ՓԵՐՈՒԻ ԱՌԱՋԻՆ ԴԵՍՊԱՆԸ
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց Երեւանի մօտ Փերուի նորանշանակ դեսպան Ումպերթօ Ումերէս Ալւարէսը, որ յանձնեց իր հաւատարմագիրը։ Հարկ է նշել, որ դեսպանին նստավայրը կը գտնուի Մոսկուայի մէջ։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Սերժ Սարգսեան շնորհաւորեց նորանշանակ դեսպանը պաշտօնի ստանձնման կապակցութեամբ ու մաղթեց յաջողութիւններ Երեւանի մօտ դիւանագիտական առաքելութեան իրականացման գործին մէջ։ Սերժ Սարգսեան ընդգծեց, որ Հայաստան կը կարեւորէ Հարաւային Ամերիկայի տարածքաշրջանի երկիրներուն հետ յարաբերութիւններու խորացումը, ներառեալ Փերուն։ Սարգսեան յոյս յայտնեց, թէ Երեւանի մօտ Փերուի առաջին դեսպանի պաշտօնավարութեան ընթացքին երկկողմանի կապերը նոր հարթութեան մը վրայ դնելու համար կը ստեղծուին ամուր հիմքեր։
Դեսպան Ալւարէս վստահեցուց, որ իր պաշտօնավարութեան ընթացքին պիտի աշխատի մեծ նուիրումով մը՝ Հայաստանի եւ Փերուի միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման, ինչպէս նաեւ զանազան բնագաւառներէ ներս համագործակցութեան ներուժի լիարժէք օգտագործման ուղղութեամբ։
Զրուցակիցները համակարծիք գտնուեցան, որ իրաւապայմանագրային անհրաժեշտ դաշտի ձեւաւորումը մեծապէս պիտի նպաստէ երկկողմանի կապերու խորացման եւ ընդլայնման։ Քաղաքական երկխօսութեան զարգացման ամբողջին մէջ երկուստեք կարեւորուեցաւ միջխորհրդարանական կապերու հաստատման ուղղեալ համապատասխան քայլերու իրականացումը։
Նախագահ Սարգսեան եւ դեսպան Ալւարէս կարծիքներ փոխանակեցին նաեւ զանազան համարկման գործընթացներու շրջանակներէն ներս երկու երկիրներու համագործակցութեան շուրջ։ Զրուցակիցները գոհունակութեամբ խօսեցան միջազգային կազմակերպութիւններու շրջանակներէն ներս համագործակցութեան առընչութեամբ։
Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին։