«ՌԱԹԱԹՈՒՅ»Ը ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ
Վանաձորի «Յովհաննէս Աբելեան» պետական տրամաթիքական թատրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Պրետ Պէօրտի բեմագրութեան վրայ հիմնուած «Ռաթաթույ» ներկայացման առաջին ցուցադրութիւնը: Հայաստանի մէջ ներկայացումը արժանացաւ ինչպէս կրտսեր, այնպէս ալ մեծահասակ հանդիսատեսի ջերմ ընդունելութեան: Ներկայացման ստեղծագործական կազմը համոզուած է, թէ գունեղ եւ հետաքրքրական բեմադրութիւնը երկար կը մնայ Վանաձորի թատրոնի խաղացանկին վրայ:
Գլխաւոր հերոսի՝ Ռեմիի կերպարը մարմնաւորած է դերասան Էտկար Բարսեղեան: Իր խօսքով՝ Ռեմին երազկոտ, մաքրասէր առնէտ մըն է, որ ծնած օրէն ի վեր անհաշտ է իր ապրելակերպի հետ ու կը մտածէ, թէ մարդոց աշխարհին մէջ ամէն ինչ այլ է: Ան կը կարծէ, թէ անոնք ունին մաքուր սնունդ եւ տաք անկողին, սակայն չի գիտեր, թէ ինչո՛ւ մարդիկ զիրար առնէտ կ՚անուանեն:
Բեմադրիչ Ժիրայր Գաբրիէլեան «Ռաթաթույ» ներկայացման շուրջ աշխատած է օգնութեամբ մեծ խումբի մը, որ ամէն ինչ ըրած է ուշագրաւ ներկայացում ստանալու համար: Բացի գունեղ ու հետաքրքրական ըլլալէ՝ բեմադրութիւնը ունի կարեւոր ուղերձներ, որոնք կրնան դաստիարակչական ազդեցութիւն ունենալ երեխաներու վրայ: Ամբողջ ներկայացումը յագեցած է գեղեցիկ ու հետաքրքրական թեքնիք հնարքներով, որոնք կը զարմացնեն հանդիսատեսը։
Բեմականացման հեղինակներն են Արմինէ Պոյաճեանն ու Նարեկ Մանուչարեանը, բեմանկարչութեան եւ զգեստներու հեղինակն է Լիլիթ Մխիթարեան, երաժշտական ձեւաւորումներու եւ թեքնիք հնարքներու պատասխանատուն՝ Հրանդ Վարդումեան, լոյսի նկարիչներն են Դաւիթ Գալստեանն ու Աշոտ Գէորգեանը, զարդարիչը՝ Տիգրան Աբգարեանն ու Անահիտ Գէորգեանը։
Ներկայացման մէջ զբաղած են թատրոնի երիտասարդ դերասանները, աշակերտներ եւ ուսանողներ հանրակրթական դպրոցներէն եւ կրթական այլ հաստատութիւններէն: