ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՓՈԽԿԱՊԱԿՑՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆ
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան դէպի Տոհա պաշտօնական այցելութեան շրջանակէն ներս երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Քաթարի վարչապետ ու արտաքին գործոց նախարար Շէյխ Մուհամմէտ պին Ապտիւլռահման էլ Թանիի հետ։ Հարկ է նշել, որ Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Վահան Կոստանեանն ալ նոյնաժամանակ շփումներ ունեցաւ Տոհայի մէջ։
Արարատ Միրզոյեան եւ Մուհամմէտ պին Ապտիւլռահման էլ Թանի երէկ գոհունակութիւն յայտնեցին երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման ու քաղաքական երկխօսութեան բարձր մակարդակին կապակցութեամբ։ Միրզոյեան շեշտեց, որ Երեւան-Տոհա յարաբերութիւններու զարգացման դրական թափը համահունչ է ընդհանրապէս արաբական աշխարհի բոլոր երկիրներուն հետ Հայաստանի յարաբերութիւններու զարգացման։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախարարները առանձնայատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձուցին տարածաշրջանային փոխկապակցուածութեան հարցերը, որոնց ծիրէն ներս քննարկման առարկայ դարձան հայկական կողմի մշակած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծը՝ որպէս Արաբական ծոցի երկիրներու եւ Սեւ ծովու միջեւ ենթակառուցուածքներու զարգացման լաւ հնարաւորութիւն։
Զրոյցի տեւողութեան Միրզոյեան խօսեցաւ նաեւ Հարաւային Կովկասի անվտանգութեան ընդհանուր իրադրութեան մասին։ Ան իր պաշտօնակցին ներկայացուց Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի վերջին իրադարձութիւնները։ Նախարարը ընդգծեց, որ տարածքային ամբողջականութեան փոխադարձ ճանաչման եւ 1991 թուականի Ալմա-Աթայի հռչակագրին հիման վրայ խաղաղութեան պայմանագրի համաձայնեցման ու սահմանազատման գործընթացի յառաջ ընթանալը շատ կարեւոր նշանակութիւն ունի։
Հարկ է յիշեցնել, որ արաբական աշխարհէն բազմաթիւ երկիրներ ողջունած են՝ Երեւան-Պաքու առանցքին վրայ սահմանազատման հարցին շուրջ գոյացած վերջին համաձայնութիւնը։