ՀՊԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ԿՈԹՈՂ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին այսօր կը նշէ Համբարձման տօնը, իսկ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս, ըստ ընկալեալ սովորութեան, այսօր Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հիմնադրութեան տարեդարձն է։ Ան թրքահայութեան հպարտութեան կոթողն է եւ իր ծաւալով հայկական ամբողջ սփիւռքի նման միակ կառոյցը։ Համայնքային շրջանակները ջերմօրէն կ՚ողջունեն Ազգային հիւանդանոցի հիմնադրութեան 192-րդ տարեդարձը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այս առաւօտ այցելեց Ազգային հիւանդանոց, ուր հիւրընկալուեցաւ հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի եւ գործակից ընկերներուն կողմէ։ Ան նախագահեց Սուրբ Փրկիչ մատրան աւանդական տօնակատարութիւններուն։ Պատարագիչն է Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեան։ Փառաշուք արարողութիւնները համախմբեցին համայնքային շրջանակներէն ներկայացուցիչներ, որոնք Ս. Պատարագէն վերջ բոլորուեցան աւանդական համբարձման սեղանին շուրջ։
(Մանրամասնութիւնները՝ վաղուան թիւով)։
Թրքահայ կեանք
- 11/25/2024
- 11/25/2024