ՈՒՆԵՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ՏՈՒՐՔԻ ՄԱՍԻՆ ԳԻՐՔ ՄԸ
LİBRA հրատարակչութիւնը վերջերս լոյս ընծայած է «Varlık Vergisi: İtirazlar-Hatıralar-Hiciv Şiirleri ve Yazıları» գիրքը, որ եզակի գործ մըն է իր տեսակին մէջ՝ բովանդակութեան թէ՛ զանազանութեամբ եւ թէ սահմանումներով։ Գիրքը կազմած է Թուրքիոյ հրեայ համայնքի յայտնի մտաւորականներէն Ռըֆաթ Պալի, որ միեւնոյն ժամանակ LİBRA հրատարակչատան հիմնադիրն ու վարիչն է։
Ռըֆաթ Պալի զանազան գլուխներու ձեւաչափով գիրքին մէջ բացատրած է՝ ունեւորութեան տուրքի օրէնքի ընդունման նախորդած մամուլի միջավայրը, այդ օրէնքի գործադրութիւնը, ժամանակաշրջանի միջավայրը ցոլացուցած գրութիւնները, այդ շրջանին Հանրապետութեան նախագահութեան ուղարկուած դիմում-նամակները, օտարահպատակներու կացութիւնը, «The New York Times»ի պատկան յօդուածաշարքը, ինչպէս նաեւ 1950-ական թուականներէն մինչեւ մեր օրերը ունեւորութեան տուրքի պայմանաւորած յիշողութիւնը։
Ռըֆաթ Պալի գիրքին մէջ նիւթը այնպիսի քաղուածքով մը մատուցած է, որ ունեւորութեան տուրքը բիւրեղացած է թէ՛ երկրի փոքրամասնութիւններու տեսակէտէ ընդհանրութիւններով եւ թէ հայերու, յոյներու կամ հրեաներու պարագային առանձնայատկութիւններով։
Գիրքի պատրաստութեան ժամանակ ցուցաբերուած ուշադրութեան ու նախանձախնդրութեան ի շարունակութիւն՝ բովանդակութիւնը կ՚ընդգրկէ նաեւ աղբիւրագիտութեան եւ մատենագիտութեան տուեալներ, ինչպէս նաեւ նիւթին վերաբերեալ ամբողջ ժամանակագրական ցուցակ մը, որուն կցուած են զանազան տեսանիւթեր։
Վստահաբար այս գործը հետաքրքիրներու անմիջական ուշադրութեան առարկայ դառնայ։