ՀԱՔԱՆ ՖԻՏԱՆ. «ՍԻՒԼԷՅՄԱՆԻՅԷԻ ՀԵՏ ԲԱՑ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԵՆՔ»

Անգարա Կազզէի պատերազմին կապակցութեամբ աշխոյժ նախաձեռնութիւնները կը շարունակէ։ Թուրքիա միջազգային հարթակներու վրայ միշտ կը բարձրաձայնէ իր մօտեցումները, որոնք հետամուտ են ընդհանուր առմամբ կայունութիւն մը ապահովելու Մերձաւոր Արեւելքի մէջ։

Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան, որ այս առաւօտ Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Գանատայի պաշտօնակիցը՝ Մելանի Ժոլին, երէկ, հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի, «Համաս»ի քաղաքական գրասենեակի ղեկավար Իսմայիլ Հանիյէի եւ Քաթարի վարչապետ ու արտաքին գործոց նախարար Շէյխ Մուհամմէտ պին Ապտուրրահման ալ Սանիի հետ։ Կը հաղորդուի, որ Ֆիտան Պլինքընի հետ զրոյցի ընթացքին հերթական անգամ մատնանշած է, որ Անգարա շինիչ կը համարէ «Համաս»ի մօտեցումները։

Միւս կողմէ, Հաքան Ֆիտան յայտարարեց, որ Անգարա բաց խօսակցութիւն կը վարէ Սիւլէյմանիյէի հետ։ Հեռուստակայանի մը տուած հարցազրոյցին նախարարը անդրադարձաւ Թուրքիոյ կողմէ հետապնդուած նպատակներուն՝ Հիւսիսային Իրաքի Քրտական Ինքնավարութեան ղեկավարութեան հետ շփումներուն մէջ։ Ան ըսաւ.

«Այս շրջանը Օսմանեան ժամանակներէն ի վեր մեր աշխարհագրական ու մշակութային գոյութեան մաս կը կազմէ։ Մենք շատ յստակ ենք անոնց հետ տեսակցութեան ժամանակ։ Այս մարդիկը վատ են, մենք ձեզի հետ լաւ ըլլալ կ՚ուզենք։ Պատերազմը մենք կը մղենք։ Դուք ասոնց հետ հեռաւորութիւն պահեցէք, այլապէս մեր գործողութիւնները պիտի շարունակուին։ Մենք երբ տեսնենք, որ դուք ՓՔՔ-ի հետ կը վարուիք, ապա պէտք է ձեզի ալ բան մը ընենք։ Անկարելի է, որ վարուինք այնպէս՝ կարծես ոչինչ կը պատահի»։

Հաքան Ֆիտան նշեց, որ իր տպաւորութեամբ Սիւլէյմանիյէի մէջ այս մօտեցումը հետզհետէ կ՚ընկալուի։ «Տայ Աստուած հասկնան։ Մենք մեծ պետութիւն մըն ենք, ունինք մեր մարմինները եւ անհրաժեշտը կ՚ընենք։ Իրաք քարիւղ ունի, պաշարներ ունի, սակայն հիմնական ուժանիւթի խնդիրները, ջուրի մատակարարման եւ առողջապահութեան, ենթակառուցուածքներու խնդիրները լուծել չի յաջողիր», շարունակեց նախարարը։

Ի լրումն այս բոլորին, Ֆիտան նշեց, որ առկայ խնդիրները ազդեցութիւն կը գործեն նաեւ ընդհանրապէս Իրաքի վրայ։ «Երկրի մը մէջ, ուր զինեալ խմբաւորումները ազատ-համարձակ ման կու գան, այս խնդիրները չեն կրնար լուծուիլ։ Մենք ըսինք՝ եթէ մեզի հետ միասին էք, ապա միասնաբար ոչնչացնենք ահաբեկչական կազմակերպութիւնը։ Ինչպէս Էրպիլի ղեկավարութեան, այնպէս ալ Պաղտատի հետ կը զարգացնենք ահաբեկչութեան դէմ պայքարի հասկացութիւնը։ Ահաբեկչութիւնը կը խոչընդոտէ նաեւ Իրաքի զարգացումը։ Մեզի համար էականն է, թէ ո՛ր քայլերը կ՚առնեն ահաբեկչական կազմակերպութեան դէմ։ Թուրքիա մեծ երկիր մըն է եւ վերջին քսան տարիներուն լուծած է իր ենթակառուցուածքներու հարցերը։ Եկէք, օգտուեցէք այս բանէն։ Այլեւս այսքան արիւն, արցունք եւ պատերազմը բաւարար է։ Այս բանին համար ծրագիրներով պէտք է ընթանանք։ Այս աշխարհագրութեան պաշարները յարմար են, մարդիկ կ՚ուզեն այս բանը։ Այս բոլորը ընելու ժամանակ մենք չենք ուզեր մեր հարեւաններուն կողմէ սխալ հասկցուիլ ու կը ձգտինք անոնց հետ միասին աշխատելու», եզրափակեց Ֆիտան։

Հինգշաբթի, Մայիս 16, 2024