ԻՆՉՈ՞Ւ…

Քաղաքական իրադրութիւնը այսօր կը պահանջէ ըլլալ հակառուս: Բոլոր այն մարդիկ, որոնք կ՚ընդդիմանան ներկայ իշխանութիւններուն, կը պարզուի, «Քրեմլինի գործակալներ» են: Այդ ալիքին վրայ իշխանութիւններու աչքը մտնելու ամենադիւրին տարբերակը ռուսերու մասին քանի մը «քաղցր խօսք» ըսելն է:

Ես յատուկ սահմանագիծ կը դնեմ մէկ կողմէ Փութինի մարդակեր քաղաքականութեան եւ միւս կողմէ Ռուսաստանի, ռուս ժողովուրդի եւ ռուսական մշակոյթի միջեւ: Այդ մշակոյթի՝ վաղուց արդէն կեանքէ հեռացած գործիչները որեւէ պատասխանատուութիւն չեն կրեր ո՛չ Ուքրայնայի վրայ յարձակուելու, ո՛չ ալ Արցախի մէջ Ռուսաստանի Դաշնակցութեան խաղաղապահներու անպատիւ գործողութիւններու համար: Մանաւանդ, կը կարծեմ՝ պէտք է պահպանել այն հարստութիւնը, որ կուտակուած է մեր երկու ազգերու մշակութային շփումներուն ժամանակ: Ինձ կը թուի, որ խելամիտ չէ անոնցմէ հրաժարիլը:

…Ուքրայնայի մէջ բուռն բանավէճեր կ՚ընթանան Միխայիլ Պուլկաքովի շուրջ: 20-րդ դարու նշանաւոր գրողը ծնած է եւ իր կեանքի առաջին կէսը ապրած է Քիեւի մէջ: Ես ըլլայի ուքրանացիներուն տեղը՝ Պուլկաքովը ռուսերուն չէի «յանձներ»: Ռուսական կայսրութեան եւ Խորհրդային Միութեան մշակութային ժառանգութիւնը կը պատկանի բոլորիս՝ անկախ այն բանէն, թէ ո՛ր արուեստագէտը ժամանակին ի՛նչ ըսած է այս կամ այն յստակ հարցով: Պուլկաքովի տուն-թանգարանը, կը կարծեմ, կը մտնէ Քիեւի «պրենտի»ի մէջ:

…Հայաստանի անկախութեան առաջին տարիներուն ոտնձգութիւններու թիրախ դարձաւ Երեւանի մէջ Չեխովի արձանը: Հակառուսականութեան այդ բռնկման, այդ գաւառամիտ ինքնահաստատման Երրորդ հանրապետութեան առաջին իշխանութիւնը, բարեբախտաբար, «թոն չտուաւ»:

Նոյն Չեխովի հերոսներէն մէկը կ՚ըսէր. «Սէրը, բարեկամութիւնը, յարգանքը այնքան չեն համախմբեր մարդիկ, որքան ինչ-որ բանի դէմ ատելութիւնը»: Փաշինեանը այս օրերուն, կատարելով Ալիեւի հերթական պահանջը, կ՚առնէ եւս քայլ մը, որ հարուածի տակ կը դնէ մեր պետութեան անվտանգութիւնը: Ինչպէ՞ս ան կը յաջողի այս բանը։ Նաեւ այն պատճառով, որ ան կը յաջողի հասարակութեան մէջ ատելութիւն սերմանել եւ այդ ատելութեան համար կեղծ թիրախներ գտնել:

ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ

Խմբագրական՝ Երեւանի «Առաւօտ» օրաթերթի

Հինգշաբթի, Ապրիլ 25, 2024