«ԾԱՂԿՈՒՆՔ» ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՓԱՌԱՏՕՆԸ
«Կամուրջ» մշակութային կեդրոնը ապրիլի 27-ին, Երեւանի «Կարէն Տեմիրճեան» մարզահամերգային համալիրին մէջ կ՚իրականացնէ «Ծաղկունք» միջազգային 5-րդ պարի փառատօնը, որ նուիրուած է ապրիլի 29-ին նշուող Պարի միջազգային օրուան։
Փառատօնի նպատակն է մէկ միասնական հարթակի տակ միաւորելով ներկայացնել աշխարհի զանազան ազգերու պարերը՝ Հայաստանի ու այլ երկիրներու մանկապատանեկան եւ երիտասարդական խումբերու միջոցով։
Փառատօնը իրենց մասնակցութեամբ կը գեղեցկացնեն Հայաստանէն, Ֆրանսայի Սթրազպուրկ եւ Լիոն քաղաքներէն, Վրաստանէն, Լեհաստանէն եւ Ուքրայնայէն շարք մը պարի համոյթներ եւ երգչախումբեր։ Փառատօնին ներկայ պիտի գտնուին նաեւ Հայաստանի սիրուած եւ ճանչցուած երգիչներ:
«Կամուրջ» մշակութային կեդրոնի հրատարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, թէ կեդրոնը մշտապէս միտում ունի նպաստել պարարուեստի հանրայնացման: «Պարը մշակութային հաղորդակցման լեզու է, ազգային մշակութային արժէք: Ան արուեստներու իւրօրինակ համադրում է։ Պարի միջոցով մարդիկ կը փոխանցեն իրենց զգացումները, յոյզերը, ուրախութիւնը, ոգին, նաեւ ազգի մտածողութիւնն ու մշակոյթը, կը մղուին ինքնաճանաչման, ազգային արժէքներու բացայայտման՝ կամրջելով տարբեր աշխարհագրութիւններու մշակոյթներ, ստեղծելով փոխադարձ ճանաչման հիմքեր: Ան արուեստի միասնական ձեւ է, որ չի ճանչնար քաղաքական, էթնիք, մշակութային որեւէ սահման: Պարը զօրեղ միջոցներէն է՝ ներաշխարհի հարստացման, ինքնաճանաչման եւ ազգը համախմբելու առումով», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
«Կամուրջ» մշակութային կեդրոնը կը կազմակերպէ եւ կ՚իրականացնէ լայնածաւալ թեմաթիք համերգային ու փառատօնային ծրագրեր՝ ինչպէս Հայաստանի մէջ, այնպէս ալ Հայաստանի սահմաններէն դուրս: