ՆՈՒՐԲ ԻՐԱՎԻՃԱԿ

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման գործընթացը առաջին իսկ քայլափոխին արդէն բարդութիւններու պատճառ կը դառնայ։ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ գոյացած համաձայնութեան հիման վրայ վերջին օրերուն արդէն գործնական քայլեր կ՚առնուին։ Հայկական պաշտօնատարներ յայտնեցին, որ սահմանակից Տաւուշի եւ Ղազախի հատուածէն ներս սահմանազատման գործընթացը թեքնիքապէս արդէն հասած է իր աւարտին։

Յամենայնդէպս, ժողովրդական բողոքի ալիք մը յառաջացած է՝ Հայաստանի հիւսիս-արեւելքի սահմանակից շրջաններէն ներս։ Տաւուշի մարզը բաւական եռուն իրադարձութիւններու բեմահարթակը կը հանդիսանայ՝ մինչ ցուցարարներ Հայաստան-Վրաստան միջպետական ճանապարհը արդէն փակած են քանի մը օրէ ի վեր։ Մասնաւորապէս Կիրանց գիւղին մէջ տեղի կ՚ունենան բողոքի ցոյցեր եւ հակազդեցութեան ալիքին միացած է նաեւ Տաւուշի թեմակալ առաջնորդ Տ. Բագրատ Եպսկ. Գալստանեան։ Հայկական լրահոսին մէջ լայն արձագանգ գտած են Կիրանցի իրադարձութիւնները։ Հաղորդումներուն մէջ կ՚ընդգծուի, որ բախումներ տեղի կ՚ունենան քաղաքացիներու եւ իրաւապահ մարմիններու միջեւ։ Մասնաւորապէս սեւ պերեթաւորները բաւական խիստ միջամտութիւն կը կատարեն ցուցարարներուն դէմ։ Մինչ այդ, բողոքարարներու շարքին նկատուեցան նաեւ զինուորականներ։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը անմիջապէս արձագանգեց այս հանգամանքին։ «Միջոցներ կը ձեռնարկուին զինուորական համազգեստով անձերու ինքնութիւնը պարզելու ուղղութեամբ», յայտարարուեցաւ նախարարութեան կողմէ՝ Տաւուշի մէջ բողոքի ցոյցերուն միացած զինուորականներուն համար։ Իսկ Ներքին գործոց նախարարութեան աղբիւրները հաղորդեցին, որ Կիրանցի դէպքերու հետեւանքով վիրաւորուածներու շարքին կը գտնուին ոստիկաններ, որոնք փոխադրուած են հիւանդանոց։ 

Սահմանին վրայ ծայր տուած խռովութիւններու մթնոլորտին մէջ Հայաստան երէկ տեղեկացուց, որ պատրաստ է Ատրպէյճանի հետ հերթական բանակցութիւններու։ Երեւան հաւանութիւն տուաւ Պաքուի հետ արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով նոր բանակցութիւններու, որոնց հիւրընկալման համար պատրաստակամութիւն յայտնած էր Ղազախիստանի ղեկավարութիւնը։ Այսպէսով, յառաջիկային Աստանայի մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն՝ Արարատ Միրզոյեանի եւ Ճէյհուն Պայրամովի միջեւ նոր հանդիպման մը կազմակերպման հեռանկարը ուրուագծուած է։ Հայկական դիւանագիտական աղբիւրները նշեցին, որ հաւանական տեսակցութեան թուականի մասին պիտի տեղեկացնեն՝ այդ մէկու յստականալէն անմիջապէս վերջ։ «Հայաստան կը դիտարկէ եւ կողմնակից է այն միջնորդական ջանքերուն կամ բանակցութիւններու կազմակերպման հարթակներուն, որոնք իսկապէս միտուած են Հարաւային Կովկասէ ներս յարատեւ խաղաղութեան հասնելու նպատակին, կ՚աջակցին հիմնարար սկզբունքներու եւ փոխադարձ համաձայնեցուած փաստաթուղթերու», նշուած է Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ։

Իր կարգին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ալ երէկ յայտնեց, որ կառավարութիւնը հասած է կէտի մը, ուր երկրի ապագայի շատ յստակ նախագիծ մը կը դնէ սեղանի վրայ։ Իր գլխաւորած «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպման մը ընթացքին վարչապետը ըսաւ. «Մենք կը լուծենք յառաջիկայ տասնամեակներուն Հայաստանի լինելութեան հարցը»։

ԱԼԻԵՒԻ ՊԵՐԼԻՆ ԱՅՑԸ

Մինչ այդ, Պերլինի ղեկավարութիւնը երէկ հիւրընկալեց Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը, որ օրուան տեւողութեան ընդունուեցաւ Գերմանիոյ Հանրապետութեան նախագահ Ֆրանք-Վալթեր Շթայնմայէրի, վարչապետ Օլաֆ Շոլցի եւ արտաքին գործոց նախարար Աննալենա Պերպոքի կողմէ։ Ալիեւի հետ համատեղ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Շոլց յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ հակամարտութիւնը խաղաղ ճանապարհով կարգաւորելու հնարաւորութիւնները աւելի քան երբեք բարձր են։ «Լաւ է, որ երկու երկիրներու ղեկավարները երկխօսութեան մէջ են։ Ես կ՚ակնկալեմ, որ երկու կողմերն ալ կը ցուցաբերեն անհրաժեշտ շինիչ մօտեցումը։ Ի հարկէ, մենք առաջին հերթին քննարկեցինք Հայաստանի եւ Ատըր-պէյճանի միջեւ խաղաղութիւնը եւ միակարծիք ենք, թէ այդ հակամարտութիւնը պէտք է լուծուի խաղաղ ճանապարհով։ Այս բանի հաւանականութիւնը աւելի քան երբեւէ բարձր է», ըսաւ Օլաֆ Շոլց, որու համոզմամբ այս տարի խաղաղութեան պայմանագիրը կրնայ ստորագրուիլ։ Բաց աստի, Շոլց նշեց, որ Ատրպէյճան պէտք է յարգէ մարդու իրաւունքները։

Իր կարգին, Ալիեւն ալ Պերլինի մէջ ըսաւ. «Բարձր կը գնահատենք Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ հաշտութեան բանակցութիւնները։ Խաղաղութեան հասնելու համար շատ լաւ հնարաւորութիւններ կան»։ Ան ընդգծեց, որ Հայաստան Ատրպէյճանին վերադարձուցած է 1990 եւ 1992 թուականներուն բռնագրաւ-ւած չորս գիւղեր։ «Պէտք է տեղեկացնեմ նաեւ, որ այսօր առաւօտեան Ատրպէյճանի մէջ տեղակայուած ռուս-թրքական համատեղ դիտարկման կեդրոնը դադրեցուցած է իր գործունէութիւնը։ Այսինքն՝ խաղաղութեան հասնելու համար շատ լաւ հնարաւորութիւններ կան», ընդգծեց Ատրպէյճանի նախագահը։

Շաբաթ, Ապրիլ 27, 2024