ունենայ երկրին համար։ Արդարեւ, երկիրը պիտի ունենայ ճանապարհ մը դէպի Ասիոյ շուկայ եւ պիտի զարգացնէ իր ենթակառուցուածքները։ Երկաթուղին միեւնոյն ժամանակ կարեւոր հնարաւորութիւն մը պիտի ընձեռէ լուծելու համար Հայաստանէն ապրանքներու արտածման խնդիրները։
«Սեպտեմբերին տեղի պիտի ունենայ դէպի Չինաստան իմ այցելութիւնը, որու ընթացքին Չինաստանի վարչապետին հետ պիտի քննարկենք այդ հարցը։ Երկու երկիրներու նախագահներուն միջեւ վերջին հանդիպման ժամանակ ձեռք բերուած է քաղաքական պայմանաւորուածութիւն։ Այժմ պէտք է տնտեսական առումով համաձայնութեան հասնիլ Չինաստանի վարչապետին հետ՝ երկաթուղիի վերաբերեալ կարգ մը խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ», յայտնեց Յովիկ Աբրահամեան։
Միւս կողմէ, Յովիկ Աբրահամեան տեղեկացուց նաեւ, թէ այս տարուան ընթացքին Վրաստանի Վարչապետ Իրակլի Ղարիպաշվիլիի հետ պիտի այցելէ Ջաւախք։