ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՆ ՈՒ ՈՃԸ

Ուաշինկթըն հերթական անգամ տեղեկացուց՝ կը հաւատայ, թէ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ խաղաղութիւնը հնարաւոր է եւ ինք կը շարունակէ աշխատիլ այդ ուղղութեամբ։

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութեան բանբեր Վետանթ Փաթել հերթական անգամ անդրադարձաւ Հայաստան-Ատրպէյճան հաշտութեան գործընթացին։ Իր խօսքով՝ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն անձամբ ներգրաւուած է Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին։ «Սա այն տարածաշրջանն է, ուր պետական քարտուղարը անձամբ խորապէս ներգրաւուած է։ Իր պաշտօնավարման ընթացքին ան պարբերաբար շփուած է այդ երկու երկիրներուն հետ», ըսաւ ան։

Պաքուէն ալ յայտարարութիւնները կը շարունակուին Երեւանի հետ հաշտութեան գործընթացին կապակցութեամբ։ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով յայտնեց, որ Հայաստանի հետ փոխադարձ ընդունելի արդիւնքներու հասնելու տեսանկիւնէն ամենաարդիւնաւէտը կը համարուին երկկողմանի ուղիղ բանակցութիւնները։ Պայրամովի խօսքով, իր երկիրը հանդէս կու գայ այդ երկկողմանի հաշտութեան բանակցութիւններուն ի նպաստ։ Արդարեւ, հաստատուած է, թէ անոնք ամենաարդիւնաւէտն են եւ յաջողը լուծման տեսակէտէ։ «Անոնք ուղղուած են Հարաւային Կովկասէ ներս խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման. բան մը, որու վկայութիւնն է երկու երկիրներու սահմանազատման յանձնաժողովներուն միջեւ վերջին պայմանաւորուածութիւնը», նշեց ան։

Իր կարգին, Ատրպէյճանի նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններու գծով ներկայացուցիչ Էլչին Ամիրպեքովն ալ ըսաւ. «Այսօր մենք կը հաւատանք, թէ Հայաստանի հետ միասին կը կարողանանք քաղաքական միջոցներով ու համեմատաբար կարճ ժամանակահատուածի մէջ հասնիլ բոլոր նպատակներուն»։ Ան աւելցուց, որ անհրաժեշտ է ընդգծել՝ շուրջ երկու տարի առաջ Ատրպէյճան նախաձեռնած էր հաշտութեան բանակցութիւններու եւ խաղաղութեան պայմանագրի նախագծին։ «Այդ ժամանակէն ի վեր հաշտութեան գործընթացին մէջ կարեւոր յաջողութիւններ արձանագրուած են», ըսաւ ան։

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանն ալ «Ալ Ճազիրա»ին տուած հարցազրոյցին մէջ յայտնեց, որ Հարաւային Կովկասէ ներս յարատեւ խաղաղութիւն հաստատելու իսկական հնարաւորութիւն գոյութիւն ունի։ Միրզոյեանի խօսքով՝ հայկական կողմը համոզուած է, թէ յարատեւ խաղաղութեան հաստատման հնարաւորութիւնը հիմնուած է յստակ սկզբունքներու վրայ. օրինակ՝ տարածքային ամբողջականութեան փոխադարձ ճանաչումը։ Նոյն հարցազրոյցին մէջ ան խօսած է նաեւ «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագծին շուրջ՝ շեշտելով, որ խնդրայարոյց նիւթ մնալ կը շարունակէ տարածաշրջանային ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակումը։ «Այս համատեսքին մէջ կարեւոր է գիտնալ, որ Հայաստան պատրաստ է ու շահագրգռուած՝ դառնալ միջազգային տարանցիկ երթուղիներու մաս», նշեց ան։ Արեւելք-արեւմուտք եւ հիւսիս-հարաւ ուղղութիւններուն վրայ տարանցիկ երկիր դառնալու յաւակնութիւններու ամբողջին մէջ Միրզոյեան խօսեցաւ նաեւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման մասին։

Հարցազրոյցի ընթացքին Միրզոյեան կանգ առաւ նաեւ Մոսկուա-Երեւան յարաբերութիւններուն վրայ։ Այսպէս, Հայաստան-Ռուսաստան յարաբերութիւններու ամբողջին մէջ կան որոշ խնդիրներ, որոնց կապակցութեամբ գոյութիւն ունի երկխօսութիւն։ Ի շարունակութիւն նախարարը բացատրեց նաեւ, որ Հայաստան տակաւին կը շարունակէ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) անդամ մնալ, բայց չ՚ուզեր մաս կազմել դրութեան մը, որ չ՚աշխատիր։

Միջազգային հրատապ օրակարգին վերաբերեալ այլ հարցումի մը պատասխանելով՝ Միրզոյեան դիտել տուաւ, որ Երեւան պատրաստակամ է՝ ներդրում ունենալու Կազզէի մէջ ռազմական գործողութիւններու դադրեցման ուղղութեամբ։

Չորեքշաբթի, Մայիս 1, 2024