ԽՐԱԽՈՒՍԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐ

Եւրոպական վերակառուցման եւ զարգացման դրամատան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջազգային զարգացման գործակալութեան միջեւ ստորագրուեցաւ յուշագիր մը՝ Հարաւային Կովկասի երկիրներու տարանցիկ ուղիներու բարելաւման համար։ Անդրկասպեան միջազգային փոխադրութեան երթուղիի զարգացման հետամուտ է այս փաստաթուղթը։ Սա յայտնի է «Միջին միջանցք» անուանումով եւ կը նախատեսէ Հարաւային Կովկասի միջոցաւ Ասիոյ ու Եւրոպայի միջեւ կապերու ապագայ բարելաւումը։ Կողմերու գործընկերութիւնը կը կեդրոնանայ առեւտուրի ընդլայնման, կանաչ ուժանիւթի, արդիւնաբերութեան նոր ճիւղերու մէջ ներդրումներու եւ թուային ենթակառուցուածքներու վրայ՝ Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի միջեւ։ «Միջին միջանցք»ի ամրապնդումը պիտի ստեղծէ նոր, տնտեսական վերափոխման հնարաւորութիւններ ամբողջ տարածաշրջանէն ներս եւ այլընտրանքային փոխադրութեան ուղիներ պիտի ապահովէ ներկայ առեւտրային ուղղութիւններուն։ Այս նախաձեռնութիւնը, միեւնոյն ժամանակ, ուղղուած է մաքսային, սակագնային եւ սահմանային գործողութիւններու արդիւնաւէտութեան բարձրացման։ «Միջին միջանցք»ի զարգացման համար Հարաւային Կովկասի երկիրներու տնտեսութիւններուն մէջ մասնաւոր ներդրումներ պիտի ներգրաւուին, Եւրոպայի եւ տարածաշրջանի երկիրներուն միջեւ տնտեսական համագործակցութեան խթանման համար միջազգային ամենաբարձր չափանիշները պիտի հաստատուին։

Երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Եւրոպական վերակառուցման եւ զարգացման դրամատան տարեկան համաժողովը։ Օրուան տեւողութեան Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան մէկտեղուեցաւ դրամատան նախագահին՝ Օտիլ Ռենօ Պասոյի հետ։

Փաշինեան ելոյթով մըն ալ հանդէս եկաւ դրամատան տարեկան համաժողովի բացման՝ շեշտը դնելով կրթութեան բարեփոխումներուն, էնսթիթիւսիոնէլ զարգացման, ինչպէս նաեւ խաղաղութեան օրակարգը կեանքի կոչելու վրայ։ Ան բարձր գնահատեց այս դրամատան հայկական կողմին հետ գործընկերութիւնը։

Եւրոպական դրամատան տարեկան համաժողովին առթիւ Երեւանի մէջ համախմբուեցաւ շուրջ 3 հազար մասնակից՝ 74 երկրէ։

Հինգշաբթի, Մայիս 16, 2024