ՌՈՒԲԷՆ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՒ ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ ՀԵՏ ԵՒ ԴԱԴՐԵՑՈՒՑ ՀԱՑԱԴՈՒԼԸ

Լեռնային Ղարաբաղի նախկին պետական նախարար, «Հայաստանի զարգացման նախաձեռնութիւններ» (IDeA) հիմնադրամի համահիմնադիր Ռուբէն Վարդանեան, որ Ատրպէյճանի կողմէ պատանդ կը պահուի Պաքուի մէջ, կարողացաւ հեռախօսազրոյց մը ունենալ իր ընտանիքին հետ եւ այս իրադարձութեան զուգահեռ յայտարարուեցաւ, որ ան դադրեցուցած է հացադուլը։ 21 օր լիակատար մեկուսացման մէջ մնացած Ռուբէն Վարդանեանի գրասենեակը տեղեկացուց, որ ապրիլի 5-ին հացադուլի ձեռնարկելէ վերջ ան երկրորդ անգամ հեռախօսազրոյց ունենալու կարելիութեան տիրացած է ընտանիքին հետ։ Իր ձեռնարկած հացադուլին յաջորդած էին միջազգային լայն արձագանգներ։ Ժամանակին, արդար ու թափանցիկ դատավարութիւն ապահովելու ուղղեալ կոչեր կը հնչեն միջազգային իրաւական կառոյցներուն կողմէ՝ քանի Ռուբէն Վարդանեանի դատավարութիւնը անհասկնալիօրէն կը յապաղի։ Իր կողմէ կատարուած դիմումներն ալ անընդհատ կը մերժուին Ատրպէյճանի պատկան իշխանութիւններուն կողմէ։ Ի սկզբանէ կ՚ակնկալուէր, որ Ռուբէն Վարդանեանի դատական նիստը յունուարին պիտի սկսէր, սակայն առանց որեւէ պատճառաբանութեան յետաձգուած է մինչեւ մայիս։

Այս բոլորէն վերջ, երէկուան հեռախօսազրոյցին ընթացքին ընտանիքը ի վերջոյ հնարաւորութիւն ունեցած է՝ Ռուբէն Վարդանեանէն հացադուլը դադրեցնել խնդրելու։ Արդարեւ, անոր առողջական վիճակը կը վատթարանայ։ Ռուբէն Վարդանեանի ընտանիքը տեղեկացուցած է, որ անոր նկատմամբ անհրաժեշտ առողջապահական խնամքը չի ցուցաբերուիր բանտին մէջ։

Մինչ Վարդանեանէն առողջական տարրական խնամքը կը զլացուի Պաքուի բանտին մէջ՝ իր որդին երէկ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նշած է հետեւեալը. «Մենք լրջօրէն մտահոգուած ենք հօրս առողջութեան վատթարացող վիճակով, թէպէտ ամենեւին ալ զարմացած չենք անոր խիզախութեամբ։ Դժբախտաբար, իր պահման պայմանները միայն կը վատթարանան»։

Ռուբէն Վարդանեանի աւագ որդին՝ Դաւիթ Վարդանեան ընդգծեց նաեւ, որ աշխարհ Ատրպէյճանին ցոյց տուած է, որ կը հետեւի հայ բանտարկեալներու ճակատագրին։ Ան յոյս յայտնեց, թէ աճող միջազգային ուշադրութիւնը կ՚ապահովէ թէ՛ Ռուբէն Վարդանեանի եւ թէ միւս հայ գերիներու ազատ արձակումը մօտաւոր ապագային։

Ուրբաթ, Ապրիլ 26, 2024