ԷՐՏՈՂԱՆԻ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ ԱՅՑԸ ՅԵՏԱՁԳՈՒԱԾ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի միջեւ յառաջիկայ մայիսի 9-ին նախատեսուած հանդիպումը յետաձգուեցաւ։ Այսպէսով, նախագահ Էրտողան պիտի չմեկնի Ուաշինկթըն, ուր Սպիտակ տան մէջ պիտի ընդունուէր Պայտընի կողմէ։

Անգարայի պաշտօնական աղբիւրները «Ռէօյթըրզ» գործակալութեան տեղեկացուցին, որ հանդիպումը յետաձգուած է Էրտողանի ժամանակացոյցի փոփոխութեան պատճառով։ Ըստ նոյն աղբիւրին, շուտով պիտի որոշուի հանդիպման համար նոր թուական մը։

Սպիտակ տունը Էրտողանի այցելութեան մասին պաշտօնապէս չէր յայտարարած, բայց անցեալ մարտի վերջաւորութեան ամերիկացի պաշտօնեայ մը նոյնպէս «Ռէօյթըրզ»ին յայտնած էր, որ Սպիտակ տունը առաջարկած էր Էրտողան-Պայտըն հանդիպումը մայիսի 9-ին կազմակերպել, ինչ որ ընդունուած էր Անգարայի կողմէ։

Ներկայիս, Անգարա-Ուաշինկթըն առանցքին վրայ աշխատանք պիտի տարուի՝ նախագահներու միջեւ նոր տեսակցութեան մը կազմակերպման նպատակով։

Շաբաթ, Ապրիլ 27, 2024