ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԵՒ ԻՐԱԿԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆՆԵՐԸ
Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ (ապրիլի 10-ին), կառավարութեան ծրագրի 2023-ի արդիւնքներու զեկոյցի քննարկման ընթացքին, մէկդի դնելով վիճակագրութիւն ու զանազան՝ ընկերային, տնտեսական ծրագրերու գնահատականը, վարչապետ Փաշինեան կեդրոնացաւ «պատմական Հայաստան» եւ «իրական Հայաստան» ըմբռնումներուն, տեսլականներու բախումին, հակադրութեան քննարկման վրայ։
Հակառակ անոր, որ Միջին Արեւելքի տագնապը Իրան-Իսրայէլ տարածաշրջանային մեծ պատերազմի մը վերածուելու վտանգը կ՚ապրի, անդին՝ ուրիշ պատերազմ մը՝ 2020-ի 44-օրեայի պարտութիւնը եւ անկէ ետք Արցախի Հանրապետութեան քայքայումը դեռ կը յուզէ հայութիւնը, Հայաստանի կառավարութիւնն ու քաղաքական դասը եւ կը ստիպէ միջազգային ու ազգային իրականութիւնները այլ կերպ ընկալելու։ Վարչապետին բանաձեւումին հետ համաձայն ըլլանք կամ չըլլանք, այդ անդրադարձը հետեւանքն է պատմական մեծ կորուստի՝ թէ՛ երիտասարդ սերունդի, թէ՛ պատմական Արցախի հայկական բնակավայրի, թէ՛ ազգային մշակութային ժառանգութեան, ինչ որ անցեալի բազմաթիւ պատկերացումներ, ընկալումներ, վերլուծութիւններ, ռազմավարական դաշինքներ, նախապաշարումներ վերատեսութեան ենթարկելու առիթ կը դառնայ։
Իբր սփիւռքահայ՝ բնական է, որ պատմական Հայաստանի (…) յիշողութիւնը, ուրուականը միշտ մեզի ընկերակցի։ Ան կ՚ընկերակցի նաեւ Հայաստանի քաղաքացիին՝ իբրեւ պատմութիւն, մշակոյթ։ Յաճախ նաեւ իբրեւ ընտանեկան առընչութիւն, Համաշխարհային Ա. պատերազմին, ներգաղթի ընթացքին Արեւելահայաստանը պատմական Հայաստանի մեծ թիւով գաղթականութիւն ընդունած է։ Ինչո՞ւ եւ որքանո՞վ կը հակադրուին այս երկու հասկացութիւնները։
Քաղաքական ազդակը անհերքելի է։ Իշխանութեան գլուխ գալէն ետք, Թաւշեայ յեղափոխութեան առաջնորդը առաջին օրէն նախկիններուն կողմէ «Արցախը վաճառելու» մեղքով ամբաստանուեցաւ։ Սկզբնական շրջանին յայտարարեց, թէ ինք Հայաստանի քաղաքացիին կողմէ ընտրուած ղեկավար մըն է, իսկ Արցախը կը տնօրինէ անոր ղեկավարութիւնը։ Սակայն, շուտով համակերպեցաւ Ստեփանակերտի հրապարակէն յայտարարելու. «Արցախը՝ Հայաստա՛ն է եւ վե՛րջ»։ Ոչ-բռնի ժողովրդային յեղափոխութեամբ իշխանութեան գլուխ եկած առաջնորդը ունէր կարողութիւնը եւ առիթը քաղաքական կարեւոր փոփոխութիւններ կատարելու, սակայն, ան չունէր Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի քաղաքական խորին համոզումը, թէ պէտք է անպատճառ հաշտութեան ճամբան բռնել՝ զիջելով գոնէ եօթը շրջաններէն հինգը... Բնականաբար, Փաշինեանը ետ պահողը բանակի հրամանատարութեան եւ պաշտպանութեան նախարարի ինքնավստահ երաշխաւորումներն էին, թէ հայկական բանակը կրնայ դիմադրել Ատրպէյճանի որեւէ տեսակի յարձակման։ Պաշտպանութեան նախարարին՝ «Նոր պատերազմ, նոր տարածքներ» յայտարարութիւնը այդ տեսակէտը կը հաստատէր։
Միջազգային դիտանկիւնէն, սակայն, յաչս արեւմտեան պետութիւններու եւ Ռուսաստանի՝ Արցախի մաս կազմելը Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան, Ռուսաստանի՝ Հայաստանի նկատմամբ դաշնակցային պարտաւորութեան զլացումը, Թուրքիա-Ատրպէյճան դաշինքի հզօրացումը, Ատրպէյճանի զինանոցի արդիականացումը, հայկական բանակի դիմադրունակութեան վերաբերեալ հրամանատարութեան մեծամտութիւնը եւ երկրի ներքին քաղաքական երկփեղկումը պատճառ դարձան, որ Հայաստանի վրայ յարձակումը տեղի ունենայ՝ առանց միջազգային լուրջ ընդդիմութեան եւ հակազդեցութեան։
Հայաստանի մէջ «պատմական Հայաստան»ի կողմնակիցները ռուսական կայսրութիւնը կը դիտեն՝ իբրեւ Հայաստանի դարաւոր պաշտպանը թուրքերուն դիմաց, մինչ Արցախի պարտադրեալ անձնատուութիւնը հակառակը փաստեց։ Իսկ «իրական Հայաստան»ը կ՚ուզէ դուրս գալ այս պատերազմական տրամաբանութենէն՝ քալելով խաղաղութեան ուղիով։ Այս հակադրութիւնը պատճառ դարձաւ, որ Հայաստան վերասահմանէ ռազմավարական գործընկերութիւնները։ Պատերազմի աւարտին Ռուսաստան կրցած էր Արեւմուտքը միանգամայն հեռացնել Հարաւային Կովկասէն, սակայն, յաջորդ երկու տարիներուն ան մսխեց ռազմավարական իր առաւելութիւնը՝ կորսնցնելով արցախահայերու եւ Հայաստանի քաղաքացիներու վստահութիւնը, մինչեւ իսկ տարածաշրջանին մէջ իր ներկայութիւնը խնդրոյ առարկայ դարձնելով։
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Խմբագրական՝ Փարիզի «Նոր Յառաջ»ի