ԿԻՆԵՐՈՒ ՓԱՌՔԻ ՏՕՆԸ
Երբ կը տօնենք Աստուածամօր Վերափոխման տօնը՝ կը վերյիշենք կիներու եւ մանաւա՛նդ մայրերու անհրաժեշտ մասնակցութիւնը ամբողջ տիեզերական պատմութեան մէջ՝ թէ ի՜նչ կարեւոր դեր խաղացած են մարդկային մեծ ընտանիքին՝ ընկերութեան կազմութեան, կազմաւորման եւ մանաւա՛նդ, անոր աճման ու զարգացման մէջ։
Ուստի Աստուածամօր բոլոր տօները, ի մասնաւորի Վերափոխման տօնը, սիրելի՜ ընթերցող բարեկամնր, ամբողջ աշխարհի կիներու փառաւորման տօ՛նն է։
Ընդհանուր պատմութիւնը երբ նկատի ունենանք, պիտի տեսնենք, որ նախապէս, կիներ կորսնցուցած էին իրենց իրաւունքները եւ ազատութիւնը, յարգ ու պատիւ չէին վայելեր դա՜րեր առաջ եւ կը տառապէին, կը տանջուէին այս կամ այն անիրաւութեան, անարդարութեան պատճառով։ Կիներ իրաւազրկուած՝ կը հալածուէին, կը չարչարուէին եւ ընկերային կեանքի մէջ նեղութիւններ ունէին։ Եւ այս բոլորը հակառա՛կ էր իրենց արարչութեան նպատակին, իմաստին եւ կոչումին։
Կինը ստեղծուած էր որպէս այր-մարդուն լրացուցիչ, «մարդ» արարածին ամբողջութիւնը կազմող անհրաժեշտ տա՛րր եւ մանաւանդ՝ կոչուած էր բարձրագոյն պարտականութեան մը՝ պատասխանատուութեան մը՝ մայրութեա՛ն։ Մայրութեան՝ որ գագաթնակէտը, զենի՛թն է եւ բարձրագոյն դիրքը մարդկային ամէն արժէքի, քանի որ երկրի վրայ մարդկային կեանքը կը սկսի մայրութեան շնորհիւ, «մայր» եզրին նախաձեռնութեա՛մբ…։ Արդեօք չափազանցած կ՚ըլլա՞նք, երբ ըսենք, թէ «մայր»ը՝ որդի մը ծնող կինը, երկրի վրայ «գործակից»ն է, «գործակատար»ն է Աստուծոյ, քանի որ ինչպէս Աստուած ստեղծեց մարդը, նոյնպէս ալ մայրը, եթէ ո՛չ ստեղծել, բայց ծնունդ կու տայ մարդուն՝ նոր մարդու մը, մանուկի մը, աշխարհի վրայ։ Ուստի, «մայր» եզրը Աստուծոյ ամենամերձաւոր, ամենանման դիրքն է մարդ էակին, եթէ ո՛չ Աստուած, որ միա՛կն է՝ տիպարը ամէն էութեան, ամէն արարածներու։ Մայրը, ահաւասիկ այս իմաստով կը գերազանցէ բոլոր միւս արարածները՝ մարդը եւ աւելի եւս կը մօտենայ աստուածութեան…։
Այս առաքինութիւններով եւ առաւելութիւններով օժտուած կին-մարդը, Քրիստոսէ առաջ, դժբախտաբար հետզհետէ կոր-սընցուցած էր իր արժանիքը՝ անտեսուած, լքուած եւ արժեզրկուած էակի մը հանգամանքը ստացած էր ընկերային կեանքին մէջ։ Մինչդեռ «մայր»ը էականն է, հիմը եւ առանցքը ամէն գոյութեան, ամէն էութեան։ Կեանք տուողը, կեանքի կոչողը, կեանքի մը սկիզբը եւ կեանքն իսկ է մայրը՝ իր կին հանգամանքով։
Եւ ահաւասիկ Քրիստոսի միջոցով, Անոր վարդապետութեան քարոզութեամբ ազատագրուեցաւ կինը իր կապանքներէն՝ վերագտնելով իր արժանի եւ իսկական դիրքը եւ հանգամանքը։
Պօղոս Առաքեալ, իր կորնթացիներուն ուղղուած նամակին մէջ սապէս կ՚ըսէ. «Խտրութիւն չկա՛յ ո՛չ հրեայի եւ ո՛չ հեթանոսի, ո՛չ արուի եւ ո՛չ էգի միջեւ»։ Այս կը նշանակէ՝ թէ քրիստոնէութիւնը, այր-մարդու եւ կին-մարդու հաւասարութիւնը բերաւ աշխարհ։ Եւ այսօր, աշխարհի գիտակից եւ լուսամիտ կիները կը վայելեն իրենց իրաւունքը եւ ազատութիւնը՝ հաւասարութեան հրաշալի սկզբունքին մէջ։ Այսօր կիներ կը պաշտպանեն իրենց արդար իրաւունքը եւ չեն ենթարկուիր ցեղային ու սեռային որեւէ անիմաստ խտրութեան։
Արդարեւ կին-մարդը կոչուած է մայրութեան՝ այդ վեհագոյն պաշտօնին ու ապագայի պատասխանատուութեան։ Քանի որ մայրերն են, որ պիտի կերտեն ապագան՝ ծնելով ու հասցնելով սերունդներ։ Այս իմաստով է, որ Օնոռէ Պալզաք ըսած է, թէ՝ ազգի մը ապագան մայրերու ձեռքին մէ՛ջն է։ Իսկ ամենալաւ մայրը ան է՝ որ կը փոխարինէ որդիներուն հօր՝ անոր չգոյութեան պարագային։ Այս ալ ցոյց կու տայ դարձեալ այր-մարդու եւ կին-մարդու բնական հաւասարութիւնը։
Եթէ «մարդ»ը իր ամբողջութեամբ կշիռ մըն է, անոր երկու նժարներուն վրայ կը գտնուին «այր-մարդ»ը եւ «կին-մարդ»ը՝ որոնց ծանրութիւնը պէտք է հաւասար ըլլայ, որպէսզի կշիռը հաւասարակշռուի, այլ խօսքով՝ «մարդ»ը ամբողջութիւն մը կազմէ իր էութեամբ, եւ պահէ իր հաւասարակշռութիւնը։ Արդարեւ իւրաքանչիւր նժարի մէջ կրնան տարբեր արժէքներ ըլլալ, բայց կարեւորը այդ տարբեր արժէքներուն, ծանրութիւններուն հաւասարակշռութիւնը ապահովելն է։ Նժարներու մէջ հաւասարակշռութիւնը պահողը՝ ո՛չ թէ որակը, այլ քանակն է, ուրիշ բացատրութեամբ զիրար լրացնելն է կարեւորը՝ առաւելներու եւ պակասներու հաւասարակշռութիւնն է։
Այս կէտին, եթէ այր-մարդը ունի կարողութիւն, զօրութիւն, ըստ երեւոյթի կրնայ տիապետող դիրքի վրայ երեւիլ, բայց եթէ ունենայ շատ բան, արժէք, անկէ կը պակսի շատ էական յատկութիւն մը՝ որ տրուած է միայն «կին-մարդ»ուն՝ այր-մարդը «մա՛յր» չի կրնար ըլլալ, եւ այս առաւելութիւնը իսկ, որպէս արժէք, կը հաւասարեցնէ կին-մարդը այր-մարդուն՝ լրացնելու եւ ամբողջացնելու համար «մա՛րդ»ը, այսինքն մարդ-կշիռը հաւասարակշռելու համար…։ Ուստի մայրութեան առանձնայատկութիւնը բաւարար արժէք մըն է՝ որ կին-մարդը կը հաւասարեցնէ այր-մարդուն։ Ուրեմն իգապաշտ հոսանքներ երբ կը պաշտպանեն այր-մարդու եւ կին-մարդու հաւասարութիւնը՝ մայրութեան եզրը բաւարար է իրենց արդար պաշտպանութիւնը փաստելու եւ հաստատ հիմերու վրայ բարձրացնելու համար։ Ուստի «հաւասարութեան» ըմբռնումը պէտք է հասկնալ «հաւասարակշռութիւն» եւ «ներդաշնակութիւն» ապահովող արժէքներու համեմատութիւնը եւ ո՛չ թէ նոյն կամ նոյնանման արժէքերուն, նոյնորակ գոյութիւններու թուային համապատասխանութիւնը։ Հաւասարութիւնը, այս իմաստով արժէքներու հաւասարակշռութիւնն է։
Սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, մեծ արժէք կը ներկայացնէ ձեր իւրաքանչիւրին կարծիքը եւ գաղափարը, ուրեմն ի՞նչ է ձեր կարծիքը այս մասին։ Այր-մարդոց բազմաթիւ կարողութիւններու, զօրութիւններու փոխարէն կին-մարդուն մասնայատուկ «մայրութիւն»ը, մայր ըլլա՛լու առանձնայատկութիւնը բաւական չէ՞ որ մարդ էութեան ամբողջութիւնը հաւասարակշռէ, կշիռին նժարներու համապատասխանութիւնն ու հաւասարութիւն ապահովէ։ Ուստի եւ, այդ-մարդոց ա՜յնքան կարողութիւններուն փոխարէն «մայրութի՛ւն»ը։
Մայրութիւնը մարդկութեան վեհիմաստ արժէ՛քն է…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օգոստոս 14, 2015, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/23/2024