ԼՈՌԻՆ ՔԸԼԸՉՃԸ ՍՏԱՑԱՒ ԶՈՅԳ ՎԿԱՅԱԿԱՆ

Գո­հու­նա­կու­թեամբ վե­րա­հա­սու կ՚ըլ­լանք, թէ մեր հա­մայն­քի նոր սե­րուն­դի ար­ժէ­քա­ւոր ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րէն Լո­ռին Քը­լըչ­ճը փայ­լուն յա­ջո­ղու­թեամբ ա­ւար­տած է իր բարձ­րա­գոյն ու­սու­մը։

Լո­ռին Քը­լըճ­ճը դուստրն է Պերճ եւ Տա­լի­տա Քը­լըճ­ճը ա­մո­լին։ Ան 1992 թուա­կա­նին ծնած է Գա­տը­գիւ­ղի մէջ ու ման­կա­պար­տէ­զի տա­րի­նե­րուն յա­ճա­խած՝ թա­ղի Ա­րա­մեան-Ուն­ճեան վար­ժա­րա­նը։ Ա­պա ու­սու­մը շա­րու­նա­կած է «Քիւ­չիւք Փրենս» վար­ժա­րա­նին եւ Սէն Ժո­զէֆ ֆրան­սա­կան լի­սէին մէջ։ 2011-ին հա­մալ­սա­րա­նի մտից քննու­թիւն­նե­րու ար­դիւն­քին ի­րա­ւունք շա­հած է ու­սա­նե­լու Կա­լա­թա­սա­րայ հա­մալ­սա­րա­նի Հա­ղոր­դակ­ցու­թեան ֆա­քիւլ­թէի գո­վազ­դի եւ հա­սա­րա­կու­թեան հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բաժ­նէն ներս։ Այս տա­րի ար­դէն շրջա­նա­ւարտ ե­ղած է փայ­լուն յա­ջո­ղու­թեամբ։ Լո­ռին Քը­լըչ­ճը զու­գա­հե­ռա­բար ձեռք բե­րած է նաեւ բարձ­րա­գոյն ուս­ման երկ­րորդ վկա­յա­կան մը՝ Ֆրան­սա­յի մէջ ա­ւար­տե­լով Պոր­տո­յի հա­մալ­սա­րա­նը։

Այս առ­թիւ ջեր­մօ­րէն կը շնոր­հա­ւո­րենք Լո­ռին Քը­լըչ­ճըն եւ նո­րա­նոր յա­ջո­ղու­թիւն­ներ կը մաղ­թենք ի­րեն։ Նոյն առ­թիւ մեր խնդակ­ցու­թիւն­նե­րը կը յղենք իր ծնող­քին։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 20, 2015