ԽՈՐ ԱՆՈՐՈՇՈՒԹԻՒՆ
Ատրպէյճանի հետ սահմանագծման աշխատանքներու գործնական սկիզբին զուգահեռ՝ Հայաստանէ ներս հանրային կարծիքին անհանգստութիւնը կը մնայ առկայ։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ ներկայիս արդէն տեղադրուած է 35 սահմանային սիւն։ Ատրպէյճանի սահմանակից Տաւուշի մարզէն ներս ժողովուրդի անհանգստութիւնը կը շարունակուի։ Սահմանազատման դէմ բողոքի ցոյցերը միշտ կը զբաղեցնեն երկրի օրակարգը՝ մասնաւորապէս սահմանակից չորս գիւղերու պարագային, որոնց վերաբերեալ լուրերը ունին իրերամերժ եւ հակասական բնոյթ։
Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Երեւանի մէջ ընդունեց սահմանակից Կիրանց գիւղէն խումբ մը բնակիչներ։ Այսպէս, շուրջ տասն գիւղացի կառավարութեան շէնքին մէջ զրուցեցին վարչապետին հետ։ Անոնք հանդիպումէն դուրս եկան յուզուած։ Լրագրողներու հետ գրեթէ առանց շփուելու՝ անոնք միայն ըսին, որ ամէն ինչ կը մնայ նոյնը, որեւէ նորութիւն չկայ։ Նոյնպէս «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, վարչապետին հետ տեղի ունեցած երէկուան հանդիպումը սահմանակից գիւղերու բնակիչները դարձեալ անորոշութեան մատնած է։
Միւս կողմէ, Հայաստանի Ազգային ժողովն ալ այս առաւօտ Ատրպէյճանի հետ սահմանագծման աշխատանքներուն անդրադարձաւ։ Ընդդիմութեան կողմէ ներկայացուած էր յայտարարութեան նախագիծ մը։ Բուռն քննարկումներ տեղի ունեցան խորհրդարանի երդիքին տակ եւ ի վերջոյ ընդդիմութեան նախագիծը 27 կողմ եւ 51 դէմ ձայներով մերժուեցաւ։
Նախագծի հեղինակն էր ընդդիմադիր «Հայաստան» խմբակցութեան երեսփոխաններէն Արթուր Խաչատրեան, որ ըսաւ. «Այն ինչ, որ այսօր կը կատարուի Հայաստանի մէջ եւ կը կոչուի փիլոթային սահմանազատում, իրականութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութիւնը մաս առ մաս կտրելով թշնամիին տալու գործընթաց մըն է»։ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան անդամ Արթուր Խաչատրեան շարունակեց. «Որպէսզի սա կանխենք՝ մենք փորձեցինք, որ ազգային ժողովը ընդունի յայտարարութիւն մը, որով կանոնակարգենք այդ գործընթացը։ Այսօրուան իշխանութիւնները այդ մէկը ոգեւորութեան պահուն կը կոչեն սահմանազատում, սակայն պէտք է հասկնանք, թէ ինչ հիմքով տեղի կ՚ունենայ սահմանազատումը»։ Հարկ է նշել, որ Արթուր Խաչատրեան ընդդիմութեան կողմէ ներկայացուած նախագծի հեղինակն էր։
Խորհրդարանէ ներս մեծամասնութեան տէր «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան երեսփոխաններէն Մարիա Կարապետեանն ալ ամպիոնէն հակադարձեց. «Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքէն որեւէ քիլօմեթր ո՛չ կը զիջուի, ոչ ալ կը փոխանակուի»։ Ան նշեց, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան կայսրութեան համատեղ նախագիծը մերժելի է։ «Դաշնակցութիւնը թէեւ աւելի մեծ Հայաստան մը ունենալու անկեղծ ցանկութիւնը ունի, սակայն, ցաւօք, կ՚օգտագործուի կայսրութեան կողմէ յանգեցնելու աւելի փոքր Հայաստանի կամ առ հասարակ Հայաստանի Հանրապետութեան պետական գոյութեան», նշեց Մարիա Կարապետեան։