ՄԻՋԱՆԿԵԱԼ ՇՐՋԱՆ
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ երեկոյեան ընդունեց ԱՔ կուսակցութեան ղեկավար ու վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլուն, որուն յանձնած էր նոր նախարարաց խորհուրդը ձեւաւորելու պաշտօնը։ Այս առթիւ Ահմէտ Տավուտօղլու Էրտողանին վերադարձուց այդ պաշտօնը։
Նկատի ունենալով, որ Յունիս 7-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն յաջորդած իրադարձութիւններով նոր կառավարութիւնը ձեւաւորելու գործընթացը պիտի վերջանայ այս շաբաթավերջին՝ ներկայ պայմաններով յայտնի է, թէ երկիրը միջանկեալ շրջանէ մը պիտի անցնի։
Էրտողան երէկ յայտնեց, թէ ՃՀՓ-ի կուսակցապետ Քեմալ Քըլըչտարօղլուն կրնայ պաշտօնի չկոչել եւ Թուրքիա կրնայ ընտրութեան երթալ երկու ամսուան ժամանակաւոր կառավարութիւնով մը։ Այդ ժամանակաւոր նախարարաց խորհուրդին մասնակցելու կողմնակից չէ ՄՀՓ-ն։ ՃՀՓ տակաւին որոշում մը չէ տուած, իսկ ՀՏՓ տեղեկացուցած է, որ պիտի մասնակցի։ Ընդդիմադիր ուժերուն որոշումը կարեւորութիւն կը ներկայացնէ, որովհետեւ ժամանակաւոր կառավարութեան մէջ խորհրդարանի բոլոր կուսակցութիւնները կրնան ներկայանալ՝ խորհրդարանի իրենց աթոռներու համեմատութեամբ։
Մինչ այդ, Բարձրագոյն ընտրական խորհուրդն ալ երէկ տեղեկացուց, թէ նոր ընտրութիւն մը կազմակերպելու համար անհրաժեշտ իննսուն օրուան ժամկէտը կարելի է կրճատել։ Այս պայմաններուն ներքեւ ընտրութեան համար հաւանական թուականը կը համարուին Նոյեմբերի 1-ը կամ 8-ը։
Միւս կողմէ, ԱՔ կուսակցութեան Կեդրոնական գործադիր խորհուրդը երէկ որոշեց կուսակցութեան համագումարը կազմակերպել յառաջիկայ Սեպտեմբերի 12-ին։