«ԱՅԴՊԻՍԻ ԽՆԴՐԱՆՔ ՉԷ ԵՂԱԾ»

Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդի նախագահ Արմէն Գրիգորեան երէկ Հանրային հեռուստակայանին տուած հարցազրոյցին ժամանակ անդրադարձաւ Ատրպէյճանի հետ սահմանագծման։ «Եթէ սահմանազատում կը կատարուի, ապա դիրքերը կարեւոր չեն, կարեւոր է՝ սահմանին ուրկէ անցնիլը», ըսաւ ան։

Բաց աստի, Արմէն Գրիգորեան բացատրեց, որ Հայաստան Ռուսաստանին առաջարկած է Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանէն եւ Ատրպէյճանի հետ սահմանէն հեռացնել իր սահմանապահները։ Մոսկուա ընդունած է Երեւանի այս առաջարկը։ Ռուսական կողմը հետաքրքրուած է նաեւ Հայաստան-Իրան եւ Հայաստան-Թուրքիա սահմաններու պարագայով։ Արմէն Գրիգորեանի խօսքով՝ հայկական կողմը խնդրած է ռուս սահմանապահները դուրս բերել այն հատուածներէն, ուր անոնց գոյութիւնը բանաւոր համաձայնութեան հիման վրայ եղած է։ Նկատի ունենալով, որ Իրանի եւ Թուրքիոյ սահմաններու պարագան պայմանագրային է՝ հայկական կողմը այս պահուն ռուսական կողմի հետ չի քննարկեր այդ տեղերէն սահմանապահներու դուրսբերման հարցը։

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի վերջին հանդիպումէն վերջ Քրեմլինի աղբիւրները հաղորդած էին, որ Երեւանի խնդրանքով Մոսկուայի սահմանապահները պիտի շարունակեն մնալ Հայաստան-Թուրքիա եւ Հայաստան-Իրան սահմաններու վրայ։ Արմէն Գրիգորեան այս կապակցութեամբ ըսաւ. «Մենք նման խնդրանք չենք ունեցած»։

Ուրբաթ, Մայիս 17, 2024