ՀԱՄԲԱՐՁՄԱՆ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԵՒ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ աւանդական շուքով նշեց Տէր Յիսուս Քրիստոսի Համբարձման տօնը, որու ընթացքին յիշատակուեցաւ նաեւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Աթոռի 1441 թուականին Սիս քաղաքէն վերջնականօրէն Սուրբ Էջմիածին փոխադրումը։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ արարողութիւններուն նախագահեց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը։ Ս. Գայիանէ վանքին մէջ օրուան Ս. Պատարագը մատոյց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Գարեգին Ա.» կրթական կեդրոնի տնօրէն Տ. Վահան Եպսկ. Յովհաննիսեան։ Ս. Պատարագի ընթացքին տեղի ունեցաւ Հայրապետական մաղթանք, որու ընթացքին առ Աստուած աղօթք բարձրացուեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի անսասանութեան, Ամենայն Հայոց Հայրապետութեան պայծառութեան ու շէնացման համար։
Արարողութիւններու աւարտին Վեհափառ Հայրապետը տուաւ իր պատգամը, որու ընթացքին անդրադարձաւ առկայ մարտահրաւէրներուն, որոնք կը տագնապեցնեն հայ իրականութիւնը։ «Վտանգուած են Հայաստանի սահմանները եւ սպառնալիքներու տակ՝ հայրենաբնակ մեր ժողովուրդի կեանքը, կորսուած է մեր անդորրը եւ խոցուած՝ մեր ազգային արժանապատուութիւնը։ Ցաւալի կորուստներու եւ դառն պարտութիւններու մէջ մենք վերստին կը դառնանք դէպի կեանքի աղբիւրը, դէպի ամենախնամ Աստուած, որ հազարամեակներու փորձառութիւններու ու մաքառումներու, արհաւիրքներու ու աղէտներու մէջ կեանքի եւ յարատեւութեան շնորհով օրհնեց մեզ», ըսաւ ան։
«Քրիստոսահիմն Սուրբ Էջմիածինը համայն հայութեան հոգեւոր տունն է, հայոց անկախ պետականութեան կերտման դարբնոցը, հայ ժողովուրդի յաղթանակներու ու յարատեւութեան խորհրդանշանը եւ ազգային մեր անաղարտ ինքնութեան ջահակիրն ու պահապանը։ Սուրբ Էջմիածնի տեսիլքը այսօր եւս կը շարունակէ մնալ հոգեւոր ներուժն ու ակունքը յաղթանակներու. յաղթանակ՝ փորձութիւններու դէմ, յաղթանակ՝ ինքնութեան ու արժանապատուութեան համար պայքարի մէջ, յաղթանակ՝ առ հայրենին ու առ սրբազան արժէքները հաւատարմութեան։ Մեր յաղթանակները չունին թշնամանքի եւ ատելութեան կնիք, այլոց արժանապատուութիւնը նսեմացնելու, սրբութիւնները ոտնահարելու եւ ինքնութիւնը ոչնչացնելու չարորակ նկրտում։ Մեր յաղթանակները կ՚ամրապնդեն կեանքն ու վճռակամութիւնը՝ հասնելու խաղաղութեան, անվտանգ պահելու մեր ժողովուրդը, վերահաստատելու համազգային սէրն ու համերաշխութիւնը», ընդգծեց Վեհափառ Հայրապետը ու մաղթեց, որ շուտափոյթ հանգուցալուծուին առկայ հիմնախնդիրները եւ հայ ժողովուրդը պատուով յաղթահարէ իրեն պատուհասած արհաւիրքները։
«Արդ, յոյսով ու լաւատեսութեամբ զինուինք, չտկարանանք դժուարութիւններու առջեւ, յիշենք մեր նախնիներու սխրանքները, թօթափենք վախու ու անտարբերութեան կործանարար զգացումները, ըլլանք միակուռ ու միաբան։ Համախմբուինք հայոց անկախ պետականութեան լուսաւոր գաղափարին շուրջ, Աստուծոյ օրհնութեամբ անկասելի դարձնելու մեր ժողովուրդի ընթացքը դէպի մեր լուսաւոր ապագայի նոր հորիզոնները», եզրափակեց ան։
Եկեղեցական
- 11/25/2024
- 11/25/2024