ՀԲԸՄ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԿԸ ԲԱԺՆԷ՝ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԿՈՂՄԷ ՅԱՏԿԱՑՈՒԱԾ ԺԵՆԵՐԱԹԷՕՐՆԵՐԸ
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) Հայաստանի մէջ այս շրջանին կը բաժնէ՝ Ֆրանսայի կողմէ նուիրաբերուած ժեներաթէօրները։ Թիւով չորս՝ 100 քիլօվաթ հզօրութեամբ այս տիզել ժեներաթէօրները ապահովուած են Ֆրանսայի շարք մը քաղաքապետարաններու եւ տեփարթըմաններու գանձատրումով, ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգման խորհուրդի ջանքերով։ ՀԲԸՄ-ի Ֆրանսայի մասնաճիւղն ալ մասնակցութիւն բերած է այս նախաձեռնութեան։
Հարկ է նշել, որ այս ժեներաթէօրները առաջին հերթին Արցախի համար նախատեսուած էին։ Բայց եւ այնպէս, նկատի ունենալով Արցախի հայաթափումը՝ նախաձեռնութիւնը ենթարկուած է փոփոխութեան։ Այժմ, անոնք ուղարկուած են Հայաստանի այն շրջանները, ուր առաւելագոյն կարիքներ խնդրոյ առարկայ են. օրինակ՝ Գորիսն ու Սիսիանը, Մարտունիի ծննդատունը եւ այլն։
ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ Ֆրանսայի մասնաճիւղի համանախագահ Նատիա Գործունեան այս առթիւ ըսաւ. «Լաւատեղեակ ըլլալով հոսանքի բացակայութեամբ պայմանաւորուած հաւանական քաոսի հետեւանքներուն՝ ՀԲԸՄ պատրաստակամութիւն յայտնեց կեանքի կոչել Ֆրանսայի մեր գործընկերներուն եւ բարեկամներուն խնդրանքը»։
Ժեներաթէօրներու տրամադրման վայրերու ընտրութեան առումով ՀԲԸՄ-ի տեսակէտէ առաջնային չափանիշներ եղած են՝ համայնքներու կամ կառոյցներու դերն ու ճգնաժամային իրավիճակներու մէջ նախկին փորձառութիւնը, ուժանիւթի կարիքները եւ, ընդհանուր առմամբ, տուեալ համայնքի վրայ անոնց ազդեցութիւնը։