«ԱԼԻԵՒԸ ԿՈՎԿԱՍԻ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒ ԱՌԱՋՆՈՐԴ»
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ երէկ Սպիտակ Ռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոյի հետ այցելեց Արցախ։ «Կովկասեան տարածաշրջանին համար՝ որպէս առաջնորդ պատասխանատու է Ալիեւը», ըսաւ Լուքաշենքօ ակնարկելով առկայ անհանգիստ իրավիճակին։ Պաքու-Մինսք յարաբերութիւններուն անդրադառնալով ան ըսաւ. «Մենք կը շփուինք եղբայրներու նման»։
Բաց աստի, Լուքաշենքօ Ալիեւին խօսք ուղղելով ըսաւ. «Յաղթանակը կայ, այժմ վերածնունդի պահն է»։ Իր կարգին, Ալիեւն ալ շեշտեց, որ հրաւէր ուղղած է, որպէսզի Սպիտակ Ռուսիոյ ընկերութիւնները աշխուժօրէն մասնակցին Ղարաբաղի եւ արեւելեան Զանգեզուրի գօտիներու վերականգնման՝ քանի ահռելի ծաւալով աշխատանք նախատեսուած է։ Ան շեշտեց, որ Սպիտակ Ռուսիոյ մէջ քաղաքաշինութեան մեծ փորձառութիւն գոյութիւն ունի, կ՚օգտագործուին արդի թեքնոլոժիները։ Գիւղատնտեսական աւաններու շինարարութեան փորձառութիւնն ալ ուշագրաւ է։